Տոքթ. Ստեփան Եւ Շահան Եագուպեանները Կը Կատարեն Աննախընթաց Վիրաբուժութիւններ, Կը Մարզեն Տեղացի Բժիշկները
«Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»-ի (Armenia Fund USA) 2018-ի բժշկական առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 22-26 Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, եւ սեպտեմբեր 27-էն հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին` Ստեփանակերտի մէջ միասնաբար իրագործուեցաւ «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»-ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»-ի կողմէ: Ստեփանակերտի առաքելութեան ընթացքին տոքթ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեանները կատարեցին Արցախի պատմութեան մէջ աննախադէպ, ընդհանուր առմամբ 18 վիրաբուժութիւններ` կողք-կողքի աշխատելով տեղացի պաշտօնակիցներու...




















