Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճամբայ Բանանք Մե՛նք

Նոյեմբեր 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ճամբայ` երիտասարդութեան առջեւ:

Ճամբայ` հասարակական պատասխանատուութեան ստանձման առջեւ:

Ճամբայ` նոր մօտեցումներու, նոր լուծումներու, նոր երազներու առջեւ:

Խօսքս կը վերաբերի ամէնէն առաջ մեզի, որ տասնամեակներէ ի վեր պաշտօններ վերցուցած ենք ու տակաւին կը ստանձնենք:

Խօսքս կը վերաբերի ամէ՛ն տեսակի պատասխանատուութիւններու, ամէ՛ն մակարդակի, ամէ՛ն ոլորտի:

Խօսքս կը վերաբերի մեր գաղութին, սփիւռքին, Հայաստանին:

Ճամբայ բանալ` չի՛ նշանակեր երես դարձնել, չի նշանակեր ասպարէզը լքել ու հեռանալ, չի նշանակեր ձեռնածալ նստիլ: Բայց կը նշանակէ հրաժարիլ իր տեղէն, որ ուրիշ մը` երիտասա՛րդ մը գայ զայն գրաւելու, բայց կը նշանակէ նաեւ մնալ անոր կողքին, օգնել, որ եկողը կարենայ իր ստանձնած գործը կատարել, լա՛ւ կատարել, թէկուզ` սխալելով ու սխալէն իր դասերը քաղելով:

Ուրիշ ձեւ չկայ սերնդափոխութեան: Հեզասա՛հ փոփոխութեան: Այլապէս կը յառաջանայ ըմբոստութիւն, անարիւն կամ «թաւշեայ» եւ աւելի հաւանական` արիւնոտ կամ երկաթեայ յեղափոխութիւն, երկուքն ալ` վտանգաւոր ու առլի անսպասելի հետեւանքներով:

Պիտի ըսուի, թէ ինչպէ՞ս կրնաս յեղափոխութեան դէմ խօսիլ, դո՛ւն` յեղափոխական կուսակցութեան մը անդամդ: Այդպէս ըսողը չէ հասկցած ու չի՛ հասկնար կա՛մ զիս, կա՛մ կուսակցութեանս էութիւնը, կա՛մ ալ յեղափոխութեան իմաստը:

Յեղափոխութիւն` այո՛, երբ օտար լուծը պիտի տապալես, յեղափոխութիւն` այո՛, երբ երկիրդ պիտի պաշտպանես, երբ Սարդարապատի պատին առջեւ կը գտնուիս: Եւ հոն կ՛իմաստաւորուի «Մահ կամ ազատութիւն»-ը: Բայց` երբեք, երբ պետականութիւնդ, գաղթօճախդ կամ կազմակերպութիւնդ պիտի բարեփոխես:

Ժողովրդավարութիւնը, որ քաղաքակիրթ ազգի մը նուազագոյն յատկանիշներէն մէկն է, կը պահանջէ նաեւ տեղը զիջելու պատրաստակամութիւն փորձառուին ու վաստակաւորին կողմէ` նուազ փորձառուին եւ տակաւին անվաստակ նորերուն առջեւ, որպէսզի անոնք ալ այդ փորձառութիւնը ձեռք ձգելու եւ վաստակ ունենալու առիթ ունենան:

Յաճախ նկատած ենք, որ նոյն պաշտօններուն վրայ երկար մնալով` մենք դժգոհութիւն ու ափսոսանք յառաջացուցած ենք, եւ երբ ի վերջոյ հեռացած ենք այդ պաշտօնէն, մեր տեղը առնող չենք գտած, չե՛նք պատրաստած, որ գտնենք: Մեր կեցուածքը միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնն է եղած, ինչ որ անկասկած դրական երեւոյթ է, այլեւ` կազմակերպութիւնը մեր փորձառութենէն ու հմտութենէն չզրկելու նախանձախնդրութիւնը, որ նոյնպէս գնահատելի տրամադրութիւն է, եւ այդ այդպէս ըլլալով հանդերձ, այդ կեցուածքը նաեւ թիւր մեկնաբանութիւններու ու ժխտական տպաւորութիւններու առիթ է տուած:

Կ՛ըսուի նաեւ, որ տեղերը չեն տրուիր, այլ կ՛առնուին: Ասիկա կէս ճշմարտութիւն է, կամ երկսայրի սուր է: Ճիշդ է` տեղերը գրաւել «ուզող»-ները պէտք է արժանացած ըլլան այդ տեղերուն, եւ «առնել»-ը, եկէք, ա՛յդ իմաստով հասկնանք, բայց «չեն տրուիր»-ն ալ, եկէք չառնենք որպէս անոնց կառչելու յամառութիւն:

Եթէ մեր ծառայութեան տարիներուն իսկ կրցած ենք շրջապատուիլ աւելի երիտասարդ ուժերով, գործակցիլ անոնց հետ, որպէսզի իրենք ալ սորվին տուեալ պաշտօնին պահանջներն ու հասկնան անոր դժուարութիւնները, գործը հեզասահ անցած է մէկ սերունդէն միւսը, «տալ-առնել»-ու խնդիրն ալ լուծուած է:

Ասիկա պարզ ճշմարտութիւն է գործի ասպարէզին մէջ, ուր յաջող ու երկար կեանք կ՛ունենան այն ընկերութիւնները, որոնց տիրութիւնը հիներէն կ՛անցնի նորերուն, արժանաւո՛ր նորերուն, ի հարկէ:

Այս ճշմարտութեան իրազեկ դարձած են նաեւ այն կազմակերութիւնները, որոնք նոյնիսկ կանոնագիրով ամրագրած են սերնդափոխութեան հարցը` մէկ կողմէ վարչութիւններու անդամներուն կէսը միայն փոխելով ամէն ընտրութեան, միւս կողմէ` սահմանափակելով անընդմէջ անդամակցութեան ժամանակաշրջանը:

Սակայն կանոնագիրները չեն, որոնք կ՛ապահովեն հեզասահ սերնդափոխութիւնը: Պիտի ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր անդամի «ճամբայ բանալու» պատրաստակամութիւնը, դրակա՛ն պատրաստակամութիւնը, տեղը տալով հանդերձ իր օժանդակութենէն ալ չզրկելու իր յաջորդը, այդպիսով ապահովելով շարունակականութիւնը:

Միւս կողմէ` պատրաստ պիտի ըլլանք ընդունելու, որ նորերը մերինէն տարբեր մօտեցումներ, տարբեր գործելակերպեր պիտի ունենան, անշուշտ հետեւելով միութեան մը, կազմակերպութեան մը կամ կառավարութեան մը գերագոյն ժողովներուն կողմէ որդեգրուած ռազմավարութեան, եւ պիտի չվարանինք գնահատելու իրենց իրագործումները, որոնք նոյնպէս կրնան մեր պատկերացումներուն չհամապատասխանել:

Ի վերջոյ, հասարակական գործունէութիւնը միայն նուիրում է ու ծառայութիւն: Ո՛չ վարկ ու պատիւ շահելու միջոց է, ո՛չ ալ անձնական շահեր հետապնդելու դաշտ:

Խրախուսիչը այն է, որ շատեր սկսած են անդրադառնալու այս իրողութեան, ու մեր կազմակերութիւններն ու հաստատութիւնները, այստեղ թէ այլուր, ինքնանորոգման գործընթացի մը մէջ կը թուին ըլլալ: Յուսանք նոյնը` մեր պետականութեան համար:

Ճամբայ բանա՛նք, որ այս գործընթացը ամբողջական յաջողութեամբ պսակուի ամէնուրեք եւ աւանդութեան վերածուի, մեր հասարակական գործունէութեան յարացո՛յցը դառնայ:

 

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Յաւերժական Երուսաղէմ – 6. Մկրտիչ Եպս. Աղաւնունիի Աղաւնետունը

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?