Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Կը Կարծէք, Որ Մեռա՞յ…

Նոյեմբեր 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. Տ.

…Այստեղէն ինչքա՜ն սիրուն է տեսնել հայրենիքը… կանաչազարդ ու դալարագեղ: Ինչքա՜ն սիրուն է տեսնել Արցախը`  հայազգի հերոսներու կողմէ ոսոխէն պաշտպանուած: Տակաւին ինչքա՜ն սիրուն է տեսնել ձեր բոլորը` ձեր առօրեայ վազքին մէջ… հարազատներ սիրելիներ, մայր, հայր, քոյր ու հարազատներ, սակայն ինչո՞ւ կը կարծէք, որ մեռայ…:

Տակաւին կը յիշեմ (ու չկարծէ՛ք հոգիները չեն յիշեր) Մուշեղ Իշխանի այն խօսքերը, որոնք կ’ըսեն. «Բաժանման յուզումները ամէնէն շատ կը ցնցեն մարդկային հոգին, երբ մանաւանդ բաժանումը կը կատարուի սիրուած անձէ մը»: Այո՛, երկնայիններուն համար զարմանալի, սակայն երկրայիններուն համար բնական երեւոյթ մըն է յուզումներն ու հոգեկան ալեկոծումները, սակայն երբեք չկարծէք, որ մեռայ, որովհետեւ մեռնողն ու հեռացողը միա՛յն մարմինս էր եւ ո՛չ հոգիս:

Հոգիիս հայրենասէր զգացումներուն արդիւնքով էր, որ երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2011-ին տուի դաշնակցականի երդումս` մկրտուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 20-ամեակ» սերունդ անունով: Հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012-ին էր… հոգիիս ձայնին ու զգացումներուն անսալով էր, որ իբրեւ ընկերային ծառայող կամաւոր ծառայութեան սկսայ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Հոգիիս պնդումներուն վրայ էր, որ անդամ դարձայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի, հոգիիս պնդումին վրայ էր, որ եղայ ԶՈՄ-ական, եղայ ՀԵՀՈՄ-ական: Հոգիիս զգացումներուն եւ ապրումներուն հիման վրայ է, որ սիրեցի, ապրեցայ ու գործեցի… եւ հիմա միա՛յն մարմինս է, որ հեռացած է եւ նոյն այդ հոգին կը մնայ անմահ` իր յոյզերով, իր երազներով, ձգտումներով ու իղձերով: Հետեւաբար այդ բոլորին համար երբ հոգին է անհրաժեշտը… ինչո՞ւ նեղուիլ մարմնին համար…:

Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ մեռայ… չէ՞ որ մենք մեծցանք հայազգի տիտաններու շունչին տակ… մոռցա՞ք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէր Լեւոն Շանթ.. «Ամենայնշանաւոր մարդէն իսկ մահը անուն մը կը ձգէ միայն, երկու խեղճ բառերու մէջ  ամփոփուած անուն մը: Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին` ատիկա մարդուս գործն է»:

Անմահութիւնը երկուորեակ քոյրն է յաւիտենականութեան, եւ ես այստեղ` երկինքի մէջ սորվեցայ, թէ ո՞րն է անմահն ու յաւիտենականը: Սորվեցայ, որ ազնիւ կեանքը անմահ հետքեր կը թողու պատմութեան սրտին մէջ, ու նոյնիսկ եթէ պատմութիւնը մոռացութեան տայ զինք, այստեղ անտարակոյսօրէն պիտի յիշուի:

Երբեք մի՛ այլայլիք կամ նեղանաք իմ հեռանալէս, սակայն վախցէ՛ք ու տագնապեցէք զիս մեռցնելու վախէն…: Այո՛, ես մեկնեցայ աշխարհէն, սակայն ինծի ապրեցնելն ու մեռցնելը կը մնայ քու ձեռքդ, ու երբեք ապրեցնել ըսելով չկարծե՛ս անունս յիշելը, նկարներս ունենալն է, որ զիս կենդանի պիտի պահէ այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ:  Այս բոլորը փառասիրութեան ու եսասիրութեան մէկ այլ տարբերակն են: Երբեք չկարծէք նկարներս տարածելով, մեծ չափերով տպելով ու ամէնուրեք կախելով հոգիս եւ կամ զիս ուրախացուցած պիտի ըլլաք…

Իմ հոգիս կը սպաննէք…. երբ հայրենասիրութեան զգացումն ու հոգին դուրս հանէք ձեր մէջէն եւ դառնաք օտարամէտ… երբ օտարինը աւելի մեծարէք ու նախընտրէք քան մերը` հայկականը: Կը սպաննէք, երբ հայութեան ցաւը չէ՛ք նկատեր նաեւ ձեր ցաւն ու տառապանքը: Հոգիս կը սպաննէք, երբ հայրենիքը կարիքը ունենայ մեր ուժերուն, մեր ներդրումին, իսկ դուք չվազէ՛ք դէպի սահման… հոգիս կը սպաննուի, երբ հայրենիքս սպաննեն:

Իմ հոգիս կը սպաննէք… երբ մոռնաք բոլոր այն աղքատներն ու հիւանդները, որոնց օգնութեան համար տրամադրած էի ամբողջ կեանքս: Անոնք երբեք մեծահարուստներ դառնալ չեն ուզեր, պարզապէս զուրկ են մարդկային ամէնէն պարզ ու անմիջական անհրաժեշտ կարիքներէն: Կը սպաննուիմ, երբ շարունակէք ապրիլ եսասէր կեանք մը` առաջնորդուած միա՛յն ձեր շահերէն ու հաշիւներէն:

Իմ հոգիս կը սպաննէք… երբ զիրար չներէք, չսիրէք եւ աւելին` հալածէք զիրար: Այստեղ սորվեցայ, որ բարութիւնը լեզու մըն է, որով կրնանք խօսիլ համրերու հետ եւ լսելի դառնալ խուլերուն: Պահ մը փորձէ մոռնալ ուրիշներու ըրածները… որովհետեւ անոնց ժամանակ տրամադրելով դուն ինքդ ո՛չ մէկ բան կրնաս ընել: Մտաւորականներ կ՛ըսեն. «Ժամանակին յարգը գիտցողը երկար կ՛ապրի»:

Հետեւաբար չկարծէ՛ք, որ մեռայ, այլ փորձեցէ՛ք չսպաննել հոգիս, որպէսզի կարենամ իրապէս ապրիլ: Սորվեցայ, որ կեանքի արժէքն ու իմաստը իր երկարութեան մէջ չէ, երիտասարդութեան եւ կամ տարեց ըլլալուն մէջ չէ: Ի՞նչ օգուտ, եթէ ապրէի աւելի քան հարիւր տարի, սակայն այդ հարիւր տարին ըլլար անիմաստ ու անարդիւնաւէտ: Լսեցի ու հետեւեցայ իմ մասիս գրուածներուն ու ըսուածներուն, որոնց կարիքը երբեք չունիմ ես, սակայն մտածեցի, վա՜յ այն մարդուն, որ իր աշխարհէն բաժնուելէն ետք ո՛չ մէկ դրոշմ կը ձգէ մարդոց հոգիներուն ու սրտերուն մէջ:

Մեկնումի ու հրաժեշտի խօսքերու կարիքը չեմ զգար, որովհետեւ ձեզ բոլորդ գրկաբաց պիտի ընդունիմ օր մը այստեղ` ուր ես կը գտնուիմ, միասնաբար ապրելու յաւիտենականին մէջ: Արդ, ինչո՞ւ կը նեղուիք… երբ գիտէինք, թէ ժամանակաւորը մի՛շտ ալ պիտի մնայ ժամանակաւոր ու անցողակի… հետեւաբար ապրեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս պիտի ապրէիք ձեր կեանքին վերջին օրը: Ներեցէ՛ք, սիրեցէ՛ք ու օգնեցէ՛ք իրար, որովհետեւ կրնայ գործուած սխալի մը համար ներողութիւն հայցելու ժամանակ իսկ չգտնուի:

Հիմա արդէն առաքեալին նման կրնամ ըսել, որ ես իմ «բարի պատերազմս պատերազմեցայ», հասայ աւարտին, ուր նոր սկիզբ պիտի ըլլայ, սակայն դուն տակաւին ունիս ժամանակ ու ճանապարհորդութիւն: Տկար կամք ունեցողները յարմար առիթներու կը սպասեն: Զօրաւոր կամքերը զանոնք կը ստեղծեն. հետեւաբար ստեղծագործը եղիր առիթներուն: Համոզուէ, որ հոսանուտ է արտաքինը, եւ մնայուն ու յաւիտենական` հոգեկանը, հետեւաբար հոգիով սիրէ՛, հոգիով օգնէ՛ եւ հոգիով ու հոգեպէ՛ս ապրէ:

Հիմա արդէն կարգն է քու պատերազմիդ…:

Սիրով` Ք. Օգնայեան

 

 

 

Նախորդը

Երկինքին Մէջ Կրակ Կայ, Քրիստափո՛ր

Յաջորդը

«Հարսանիք Թիկունքում»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?