ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Դասընկերներ St Grégoire-ի
Հաւաքուեցանք մենք whats App-ի
Խումբի մը մէջ անքակտելի`
Ֆրանսայէն, Լիբանանէն,
Ամերիկա, Պելճիքայէն,
Երկրագունդի քաղաքներէն,
Զրուցեցինք երկար ատեն
Դպրոցական յիշատակներ:
Վերապրեցան յոյժ անհամբեր
Վաղուց մոռցուած հին նկարներ`
Ուսուցիչին, աշակերտին,
ՀԱՅՐ Սահակին, մեր դպրոցին,
Կարծես անոնք պատրաստ էին
Ուսումնական վերամուտին`
Քառասունչորս տարուան առթիւ
Բաժանումի տարեդարձին:
Դասընկերներ St Grégoire-ի
Հաւատարիմ մնացին ուխտին,
Մեր Հայկազուն կեանքի ուղին
Որոշեցին քալել միասին:
Լիբանան
1/11/2018