Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Դժուարութիւններ` Վերականգնումի Սեմին
Սուրիոյ հայ համայնքը վերականգնումի սեմին կը դիմագրաւէ այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը նոյնքան կարեւոր է համայնքը պահելու եւ վերաշխուժացնելու համար, որքան` վերակառուցումը: Ներկայիս գլուխ կը ցցեն յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը կը յամենայ առաւելաբար ծրագրերու բացակայութեան պատճառով: Ընկերային գետնի վրայ, հայութեան թիւին նուազումին հետ, նկատելի են քանի մը երեւոյթներ: Առաջինը` ոչ հայ աշակերտներ հայկական կարգ մը վարժարաններէ ներս ընդունուելով,...

















