Անդրադարձ

Ակնարկ. Մի-ա-ցում

Ակնարկ. Մի-ա-ցում

Համահայկական 7-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան նախօրէին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին Արցախի` Հայաստանի միացումին մասին թէ՛ Արցախի նախագահին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ճառերուն մէջ հնչեցին ուշագրաւ բանաձեւեր, որոնք հասկնալիօրէն վերածուեցան ամէնէն շատ լուսարձակ խլած առանցքներուն, ընդգծուած բազմաթիւ ուղղութիւններ ներառած խօսքերուն մէջ: Միացումին մասին կատարուած յայտարարութիւններու բաժինները փորձենք պարունակի մէջ ներառուած մէջբերել` կարելի առաւելագոյն ձեւով առարկայական գնահատական տալու համար...

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան  36-ամեակի Ոգեկոչում

Լիզպոնի Գործողութեան 36-ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Այնճարի Մէջ

ՀՅԴ  ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ  Լիզպոնի գործողութեան 36-ամեակի ոգեկոչում` «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մակի Քենտիրճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ ոտնահարուած իրաւունքներուն ի խնդիր 36 տարի առաջ, 27 յուլիսին, պայքարի ու վրէժի ոգիով ներշնչուած հինգ երիտասարդներ յանդուգն եւ...

Այնճարի Ժամացոյցին Պատմութիւնը

Այնճարի Ժամացոյցին Պատմութիւնը

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Ժամանակը բանալին է կեանքին, եւ  կեանքը կ՛իմաստաւորուի բարի գործերով: Արդեօ՞ք կրնանք աւելիով իմաստաւորել զայն` մեր շրջապատը սիրելով: Երբ ժամանակը դանդաղած էր Մուսա Լերան կարիքաւոր գաղթականներուն համար, որոնք երկարամեայ հալածանքներէ ետք հաստատուած էին Այնճար` նոր կեանք մը սկզբնաւորելու,  պայքարելով սովի, համաճարակներուն եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններու դէմ, ահա միսիոնարուհի մը ոտք կը դնէ Այնճար: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1947-ին, քոյր...

1994.- Ծաղկած Խրամատներ – Գ.

1994.- Ծաղկած Խրամատներ – Գ.

Օրագիրը խմբագրեց ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԸ Աղջիկը հիւսում է երկար մազերը եւ սրտատրոփ սպասում` փեսայի գալուն: Մի քանի ժամից ճերմակ զգեստ կը հագնի: Պատերազմ եւ հարսանիք. այդ օրերին ամէն բան համատեղելի էր: Մայրը օրհնում է աղջկան: Հարսանքաւորներն ուշանում են: Մէկը հեւիհեւ ու գլխիկոր լուր է բերում. «Զոհուել է…»: 1994թ. Արցախ Չգիտեմ` դո՞ւք էլ էք նկատել, թէ՞ չէ, բայց պատերազմի տարիներից մեզ հասած...

Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա, Միացեալ Նահանգներ-Իրան. Կա՞ն Արդեօք Նմանութիւններ

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Պրոքսի Դիմակայութիւն. Ինչպէս Պէտք Է Վարուի Հայաստանը

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Alikonline-ի պատասխանատու-խմբագիր Իրան-Միացեալ Նահանգներ պրոքսի դիմակայութեան վերընթաց կորագծով զարգացումը որոշակի բարդութիւններ է ստեղծել կողմերի հետ յարաբերութիւններ պահպանող երկրների, այդ թւում` Հայաստանի համար: Անկախացումից ի վեր Հայաստանը մշտապէս փորձել է խորացնել Իրանի հետ բարեկամական, գործընկերային յարաբերութիւնները, որոնք ձգտում են ռազմավարականի: Զուգահեռաբար, Հայաստանը փորձել է սերտ, ինչ-որ տեղ գործընկերային յարաբերութիւններ ձեւաւորել եւ ընդլայնել նաեւ Միացեալ Նահանգների հետ: Գաղտնիք չէ, որ...

Ակնարկ.  Իտլիպն Ու Արեւելեան Եփրատը` Պարանաձգութեան Երկու Կողմերը

Ակնարկ. Իտլիպն Ու Արեւելեան Եփրատը` Պարանաձգութեան Երկու Կողմերը

Զինուորական ներխուժման մասին պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելով` Անգարան կ՛ուզէ համոզում ստեղծել, որ Եփրատէն արեւելք գտնուող հատուածին մէջ վճռած է ստեղծել անվտանգութեան գօտի: Խօսքը բնականաբար Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ թրքական բացարձակ վերահսկողութիւն հաստատելու մասին է, ինչ որ կ՛ենթադրէ այդտեղի քրտական զինեալ ուժերու հեռացումը: Անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գործնական աշխատանքները կը ձգձգուին. պարզ է տրամաբանութիւնը. Եփրատէն դէպի Արեւելք հատուածին վերահսկող քրտական զինեալ ուժերուն կ՛աջակցին ամերիկեան...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար. Ո՞վ Մատը Պիտի Դնէ Ոճիրին Բուն Պատճառին Վրայ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կիրակի, 4 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս ցնցումի ենթարկուեցան ահաւոր ոճիրի մը պատճառով. Թեքսասի Էլ Փասօ քաղաքը, մանրամասնելով` անոր մէկ գերվաճառատունը, բեմ դարձաւ արիւնալի դէպքի մը, որ խլեց առնուազն 20 զոհ, պատճառեց 26 կամ 40 վիրաւոր, ահ ու սարսափի մատնեց բազմահազար գնորդներ ու իր արձագանգները տարածեց աշխարհով մէկ: Մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան ժամ առ ժամ, յետմիջօրէին յստակ դարձաւ, որ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Իտլիպի Թնճուկը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Իտլիպի Թնճուկը

Կը թուի, թէ Իտլիպի ազատագրումը, սուրիական տագնապի աւարտական փուլին, շատ մը հարցերու լուծման պիտի առաջնորդէ: Այս իսկ պատճառով ազատագրումը այնքան ալ կախեալ չէ կողմէ մը, որքան` տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն հետապնդած նպատակներէն: Թուրքիան Իտլիպի հարցով մէկ կողմէն կը փորձէ արձագանգել ռուսական կողմին յորդորներուն` լուռ մնալով ռուսական օդանաւերուն Իտլիպի զինեալներուն ուղղուած յարձակումներուն ի տես եւ խոստանալով իրագործել Սոչիի պայմանագրութիւնը: Միւս կողմէ`...

1994. Ծաղկած Խրամատներ – Բ.

1994. Ծաղկած Խրամատներ – Բ.

Օրագիրը խմբագրեց` ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԸ Շտապ օգնութեան մեքենան կանգ առաւ գիւղամիջում: Մայրը երեխային ասաց. «Մի տես` էն ի՞նչ մեքենայ է»: Երեխան վազեց եւ յետ եկաւ, սարսափած նայեց մօր աչքերին ու ասաց. «Մա՛մ, ես լսեցի, մեքենայի մէջ պապային են բերել... սպաննուած»: 1994թ. Արցախ Շարունակում եմ ընթերցողին ներկայացնել ազատամարտիկի յուշագրութիւնը, եւ եթէ դու, ընթերցո՛ղ, տեսել ես պատերազմը, ուրեմն դու էլ ես սրտով զգում...

Մեկենասներ` Ծանօթ, Անծանօթ

Նոր Գիւղի Տանիքները

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Անցեալ դարու կէսերուն ու կէսէն բաւական ետք ալ Նոր Գիւղի մէջ բազմայարկ շէնքեր գրեթէ չկային. բոլոր տուները ընդհանրապէս երկյարկանի, բակով տուներ էին, որոնց տանիքները իրարու կպած, հարթակ մը  ստեղծած էին: Անոր վրայէն կարելի էր դիւրութեամբ մէկ տանիքէն միւսը անցնիլ, նոյնիսկ եթէ անոնք ցանկապատուած ըլլային: Ամրան, երբ գիշերները հեղձուցիչ կը դառնային ու սենեակներուն մէջ քնանալը անկարելի կ’ըլլար, մասնաւորաբար` ելեկտրական...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

150-Ամեակ. Երուանդ Օտեան, Որ «Եկած Էր Խնդացնելու, Բայց Արտասուեց…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Հալէպի մէջ որբանոց ինկած «մանկութիւն չունեցող» Անդրանիկ Ծառուկեան սրտառուչ յուշ մը ունի Երուանդ Օտեանի մասին. կը պատմէ, որ ընդհանրապէս անբարեյոյս վիճակի մատնուած որբերուն հոգածութիւնը յանձն առած ուսուցիչներ օր մը աւետած են, թէ հայ նշանաւոր գրող մը իրենց այցելութեան պիտի գայ, հաւաստած են, որ որբերը շատ ուրախ պահ մը պիտի ունենան, որովհետեւ իր զուարճալի պատմութիւններով զիրենք...

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Հավրէզք Մինչեւ 1935-ի վերջը Հաւրէզքը բարգաւաճ ու եռուն կեանք ունեցաւ: Շնորհիւ կառավարութեան նիւթական օգնութեան` դարմանատուն եւ վճարովի դեղագործ ունեցաւ, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի արաբական բաժնի համար երկու արաբ ուսուցիչներ նշանակուեցան: Այսպէս, Հաւրէզքը այլեւս եւրոպական գիւղ դարձած էր` իր եկեղեցիով, դպրոցով, կարգ ու կանոնով եւ վար ու ցանքով, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ այլազգ անձնաւորութիւններու խոստովանութիւններով: Բնակչութիւնը հասաւ մինչեւ 450...

«Որբացած» Գիրքեր Ընթերցող Կը Փնտռեն

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ցաւալին այն է, որ կօշիկներ ցուցափեղկերու ետին կը ծախուին, իսկ գիրքեր` մայթերու վրայ: ՈՒԻԱՄ ՈՒԱՀԱՊ (Լիբանանցի նախկին նախարար) «Թուիթըր»-եան, այսպէս ըսած, ճռուողիւն մըն է վերեւ յիշատակուածը, որ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց: Լրագրողի մը այն հարցումին, ուղղուած նախարարին, թէ ինչո՞ւ նման գրառում կատարած է, լիբանանցի նախարարը անսեթեւեթ խօսքով կը պատասխանէ. «Միթէ մեր իրականութեան պարզած վիճակը այս չէ՞»: Զանց առնելով թեր...

1994. Ծաղկած Խրամատներ – Ա.

1994. Ծաղկած Խրամատներ – Ա.

Օրագիրը խմբագրեց` ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԸ «Հազիւ վեց տարեկան տղան հօր հետ քայլելիս հարցնում է. -Պա՛պ, եթէ բոլորը մեռնում են, ախր ինչո՞ւ ենք ծնուել... 1994թ. Արցախ» Եւ ահա ձեռքիս է  ազատամարտիկի օրագիրը: Նա ինձանից մեծ է 18 տարով, բայց ես նրան ընկեր եմ համարում, որովհետեւ ազնիւ մարդիկ այսօր շատ քիչ են, իսկ այդ քչերի հետ ես աշխատում եմ ընկերութիւն անել: Նրա երիտասարդութիւնը, ինչպէս եւ շատերինը, «ծաղկել է» խրամատներում, բայց նրա համար...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Սեբաստացի Մուրատ (Խրիմեան, 1874-1918). ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Շարժ­ման Դիւ­ցազ­նա­կան Ֆե­տա­յին

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Օ­գոս­տոս 4ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք հե­րո­սա­կան նա­հա­տա­կու­թեան հա­րիւ­րմէկա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի ծնունդ­նե­րէն ան­մահն Սե­բաս­տա­ցի ­Մու­րա­տի։ Մու­րատ զո­հո­ւե­ցաւ թրքա­կան զօր­քի ար­շա­ւան­քին դէմ ­Պա­քո­ւի հա­յու­թեան մղած ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­հեղ կռո­ւի ըն­թաց­քին, ճիշդ այն պա­հուն, երբ հե­րո­սա­բար կրցած էր ճեղ­քել թշնա­մի բա­նա­կին պա­շար­ման օ­ղա­կը եւ յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­վել հայ­կա­կան զօր­քին։ Ար­դա­րեւ, 4 Օ­գոս­տոս 1918ին, դար մը ա­ռաջ, Պա­քո­ւի հա­յու­թիւ­նը կե­նաց-մա­հու կռիւ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար. Աչքերնիդ Լո՜յս…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ... Ծնողներ, որ կը ցանկաք ձեր զաւակներուն փայլուն ապագայ, նիւթական բարօր վիճակ եւ անոնց հետ եկող բոլոր բարիքները ապահովել: Ձեր պատանի ու երիտասարդ զաւակները հիմա դիւրին հարստանալու միջոց մը ունին. համակարգչային խաղերը: Վստահ եմ` լսեցիք, որ քանի մը օր առաջ, շաբաթավերջին, քանի մը պատանիներ եւ երիտասարդներ 3, 1,5, 1,2 եւ նման գումարներ շահեցան նման խաղերու մրցումի մը մասնակցելով....

«Պիտի Շարունակեմ Ապրիլ»

«Պիտի Շարունակեմ Ապրիլ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Կիպրոսի յատկանշական երեւոյթներէն մէկը իր ճաշարաններն են: Զանոնք կարելի է նկատել երկրի ազգային-մշակութային պատկերներէն,  եւ որոնք կը կոչուին «թաւերնա»: Այս «թաւերնա»-ները կը յատկանշուին իրենց «պարզ» տեսքով, ուր չկան գերարդիական եւ վերջին ծայր նորոյթ սարքաւորում: Անոնք գեղջկական նկարագիր ունեցող ճաշարաններ են, որոնք քեզ կը դնեն երկրին իսկական ընկերային-մշակութային մթնոլորտին մէջ: Այս «թաւերնա»-ներէն մին, ուր յաճախ կ՛այցելեմ, երբ Կիպրոս...

Ամէն Տարի Այս Օրերուն…

«Սփիւռք» Կոչուած Անհեթեթութեան Լինելութիւնը Վախճանական Նպատակ Մը Ունի՞, Կրնա՞յ Ունենալ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մարդ էակին համար արմատախիլ ըլլալ` զրկանք է, որ վաղ թէ ուշ կը մթագնէ անոր հոգիի պայծառութիւնը: Փապլօ Ներուտա, բանաստեղծ Նոպէլեան դափնեկիր, Չիլի Խնդիրներ Կան Եւ Խնդիր Ունինք Առաջին անգամը չէ, որ կը խօսիմ մեր քաղաքակիրթ, յառաջադէմ, մարդկային իրաւանց ճառերու եւ գիտական մեծ նուաճումներու դարուն մարդկութեան դէմ գործուող հաւաքական ոճիրներու մասին: Պատերազմներով, տնտեսական անյագուրդ տենչերով եւ անտարբերութեամբ տեղահան կ’ըլլան...

Մօտ 100-ամեայ Թարգմանչուհին Թարգմանել Է 1000-ամեայ Տաղերը, Նարեկացու Տաղերն` Արդէն Ռուսերէն

Մօտ 100-ամեայ Թարգմանչուհին Թարգմանել Է 1000-ամեայ Տաղերը, Նարեկացու Տաղերն` Արդէն Ռուսերէն

Անցնել 20-րդ դարի փորձութիւնների միջով, տեսնել Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի սարսափները: Բայց պահպանել լուսաւորի ձգտումն ու լոյսը: Միայն ուժեղ անհատներին է դա տրուած: Քչերին: Ընտրեալներին: ԱՐՄԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, «Սփութնիք Արմենիա» Կեանքի 100-րդ տարին բոլորող գիտնական Մարգարիտա Դարբինեան-Մելիքեանը այդ ընտրեալներից է, ում հայրենակիցը լինելն արդէն իսկ հպարտանալու առիթ է: Մարգարիտա Դարբինեան-Մելիքեան «Լսի՛, գիտե՞ս` Գրիգոր Նարեկացու տաղերն առաջին անգամ ռուսերէն են թարգմանուել: Թարգմանիչը, աւելի...

Սելֆիական Լրագրողներ,  Սելֆիական Ղեկավարներ  Եւ Սելֆիական Բեմասէրներ

Սելֆիական Լրագրողներ, Սելֆիական Ղեկավարներ Եւ Սելֆիական Բեմասէրներ

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Կեդրոնականցի Արմենակին հետ, իր թաղի եկեղեցիի Ս. պատարագէն ետք, ուրիշ հաւատացեալներու հետ, սրճարան գացինք, բաժակ մը օղիով տօնելու մեր մեղքերէն սրբուած ըլլալու մեր ուրախութիւնը: Երեւելի պարոն Պահատուր Տաղտեվիրէնեան շողոմ խօսքերով բարեւեց մեզ, շնորհակալութիւն յայտնեց Արմենակին, որ զիրենք պատուած էր իր ներկայութեամբ: Երբ առանձին մնացինք, հարցուցի. - Դեռ չկծուած նոր բարեկամնե՞ր ունիս: Եւ Արմենակ պատմեց. - Այս Տաղտեվիրէնեանը...

Page 433 of 807 1 … 432 433 434 … 807

Արխիւներ