Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ո՞վ Մատը Պիտի Դնէ Ոճիրին Բուն Պատճառին Վրայ…

Օգոստոս 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 4 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս ցնցումի ենթարկուեցան ահաւոր ոճիրի մը պատճառով. Թեքսասի Էլ Փասօ քաղաքը, մանրամասնելով` անոր մէկ գերվաճառատունը, բեմ դարձաւ արիւնալի դէպքի մը, որ խլեց առնուազն 20 զոհ, պատճառեց 26 կամ 40 վիրաւոր, ահ ու սարսափի մատնեց բազմահազար գնորդներ ու իր արձագանգները տարածեց աշխարհով մէկ:

Մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան ժամ առ ժամ, յետմիջօրէին յստակ դարձաւ, որ ոճրագործը անցեալ շաբաթ 21-րդ տարեդարձը տօնած երիտասարդ մըն է, յետոյ սկսան հոսիլ այլ տեղեկութիւններ ու մեկնաբանութիւններ. ան Էլ Փասոյէն չէ, այլ Թեքսասի մէկ այլ` Էլըն քաղաքէն, յայտնապէս անհաւասարակշիռ մըն է, այս արարքին դիմած կրնայ ըլլալ օտարականներու կամ թխամորթներու հանդէպ ատելութեան զգացումներէ մղուած, զոհերուն մէջ կան 2-էն 83 տարեկան անմեղ գնորդներ: Ոստիկանութիւնն ու ապահովութեան սպասարկութիւններ դէպքին վայրը հասած են առաջին կրակոցէն 6 վայրկեան ետք, քննութիւնները կը ծաւալին տարբեր ուղղութիւններով` «ստուգելու համար, թէ արարքը պէտք է դասել ատելութեա՞ն ոճիրներու ցանկին, թէ՞ զայն նկատել ահաբեկչութիւն»:

… Որոշ ժամանակ տրամադրեցի` հետեւելու դէպքին եւ բացուած քննութիւններուն զարգացումներուն: Ոստիկան պատասխանատու մը, կառավարիչն ու ներկայացուցչական այլ դէմքեր մամլոյ ասուլիս մըն ալ տուին, արդարօրէն ցաւ ու զայրոյթ արտայայտեցին` անվերապահօրէն դատապարտելով արարքն ու ոճրագործը: Անկեղծ յուզումը ակներեւ էր: Նախագահէն սկսեալ մինչեւ թեկնածուներ ու պետական անձնաւորութիւններ միացան ցաւի ու դատապարտանքի արտայայտութեանց: Ո՛չ մէկուն արտայայտութեան անկեղծութիւնը կասկածի տակ առնելու պատճառ ունիմ: Լրատու աղբիւրներ ալ ցասումով յիշատակեցին, որ սա հաւաքական սպանդի երրորդ արարքն էր մէկ շաբթուան ժամանակամիջոցին, իսկ 249-րդը` տարեսկիզբէն ի վեր:

Եւ… սպասեցի. սպասեցի, որ մարդիկ քիչ մըն ալ խօսին նման ոճիրներու բուն պատճառին, անոնց մղում տուող «աներեւոյթ» դրդապատճառներո՛ւն մասին: Օրինակ` ըսեն, որ նման արարքներ ուղղակի կամ անուղղակի քաջալերանք կը ստանան զէնքերու վաճառքը թոյլատրող օրէնքներու, պետական այս կամ այն «խելամիտ» պատասխանատուին «հայրենասիրական» արտայայտութիւններուն, տակաւի՛ն, մանուկին ու պատանիին մէջ նման հոգեվիճակներ ցանող ու աճեցնող ժապաւէններու, համակարգչային խաղերու եւ հազար ու մէկ այլ աղբիւրներու պատճառով: Նման ախտաճանաչումներ, գոնէ` դէպքին յաջորդող քանի մը ժամերուն, մեծ բացական էին լրատու-քարոզչական բեմերէն: Հա՛, արդար ըլլալու համար պէտք է ընդունիմ, որ զէնքի մասին խօսք եղաւ. ըսուեցաւ, որ ոճրագործ երիտասարդը գործածած է կիսաինքնագործ գնդացիր մը, յայտնի չէ, թէ ան ինչպէ՛ս ձեռք բերած է զէնքը, սակայն ոչ մէկ խօսք` թէ նման զէնքեր ինչո՞ւ պէտք է ազատօրէն վաճառուին, մինչեւ իսկ` արտօնագիրով: Իսկ դուք վերջերս բացուող ընտրապայքարի բեմէն շօշափելի քննարկում լսեցի՞ք այս տագնապին մասին:

Բարեկամի մը հետ հեռաձայնային խօսակցութեան մը պահուն ակնարկութիւն ըրի զէնքերու գրեթէ անարգել վաճառքի ցաւալի իրականութեան մասին. «Արգիլուած նիւթ է. Էն. Ար. Էյ.ը` Հրացաններու ազգային ընկերակցութիւնը, լռելեայն արգելք դրած է այս ու նման հարցերու արծարծման դէմ` պատճառաբանելով, որ պէտք չէ դէմ երթալ սահմանադրական որոշ յօդուածներու» բացատրեց դառնութեամբ:

Այս բոլորէն ետք անպատասխան կը մնայ ՀԱՐՑՈՒՄ մը. ո՞վ է բուն պատասխանատուն նման ոճիրներու…

4 օգոստոս 2019

Յ. Գ. Օհայոյի մէջ քանի մը ժամ ետք արձանագրուած ողբերգութիւնը կը զօրացնէ մեր շեշտադրումը, հոգ չէ թէ սկսան խօսիլ զէնքերու անհակակշիռ վիճակին մասին…

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Իտլիպի Թնճուկը

Յաջորդը

Հերի Մակուայըր Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?