Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Իտլիպի Թնճուկը

Օգոստոս 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը թուի, թէ Իտլիպի ազատագրումը, սուրիական տագնապի աւարտական փուլին, շատ մը հարցերու լուծման պիտի առաջնորդէ: Այս իսկ պատճառով ազատագրումը այնքան ալ կախեալ չէ կողմէ մը, որքան` տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն հետապնդած նպատակներէն:

Թուրքիան Իտլիպի հարցով մէկ կողմէն կը փորձէ արձագանգել ռուսական կողմին յորդորներուն` լուռ մնալով ռուսական օդանաւերուն Իտլիպի զինեալներուն ուղղուած յարձակումներուն ի տես եւ խոստանալով իրագործել Սոչիի պայմանագրութիւնը: Միւս կողմէ` ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու` մերթ զօրակցելով զինեալ ահաբեկիչներուն, մերթ քրտական գործօնի տկարացման պատրուակով Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ աւելի քան 80.000 զինուոր տեղակայելով, պատեհ առիթին Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուորական մեծ գործողութեան մը ձեռնարկելու հեռանկարով:

Իսկ ինչպիսի՞ լծակներ կ’օգտագործեն Միացեալ Նահանգները: Միացեալ Նահանգներու Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, այսպէս կոչուած, ապահովական գօտի յառաջացնելու Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան ձգձգումը կը պարզէ ռուս-թրքական մերձեցումը անվստահելի զարգացում համարելու Միացեալ Նահանգներու կողմնորոշումը եւ քրտական խաղաքարտը չկորսնցնելու վերջինիս հեռանկարը: Ռուսիոյ կողմէ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ մատակարարումը եւս բնականաբար անպատիժ պիտի չմնայ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ: Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ իրենց ազդեցութիւնը պահելու համար առաւելաբար կը վստահին իրենց քիւրտ համախոհներուն` միեւնոյն ատեն համաձայնութեան եզրեր որոնելով Ռուսիոյ հետ: Վերլուծաբաններ կը հաստատեն, որ Իտլիպի ազատագրման պարագային, Միացեալ Նահանգներու մտավախութիւնը սուրիական բանակին Սուրիոյ արեւելեան շրջաններու ազատագրման ուղղուելու հաւանականութիւնն է առաւելաբար: Հետեւաբար Իտլիպի ազատագրման ուշացումը ձեռնտու է Միացեալ Նահանգներուն:

Այնուամենայնիւ, մարդկային զոհերն ու օգտագործուող գաղթականները ամէնէն ողբալի պատկերը կը կազմեն այս հարցին: Թուրքիա վերջին շրջանին սկսած է օգտագործել նաեւ սուրիացի գաղթականները: Սուրիացի գաղթականներ բռնի կերպով Իտլիպ ուղղելով` թրքական իշխանութիւնները Իտլիպի դէմ յարձակման մարդկային գործօնը լաւագոյնս կ’օգտագործեն, եւ տեղւոյն ահաբեկչական խմբաւորումներուն կը նպաստեն` բացառելով անոնց դէմ զինուորական գործողութիւնները:

Թրքական այս դաւադրութեան զոհ չդառնալու համար Թուրքիա ապաստանած սուրիացի գաղթականներ կը նախընտրեն սուրիական բանակին հսկողութեան տակ գտնուող Քեսապի անցքէն Սուրիա վերադառնալ: Այս ալ հաւանաբար կը բացատրէ Քեսապի յարակից գիւղերուն ուղղութեամբ ահաբեկչական թրքամէտ խմբաւորումներուն մերթ ընդ մերթ կատարած հրթիռակոծումները:

Վերոյիշեալ ազդեցիկ կողմերու միջամտութիւններուն կողքին, Իտլիպի ազատագրումը կ’ուշանայ քանի մը հանգամանքներու բերումով: Առաջինը մարդկային զոհերու պատճառ չդառնալու եւ բանակցութիւններու ճամբով Իտլիպը ազատագրելու սուրիական բանակին նախազգուշութիւնն է: Երկրորդը զինեալ ահաբեկիչներուն կողմէ տեղւոյն բնակչութիւնը որպէս վահան օգտագործելու կամ քիմիական զէնքեր օգտագործելով` սպանդներ կազմակերպելու եւ սուրիական բանակը մեղադրելու նախկին փորձերուն կրկնութեան հաւանականութիւնն է: Երրորդը թրքական կողմին Իտլիպի բնակչութեան պաշտպան հանդիսանալու կեղծ քարոզչութիւնն ու Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ կուտակած զինուորական ուժերուն շարժումը կանխելու սուրիական բանակին մարտավարութիւնն է:

Այսպիսի կացութիւն ստեղծուած էր նաեւ արեւելեան Հալէպի ազատագրման նախօրէին: Սուրիական բանակը, սակայն, նուազագոյն վնասներով ազատագրեց զայն, այնպէս` ինչպէս ազատագրեց արեւելեան Ղութան:

Իտլիպը Թուրքիոյ վերջին խաղաքարտն է սակայն: Թրքական աղբիւրներու համաձայն, Թուրքիա կը ձգտի Իտլիպը միացնել «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» ծրագիրներուն` իր համախոհներուն վերահսկողութեան տակ պահելու Հալէպ նահանգին պատկանող այս շրջանը եւս:

Այս բոլորին լոյսին տակ Սուրիա նախ կը վերահաստատէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ամերիկեան որեւէ փոխհասկացողութեան, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողի եւ ժողովուրդի միութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն բացայայտ ոտնահարում կը համարուի, միւս կողմէ կը լծուի` սուրիական գրաւեալ տարածքներու ազատագրումին, խաղաղ բնակչութեան ուղղուած հրթիռակոծումներուն կեդրոնները ոչնչացնելու եւ երկրի գրաւեալ տարածքները քայլ առ քայլ ազատագրելով Իտլիպ հասնելու:

Սուրիական բանակին համբերութիւնը օգտագործողները Հալէպի եւ Ղութայի օրինակները աչքի առջեւ պէտք է ունենան անպայման:

«Գ.»

Նախորդը

1994. Ծաղկած Խրամատներ – Բ.

Յաջորդը

Նշմար. Ո՞վ Մատը Պիտի Դնէ Ոճիրին Բուն Պատճառին Վրայ…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?