Անդրադարձ. Վերջալոյսը Յետաձգելու Փորձեր
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի 18 օգոստոսին բուռն կերպով քննադատեց «ամերիկացի պաշտօնատարներու Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու հարցին շուրջ յայտարարութիւններն ու համաձայնութիւնները», զանոնք նկատեց «սադրիչ եւ մտահոգիչ» եւ աւելցուց, որ այդ գօտիին ստեղծումը «պիտի քայքայէ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ կը նկատուի Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն»: «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ամերիկացիներուն վարմունքը Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողերու...



















