Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խեղաթիւրել Պատմութիւնը` Ազրպէյճանցիներուն Մասնագիտութիւնն Է

Օգոստոս 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ազրպէյճանի պետութեան ստեղծման եւ ապա ազրպէյճանցիներու ցեղային կազմաւորման մասին Պաքուի իշխանութիւններուն քաղաքական պատուէրով ընթացք առած ապատեղեկատուական խուլ արշաւին խարխուլ կառքին լծուած ազրպէյճանցի պատմաբաններուն տրուած լաւ պատասխան մըն է Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան հիմնարկի ցեղագրութեան փրոՖեսէօր, ընկերաբան Էնթընի Տէյվիտ ՍթեՖըն Սմիթի այն եզրայանգումը, թէ` «Որոշ ազգեր ունին լաւ պահպանուած անցեալ մը, մինչ ուրիշներ ատոր փնտռտուքին մէջն են, որովհետեւ անոնց անցեալը կա՛մ գոյութիւն չունի, կա՛մ ալ կը մնայ քողարկուած` այլ կարեւոր իրադարձութիւններու շղարշին տակ»:

Պատմական Հայաստանի մայր գետէն` Արաքսէն դէպի հիւսիս «Ազրպէյճան» անուանուամբ երկրին ձեւաւորման հոլովոյթը Սմիթի այս եզրայանգման հետ ներդաշնակութիւն մը ունի: Երբ 1918-ին իրարու ետեւէ Կովկասեան լեռներէն հարաւ ինկած շրջանին մէջ, որ այսօր Հարաւային Կովկաս անուանումը ունի, երեք պետութիւններ` Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան, ստեղծուեցան, առաջին երկուքը` Վրաստան եւ Հայաստան, իրենց անուանումներով ունէին դարաւոր անցեալ մը, մինչ երրորդը` Ազրպէյճան, Արաքս գետէն հիւսիս մինչեւ Կասպից ծովու արեւտմեան ափ երկարող նորաստեղծ այս պետութեան անունն ալ երկրին նման նորութիւն մըն էր: Խորքին մէջ նորաստեղծ պետական այս կազմին անունը Պարսկաստանի հիւսիսարեւմտեան, հին ժամանակներէն սկսեալ օգտագործուած Ատրպատական նահանգի պարսկերէնով «Ազրպէյճան» անուան ընդօրինակութիւնն էր:

Հայ ազգի հնագոյն անցեալին եւ ծագումաբանութեան ու իբրեւ ժողովուրդ ձեւաւորման խնդիրներուն մասին պատմագիտական լուրջ աշխատասիրութիւններուն մէջ կայ մէկ եւ ընդհանուր տեսակէտ, որ հայ ժողովուրդը ունի աւելի քան երեք հազար տարուան անցեալ եւ պատմութիւն, մինչդեռ «ազրպէյճանական ազգ»-ի եւ ներկայի Ազրպէյճանի հանրապետութեան տարածքին վրայ գտնուած քաղաքական կազմաւորումներու հոլովոյթը ամբողջութեամբ այլ պատկեր մը ունի պարզապէս այն պատճառով, որ իբրեւ այս անունը կրող աշխարհագրական եւ քաղաքական միաւոր` ստեղծուած է միայն 1918-ին` Ազրպէյճան անունով, իսկ ժողովուրդն ալ ազրպէյճանցի անունը սկսած է կրել միայն 1936-էն ետք, եւ այդ ալ` քաղաքական որոշման մը պատճառով:

Կովկասեան լեռներէն դէպի հարաւ եւ հայկական Արաքս գետէն դէպի հիւսիս գտնուող` ներկայ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը կը ներառէ Կուր գետէն հիւսիս` Կասպից ծովու եւ Վրաստանի միջեւ գտնուող պատմական Կովկասեան Աղուանքը, կամ` Բուն Աղուանքը, ուր կ՛ապրէին Կովկասի աղուանական ցեղերը: Եւ հոս չափազանց կարեւոր է շեշտել, որ այս շրջանին անմիջական սահմանակից էին Մեծ Հայքի Արցախ, Ուտիք եւ Փայտակարան երկրամասերը:

Խորքին մէջ Կովկասեան լեռներէն դէպի հարաւարեւելեան շրջանները երկարող տարածքներուն մեծ մասը տասնհինգերորդ դարէն սկսեալ հիմնովին անցան Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ, եւ նոյն տարածքներուն մէջ հետագային ստեղծուեցան մահմետական խանութիւններ, որոնց դէմ դրին եւ կիսանկախ դրութեան մը մէջ գոյատեւեցին Արցախի հայ մելիքութիւնները` Վարանդա, Դիզակ, Ջրաբերդ, Գիւլիստան եւ Խաչէն: Նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլալ կարեւոր հանգամանքի մը. տասնմէկերորդ եւ տասներկուերրորդ դարերէն սկսեալ Աղուանքը` իբրեւ երկիր, իսկ աղուանները` իբրեւ միասնական ժողովուրդ, այլեւս չեն յիշատակուիր բոլոր աղբիւրներուն եւ քարտէսներուն մէջ, եւ եթէ որոշ պարագաներու հայկական աղբիւրներու մէջ կը յիշատակուի Աղուանք անունը, ապա ատիկա կը վերագրուի Արցախին եւ Ուտիքին:

Ազրպէյճանական ճիգերը` սեփական հնադարեան պատմութիւն մը ունենալու, վերածուած է պատմագիտական ահաւոր խեղաթիւրումներու հիմամբ արտառոց տեսութիւններով լեցուն պատմութիւն մը գրելու ազրպէյճանական մոլուցքի մը, որ քաղաքական պատուէր է: Ճիգ մը, որ ընկերաբաններու նկատողութենէն եւ ուշադրութենէն չի վրիպիր, յատկապէս երբ հարցը տեղացի բնիկին կացութեան եւ պատմութեան ուղղուած սլաքներ կը պարունակէ: Ազրպէյճանական ազգի մը դիմագծի, էութեան եւ պատմութեան կեղծ ու ստապատիր տեսութիւնները մեր օրերուն զիրար կը խաչաձեւեն եւ յաճախ զիրար հակասող տեղեկութիւններ ալ կը պարունակեն, որովհետեւ,  դարձեալ ընկերաբանական տեսանկիւնէ, խնդիրը աւելի տագնապ մըն է, մանաւանդ երբ ճիգը «անպայման եւ ամէն գնով սեփական հազարամեայ պատմութիւն մը ունենալու մարմաջն է»:

Ազրպէյճանցիներու անունը, երկրամասին աշխարհագրական կազմաւորումը եւ տրուած անունը, ապա «ազրպէյճաներէն»-ի ինքնուրոյն լեզու մը ըլլալու տարօրինակ փաստարկները անշուշտ որ պատմական ոչ մէկ վիճաբանութեան եւ հակատեսութեան կը դիմանան, եւ ասիկա առաջին հերթին Պաքուի իշխանաւորները գիտեն: Կը մնայ քիչ մը ժամանակ տրամադրել եւ առաւել խորանալ պատմագիտական բովանդակութեամբ գրասէր լայն հանրութեան համար գրուած աշխատասիրութիւններու մէջ, որպէսզի պատկերը առաւել յստականայ մեզի համար: Այնպիսի ժամանակի մը, երբ համազգային պայքար ունինք մղելիք` հայկական Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ապահովման տեսլականով:

 

Նախորդը

Երբ Արցախը Կրկին Դառնում Է Ղարաբաղ

Յաջորդը

«Ապրեցէք Ծառայութեան Կեանք»

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?