Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծայրայեղութեան Վնասները
ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Քաղաքական, կրօնական, տնտեսական եւ ցեղային ծայրայեղութիւններուն նպատակը ընդհանրապէս եղած է ժողովուրդի մը արժանիքներու եւ օրէնքներու, նաեւ ժողովրդավարական ու համաշխարհային մարդոց իրաւունքներու դէմ պայքարի գաղափարաբանութեան կերտում, որոնք մեծ մասամբ կ՛ունենան բռնի եւ քանդիչ հետեւանք: Ծայրայեղութիւնը ծնունդ կ՛առնէ կեանքի կամ նիւթական արժէքներու պակասի, կորուստի կամ վիրաւորանքի պատճառով, որ շատ անգամ կրնայ առաջնորդել դէպի անձնասպանութիւն եւ մարդասպանութիւն: Տնտեսագէտ Ռոնալտ Ուինթրոպը ըսած...


















