Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամայրը

Օգոստոս 15, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ.Ա.Օ.

Աշխարհի մէջ ե՞րբ լսուած է, որ կին մը կամ մայր մը զԱստուած ծնի, երբե՛ք. մարդ արարած միայն մեղանչական մարդ կը ծնի, իսկ քրիստոնէական եկեղեցւոյ թագուհին` երկնքի պարգեւն է մարդկութեան:

Սուրբ Կոյս Մարիամ հրաշք մըն է իսկական, մարդկային պատմութեան ամէնէն մեծագոյն հրաշքը:

Մարիամ Աստուածածինը Աստուծոյ արքայութեան  կայքն ու տաճարը հանդիսացող Քրիստոսի եկեղեցիին խորանին բազմած թագուհին է եւ արդարօրէն գրաւած է այդ գերագոյն պաշտամունքի  բարձրութիւնը, որ երբեւիցէ երկրաւոր արարած չէ հասած այդ վեհութեան:

Աստուածամայրը երկինքէն չիջաւ` որպէս ոգեղէն հրեշտակ, թէպէտ ան երկինքի մէջ հրեշտակներէն ալ վեր է. ան կենդանի ներկայութիւն եւ սրբազան սիրոյ յարգանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է քրիստոնէութեան  եւ մարդկութեան սրտին մէջ:

Մարիամ` սրբազան այս անունը հրաւէր դպրոց մը եղաւ քսան դարերէ ի վեր այնքան սերունդներու կիներու եւ մարդոց, մանաւանդ` հայ մայրերուն, որոնք իրենց բնութեամբ եղան փնտռողը պարկեշտութեան, համեստութեան, խոնարհութեան, բարութեան եւ ցանկացին  սրբութեան իմաստութիւնը անոր օրինակին:

Աշխարհը եւ մարդկային ցեղը իրարու հակասող բնութիւններ են, որոնք ստեղծագործութեան առաջին պահէն սկսեալ պայքարի, խռովութեան, բարւոյ ու չարի, անիմանալի հակադրութեան պատերազմի  մէջ են. երկիրը պատերազմի դաշտ է, մինչ մարդկութիւնը կը  կը փնտռէ գերմարդկային եւ գերերկրային ցանկալի վայր, ուր կեանքը  ըլլայ երանութիւն:

Աստուածամայրը մարդկային ցեղի աշխարհի բոլոր սերունդներուն փրկարար երանութեան օրինակն է` եւ ցանկալի կեանքի պատկերը:

Անկասկած երկրաւոր կեանքը լի է բազմախառն տիպարներով, բնութիւններով, խառնուածքներով, եւ անոնց մէջ Աստուածամայր դարձած Կոյս Մարիամ, Հրէաստանի Նազարէթ քաղաքին մէջ, տարբերեցաւ ամբողջ մարդկութեան տիպարներէն եւ ներկայացաւ թէպէտ մարմնի մէջ, սակայն եղաւ ոգեղէն անձնաւորութիւն, հողեղէն ծնունդ, բայց` հոգեղէն ներկայութիւն մը, այնքան բիւրեղ, լուսաւոր բնութիւն, որ ճաճանչեց  քսան դարեր եւ կը ճաճանչէ դեռ երկրի վրայ եւ երկնքի մէջ եւ իր լոյսը կը սփռէ, կը լուսաւորէ անհամար մարդոց, որոնք կը ցանկան հասնիլ եւ նմանիլ իրեն եւ կը սեւեռեն իրենց թախանձագին ակնարկները սրբութեան իր պատկերին:

Աստուածամօր սէրն ու լոյսը անցաւ երկիրն ու հասաւ երկինքի անհասանելի ոլորտները եւ նախանձը շարժեց տիեզերքի արարիչին, որ իջաւ գրկելու այդ սրբութեան  հոգեղէն օրինակ անձը,  որ առաջին ստեղծուած մարդու անկումէն սկսեալ երբեք չէր գտնուած այնպիսի սրբութեան կատարելութիւն մը, որ անգամ Աստուած ցանկաց դառնալ իրեն նման, իր օրինակով մարդ:

Այս գնահատումները բանաստեղծական թռիչքներ չեն, այլ` կենդանի վկայութիւն, մանաւանդ այսօր, երբ աշխարհը լի է իր ճամբէն մոլորած մարդկութեամբ, որ երկիրն անգամ կը քաշէ ու կը տանի դէպի խորխորատները եւ անիմանալի անդունդները կործանման:

Օգոստոսի այսօրը հայոց Նաւասարդեան ամանոր է նաեւ, Հայ եկեղեցւոյ զաւակները կը հաւաքուին  երկնային լուսեղէն մայր Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին`վանքի իր պատկերին առաջ տօնախմբելու բերքի խորհրդանիշ դարձած հայոց քաղցրահամ խաղողի օրհնութեամբ:

Երկիրն ու մարդկութիւնը անկասկած կարիքն ունին առաջնորդող մենտորներու: Մեր ցեղի զաւակները ամէն ժամանակներէն վեր անցնող հարիւրամեայ մահու կենաց պայքարի վերիվայրումներէն յաղթանակեցին, սակայն  նոր ժամանակներու ալիքներէն  քշուող սայթաքման վտանգին դիմաց կանգնած են, պէտք է վերագտնեն մեր նախահայրերու աննենգ ու ջինջ բնութիւնը եւ դառնան  իսկական արի զաւակները Հայ եկեղեցւոյ, որ նոր այս ժամանակներուն անհետաձգելի անհրաժեշտութիւնն է:

Մայրե՛ր, հա՛յ մայրեր մնացէք ձեր սրբութեան ու մայրական երկնային բնութեան առաքելութեանը մէջ, դարձէք մեր նոր սերունդներու սահանքը արգելակող ու նոր օրերու մեր անդիմագիծ այլակերպումը զսպող հերոսուհիները, Աստուածամօր շնորհքէն կայծ մը տուէք ձեր զաւակներուն եւ մեր քրիստոնեայ նախնիներու հաւատքէն` շունչ ու ոգի:

Տօնել Վերափոխման տօնը, պատուել մարդկային ցեղին վեհ դիմագիծ պարգեւող Աստուածամայրը` կը պահանջէ նաեւ շահիլ գերագոյն սրբուհիին սէրն ու գուրգուրանքը, եւ երբ իր բարեխօսութիւնը  հայցենք, այսօր եւ միշտ, որպէս դեղը կրթութեան եւ դաստիարակութեան իր օրինակի դպրոցէն, որ էր եւ է փրկութիւն. մարդկային ցեղի  ոգեղէն արթնութիւնը հայցենք եւ մեր սերունդներուն դարձը Հայ եկեղեցի  եւ ազգային արթնութիւն:

Մարդ  կը ցանկայ տեսնել լոյս աստուածներէն: Մայրե՛ր, երախտապարտ սրտի գոհութեամբ, այսօր եկէք հայոց վանքի այս բարձունքը` որոնելու գեղեցկագոյն տիպարը մարդ արարածին եւ մենտորը հայ մայրերուն, որ կենդանի իր հրաշագործ բարեխօսութեամբ, կը սփոփէ, կը մխիթարէ բազում սրտեր, կը սրբէ արցունքներ, կը բժշկէ, կը վերականգնէ ընտանիքներ, քանի ան մայրն է բոլոր մայրերուն եւ գիրկը` գուրգուրանքի եւ սիրոյ սրբութեան:

Այո՛, այսօր տօնն է հայ մայրերուն եւ Աստուածամայր Ս. կոյս Մարիամի: Մարդկային ցեղերու եւ ժողովուրդներուն մէջ հազիւ թէ գտնես ժողովուրդ մը, որ իր բնութեան հանգոյն ծոցէն ստեղծած ըլլայ չաստուածուհի, առաքինի եւ քաջ մայրական օրինակ, ինչպիսին էր Անահիտը` հայոց դիցարանի թագուհին, քաջութեան պարկեշտութեան ընտանիքի պահպանութեան  խորհրդանիշը, որ շուտով իր պանթէոնը յանձնեց Աստուածամօր Սուրբ Մարիամի, որ եղաւ խորան սրբութեան եւ յաւերժ գուրգուրոտ հայոց մայրը` հաւատոյ եւ աստուածպաշտութեան սիրտը:

Պահենք հայուն դարաւոր աննենգ բնութիւնը, քալենք հայոց սրբազան խորաններու հարազատ ուղիէն, ցանկանք ամենասրբուհի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի բարեխօսութիւնը` գթառատ մօր անսակարկ սէրն ու աղօթքը. այո՛, այս է իսկական իրաւ մեր օճախի ուղին, դպրոցը` հայ սերունդներուն:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Արեւելումի Հարցը

Յաջորդը

Ս. Աստուածածնայ Օրինակով Ապաւինիլ Եւ Ընդունիլ Աստուծոյ Որոշումները

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?