Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի բազմաբնոյթ աշխատանքները բնականաբար որոշ բարոյական եւ զօրակցական մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Սակայն պահանջները եւ դիմումները այդքան շատ են եւ արդարացի, որ բնականաբար դժգոհներ կան:
Նոր թափով սննդեղէն պատրաստելու մէջ ենք: Արդէն 3000 կտրօն եւ ծրար բաժնուեցան, գալիք շաբաթներուն առաջնորդարանի եւ Շտապի կողմէ պիտի բաժնուին 2000 տուփեր, Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններէն` մօտաւորապէս 4000 սնտուկ: Ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ տրամադրուելիք 400.000 լ. ոսկի արժողութեամբ օգնութեան ցանկերու ստուգումը կը կատարուի: Դեղորայքի եւ բժշկական խնամքի համար կեդրոնները կը շարունակեն աշխատիլ, Աղբալեանի, Ազատամարտի կեդրոններէն անկախ Ֆանարի մէջ ալ դարմանատուն պիտի սկսի գործել: Շաբաթը 800 պնակ տաք ճաշ կը բաժնուի, եւ հիւանդանոցներու հետ կապեր հաստատած ենք, ունինք թէ՛ քննութիւններու, եւ թէ ալ վարակուածներ ընդունելու դիւրութիւններ:
Հաւանաբար տակաւին աւելիին կարիքը կայ: Սակայն պէտք է գիտնանք, որ այս անգամ դուրսէն օժանդակութիւններ չունինք: Դուրսն ալ տագնապի մէջ է: Ուրեմն մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք, որպէսզի ոտքի մնանք:
Մենք կրկնակի տագնապ ունինք` «Քորոնա»-ն եւ տնտեսական ճգնաժամը: Տակաւին «Քորոնա»-էն ետք ալ ոտքի մնալու եւ շարունակելու կամքը պէտք է ամրացնենք:
Պարտաւոր ենք ծառայել: Պիտի լսենք քննադատութիւններ: Տագնապը աւելի պիտի սաստկանայ եւ ընկերային, տնտեսական ու օրը օրին ապրելու դժուարութիւններ պիտի ունենանք:
Սակայն այս օրերուն ամէնէն զօրաւոր ուժը մեր միասնութիւնն է: Առանձին չզգալու, բոլորին հասնելու, դժգոհութիւններ լսելու եւ լուծումներ գտնելու պարտաւորութիւնը մեր ուսերուն է: Դուք պէտք է զօրաւոր մնաք:
Մենք պարտականութիւն չէ, որ կ՛ընենք: Ոչ ալ քաղաքական ընտրական կէտեր կը հաւաքենք: Մենք մեր պարտաւորութիւնը կ՛ընենք եւ մեր ժողովուրդին կը յանձնենք իր արժեւորումը տալը:
Մեր ճիգն է` բոլորին հասնիլ, աւելի կազմակերպ ըլլալ, օժանդակել, օգնել, դժուարութիւններուն յարմար լուծումներ գտնել: Կրնան պահանջները շատնալ, ակնկալիքները ծով ըլլալ: Բայց վստահ եղէք, որ ինչ որ կարելի է եւ ինչ որ պէտք է արդէն կը կատարուի, եւ աւելի ընելու յանձնառութիւնն ալ մեր ուսերուն է: Մենք առանձին չենք, կը գործենք մեր աշխատանքին թափ տուող բարերարներով եւ ամէնէն կարեւորը` բոլորս առողջ եւ ապահով ցամաք հասնելու հեռանկարով:


