Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յիշելով Ջիւանին…

April 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարող ամերիկեան խմբակին պետը՝ Տաքթըր Ֆաուչի, հաստատեց իրականութիւն մը, որ ամերիկացիք ու աշխարհը շաբաթներէ ի վեր գիտէին. «Եթէ վարակին դէմ աւելի կանուխ շարժէինք, այսքան զոհ չէինք տար…»:

Ֆաուչիի սլաքը միայն նախագահ Թրամփի եւ իր անատակ ու համբակ գործակիցներուն չէ ուղղուած, այլ աշխարհի բոլոր երկիրներու այն վարիչներուն, որոնք շաբաթներ ու ամիսներ շարունակ անտարբեր կանգնեցան եւ այլ հաշիւներ հետապնդեցին, արհամարհելով ոչ-անտեսելին: Հազուադէպ էին պետական այն պատասխանատուները, որոնք կանուխէն կամ կարճ ուշացումով ճիշդ շարժեցան, իրենց երկիրներուն խնայելով շա՜տ աւելի ողբերգական պայմաններ: Այդ երկիրներուն շարքին են Հարաւային Քորէա, Տանըմարքա, մինչեւ իսկ նոյնինքն Չինաստան, Լիբանան ու Հայաստան:

Աշխարհը ցնցող ու երկրէ երկիր ահազանգի արձագանգներ տարածող պատուհասը, որ ո՛չ սահման, ո՛չ գաղափարաբանութիւն, ո՛չ ալ ցեղային կամ կրօնական խտրութիւն կը դնէ իր զոհերուն միջեւ, պիտի պարտուի ի վերջոյ, եւ նախանշանները սկսած են ի յայտ գալ հոս-հոն: Երկուշաբթի, 13 Ապրիլին, Գերմանիոյ իշխանութիւնները յայտնեցին, որ գիտութեան մարդիկը արդէն խորհուրդ կու տան, թէ ե՞րբ եւ ինչպիսի՞ զգուշաւորութեամբ կրնան առնուիլ բնականոն կեանքի վերադառնալու առաջին քայլերը: Սպանիոյ մէջ, հանրային փոխադրամիջոցներուն հսկող տարազաւորներ ճամբորդողներուն ձրիաբար դիմակ կը բաժնէին: Տարբեր երկիրներու մէջ, ի շարս որոնց՝ Հայաստանի, ճամբաներու վրայ գործի լծուած են հականեխիչ դեղեր սփռողներ: Սակայն ամէնէն ազդու կանխարգիլումը՝ արդէն փաստուած է, որ ՉՎՐԱՐԿՈՒԻԼՆ ու ՉՎԱՐԱԿԵԼՆ է, այսինքն,  հաւաքական վայրերու մէջ դիմակ կրելը, անձերու միջեւ տարածութիւն պահելը եւ նման կանխարգելող միջոցներ, որոնց մասին բժիշկներ, գիտուն մարդիկ կը քարոզեն մօտաւորապէս երեք ամիսէ ի վեր, սակայն համապատասխան ընդառաջում սկսան գտնել միայն այն ատեն, երբ կացութիւնը արդէն սկսած էր դառնալ աղէտալի, իսկ չհիմնաւորուած ամբաստանութիւններն ու «գիւտեր» այլապէս կը մտրակահարէին ահ ու սարսափի մթնոլորտը:

Ինչ որ կը լսենք, կը կարդանք՝ մեզ պէտք է համոզէ, որ աղէտին թափը սկսած է կոտրուիլ, պայմանաւ որ մարդիկ՝ զանգուածներ շարունակեն հետեւիլ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ու ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ձայնին: Ըսուածներէն կարելի է հետեւցնել, որ վարակուողներու թիւը յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն պիտի սկսի քայլ առ քայլ նահանջ արձանագրել, դարմանուողներուն թիւը յաւելում պիտի արձանագրէ, իսկ զոհերուն թիւն ալ բնականաբար պիտի նուազի: Այս տրամաբանութեան հիմը այն է, որ անձի մը վարակուած ըլլալը ի յայտ կու գայ առաւելագոյնն 10-15 օրէն, ապաքինումն ալ կը տեւէ մօտաւորապէս նոյնքան (անշուշտ եթէ վարակակիրը չ’իյնար անբախտ զոհերու ցանկին մէջ): Նորագոյն տուեալներով, ապաքինողներուն համեմատութիւնը արդէն անցած է 20 առ հարիւրը…: Այլ խօսքով, եթէ զանգուածները անսան գիտութեան մարդոց թելադրանքներուն, վարակը նահանջէ այլ ճամբայ չունի: Իսկ եթէ պատահի, որ դեղ ու պատուաստ ալ հնարուին, արդէն յառաջիկայի վատ հաւանականութիւնները ի սկզբանէ նահանջի մատնուած կ’ըլլան: Նոյնքան կարեւոր է այն, որ պետական պատասխանատուներ ճիշդ ուղի թելադրեն զանգուածներուն, իրենց տեսողութեան դաշտերը չսահմանափակեն տնտեսական հաշիւներով (բնականաբար կարելի չէ արհամարհել տնտեսական ու, անոր կապուած՝ ընկերային երեսները, սակայն ի՛նչ որ ալ ըլլան հաշիւները, մարդոց կեանքերուն փրկութիւնը նախապատիւ առաջնահերթութիւն է անկասկած):

…Մեր իմաստուն աշուղը՝ Ջիւանի, հաւանաբար միտքէն չէր անցուցած, որ  իր՝ «Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ’երթան» երգը, առածի կարգ անցած իմաստութիւնը, օր մը տարբեր հնչեղութեամբ պիտի հասնէր մարդոց: Սա զգացական եւ չափազանցեալ լաւատեսութիւն պէտք չէ նկատել, այլ դէպքերու ԲՆԱԿԱՆ զարգացումին ելքը, մի՛շտ յուսալով, որ անբնական արարածներ՝ վերի կամ վարի արտերէն, պատճառ չըլլան բնական ընթացքին խափանման կամ դանդաղումին…

13 Ապրիլ 2020

 

Նախորդը

Ռոպոթացում

Յաջորդը

Վիշտերու Տէրը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.