Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ «Քորոնա» Ժահրը` 21-րդ Դարու Նորագոյն Պատուհասը

April 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿ ՊԱՒՈՒԿԵԱՆ

«Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ
Առաջին անգամ` իբրեւ ողբերգութիւն,
Իսկ երկրորդ անգամ` իբրեւ զաւեշտ»:

ՔԱՐԼ ՄԱՐՔՍ

 

Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ Մարքսի այս տողերը ի՞նչ առնչութիւն ունին «Քորոնա» ժահրին հետ: Յստակացնեմ միտքս եւ խօսիմ օրինակներով:

Պատմութեան վաղ օրերէն ի վեր աշխարհն ու մարդկութիւնը ապրած են շարք մը փուլեր, որոնք կը նկատուին սարսափելի, հետեւաբար` ահ ու դողի մատնած են աշխարհը: Իսկ աւելի ուշ, 20-րդ դարուն, գիտնականներ ըրած են այնպիսի գիւտեր, որոնց շնորհիւ իրապէս 20-րդ դարը կոչուած է գիտութեան դար:

Հռոմէական կայսրութիւնը ապրած է փառքի օրեր, սակայն հետագային անկում արձանագրած է եւ անցած պատմութեան: Մեծն Տիգրանի թագաւորութեան ժամանակ հայութիւնը նոյնպէս հասած է իր գագաթնակէտին եւ նուաճած` Միջին Արեւելքը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած իր բարձունքին վրայ մնալ:

* * *

19-րդ դարու մեր կարկառուն բանաստեղծներէն` Պետրոս Դուրեան, զոհ գացած է թոքախտի հիւանդութեան, երբ հազիւ 21 գարուններ բոլորած էր: Նաեւ այլ բանաստեղծներ դարձեալ թոքախտի զոհ գացին: Բայց 20-րդ դարու գերմանացի գիտնական եւ մանրէաբան Քոխ հնարած է թոքախտի դէմ պատուաստը, եւ փրկած միլիոնաւոր մարդոց կեանքը: Հիմա թոքախտը դարձած է խաղալիք եւ չքացած:

Ֆրանսացի գիտնական Լուի Փասթէօր հնարած է կատաղութեան դէմ պատուաստը, իսկ ռուս գիտնական Մանտելիեւ մշակած է արեան խմբաւորումները (Ա. փոզիթիւ, Պէ. փոզիթիւ…): Աշխարհը երախտապարտ է այս եւ այլ գիտնականներու, որոնք բոլորն ալ իրենց բնագաւառներուն մէջ աշխատած են եւ բարիք բերած մարդկութեան:

Եւ ահա 21-րդ դարու ներկայ գիտութեան սրընթաց վերելքին մէջ ի յայտ եկաւ «Քորոնա» կոչուած ժահրը, որ խլեց ու տակաւին կը խլէ բազմահազար մարդոց կեանքը: Չինաստանի Ուհան քաղաքէն ծնունդ առած եւ ամբողջ աշխարհը կլանած ժահրին դէմ գիտութիւնը անզօր է, եւ մինչեւ հիմա ոչ մէկ գիտնական կրցած է զայն հակակշիռի տակ առնել:

Աջակողմեան եւ ձախակողմեան հակումներով երկիրներ` քաղաքականութիւնը մէկդի դնելով, իրարու օգնութեան հասան: Երեւակայեցէք պահ մը Միացեալ Նահանգներ օգնութիւն առաջարկեցին Իրանին, սակայն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մերժեց: Ռուսիա իր կարգին` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութիւն առաքեց Միացեալ Նահանգներուն:

* * *

Օրեր առաջ, երբ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն երեկոյեան լուրերը կը դիտէի, տեսայ, որ Իտալիոյ մէջ լացակումած իտալացիներ արցունքոտ աչքերով եւ ջղային վիճակով իրենց մեռելները կը թաղէին: Եւ ոչ միայն Իտալիոյ մէջ:

Վստահաբար գիտութիւնը պիտի յաղթահարէ նաեւ ա՛յս խոչընդոտը եւ համայն մարդկութիւնը պիտի փրկէ «Քորոնա» կոչուած ժահրի ճիրաններէն:

Այս անգամ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ իբրեւ ողբերգութիւն:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Նախագահը Կառավարութիւն Կազմելու Լիազօրութիւնը Փոխանցեց Քնեսեթին

Յաջորդը

Սլաք. Ընդդէմ Նորօրեայ Ոճրագործներու…

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.