Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (4)
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Արաբերէնը մեծ բացական էր մեր դպրոցներուն մէջ եւս, ուր միայն սկզբունքով գոյութիւն ունէր ան: Այս «սկզբունքով»-ը ըսելու խաբուսիկ ձեւ մըն է, որ որեւէ իմաստ եւ բովանդակութիւն չունէր: Դասացուցակին վրայ նշանակուած էր ան՝ ճիշդ է, դասագիրք մըն ալ ունէինք մեր պայուսակներուն մէջ՝ ա՛յդ ալ ճիշդ է, սակայն այս բոլորին իմաստը չէինք ըմբռներ: Մեզմէ առաջ այդ իմաստը չէին ըմբռներ իրենք՝...




















