ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Մայրիներու շուքին տակ,
Բարակ աղջիկ մը խանդոտ, կը վազվռտէ հերարձակ.
Նորափթիթ հոգւոյն մէջ`
Կոկոններ վառ, դողդողուն
Ու երազնե՜ր փողփողուն:
Ծովուն կապոյտէն գինով`
Կ՛օրօրուի սիրտը անյագ, արծաթին մէջ ալիքի:
Երիցուկներ ափին մէջ`
Թերթ առ թերթ շաղ կու տայ անվրդով,
Անուրջները հիւսելով:
Ապրի՜մ-չապրիմ, ապրի՜մ…
Կը սիրէ՜-չի՜ սիրեր, կը սիրէ՜…
Կը խպնի ինքնիրեն. մինչ փոքրիկ քոյրը
Կակուղ թաթիկներով` իր չորս դին`
Երիցուկներ կը ժողվէ հեշտագին:
Ժամանակի թաւալումին հետ`
Կը սահին երկինք ու երկիր.
Գոգնոց, աւազ, խաղ ու երգ, պար ու գիր`
Մերթ աչխփուկ, մերթ պահուըտուք մինչեւ լոյս
Մինչ երկնասլաց ղօղանջներ, արեւ ու յո՜յս:
Այժմ, յոգնած աչքերը փակ, ովկիաններ անդին`
Խաժամուժի խօլութեան մէջ անմեկին
Իր մանկութեան հոգեհատոր յուշերը կը գգուէ.
Մինչ մայրիներու սօսափիւնը հոգւոյն մէջ կը յածի,
Կը բարձրանան կոկորդն ի վեր արծաթները ալիքի…:
Մայրիներու շուքին տակ, կոկոններ կան շողշողուն
Ու երազնե՜ր փողփողուն:
Քանատա


