ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ
Ա. Մեծամասնութեանց Մասին
«Կանգնում են էստեղ եւ փորձում են մեզ էլի նորից համոզել, որ քաղաքական գնահատականը տուել է ժողովուրդը` տալով քուէն». ասիկա մէջբերում է հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ունեցած 22 մայիս 2013-ին ելոյթէն:
Օրին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը քննադատէր կառավարութեան ընթացքը, որ շատ դժուար կացութիւն կը յառաջացնէր ժողովուրդին համար: Իշխող եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները «ժողովուրդ»-ի եւ «քուէներու մեծամասնութեան» պատասխանը կու տային: Վաղամեռիկ մեր ընկերը նոյն ելոյթին մէջ ժողովրդային քուէ եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն առաջ նետողներուն անհասկնալի մարգարէացումով կը զգուշացնէր, որ կու գայ օր, երբ անոնք մէկ ձայն իսկ չեն ստանար. «Եւ ձեզ այնքան կը ծեծեն դալաններում, որ դուք ո՛չ միայն Ազգային ժողով չէք գայ, այլ` կ՛արտագաղթէք»:
Ելոյթի արձանագրութեան մէջ լսելի են դահլիճին մէջ բարձրացող քրքիջները: Նախագահութիւն, խորհրդարան, կառավարութիւն եւ պետական համակարգ ամուր բռնած հանրապետականները ծիծաղելի կը գտնէին այդ անհաւանականութիւնը:
Բայց ուղիղ հինգ տարի ետք այդ մարգարէութիւնը իրականացած էր, եւ նոյն այդ հանրապետականները ծեծկռտուքէ ազատելու ճամբայ կը փնտռէին:
Այսօր քուէները, խորհրդարանական մեծամասնութիւնն ու կառավարութիւնը ձե՛րն են, պրն. Փաշինեա՛ն: Դժբախտաբար, որդեգրած էք յաջողութեամբ գինովնալու եւ բոլոր միւսները արհամարհելու, անտեսելու, հալածելու հանրապետական ոճը ու մեզ կ՛ամբաստանէք, թէ անոնց գործակիցներն են:
Մեր հանգուցեալ ընկերոջ խրատ-զգուշացումը ի զօրու է նաեւ ձեզի: Յաւերժական մեծամասնութիւն գոյութիւն չունի:
Բ. Միասնութեան Մասին
«Բայց դուք հասկանում էք, որ իրականութիւնը դա չի, որ մենք գտնւում ենք ծայրագոյն դժուար վիճակում, լինելութեան սահմանի վրայ (…) ու այս երկիրը կարելի է փրկել միայն միասին (…) համագործակցութիւնը մեծամասնութիւնը պատկերացնում է այսպէս.- դուք մեզ մի՛ քննադատէք, որ մենք կարենանք ամէն ինչ անենք, բայց համագործակցութիւնը էդպէս չի լինում»:
Մի՛ զարմանաք. այս խօսքը ՀՅ Դաշնակցութեան անունով հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը կ՛ուղղէր Հանրապետական կուսակցութեան, խորհրդարանական մեծամասնութեան ու կառավարութեան:
Ի՞նչ կը կարծէք, պրն. Փաշինեան, պէտք չէ՞ր քննադատել քուէներու եւ խորհրդարանի մեծամասնութիւնն ու կառավարութիւնը, յանուն միասնութեան: Պէտք չէ՞ր բարձրաձայնել անոնց սխալները, որոնք տնտեսական ու ընկերային ծանր վիճակ ստեղծած էին, եւ լուրջ քայլեր չէին առներ զանոնք մեղմելու:
Օրին, դո՛ւք` պրն. Փաշինեան, համաձայն չէիք եւ նոյնպէս կը քննադատէիք մեծամասնութեան ու կառավարութեան սխալները, եւ անոր մէջ չէիք տեսներ դաւաճանութիւն կամ ազգային միասնութեան խախտում:
Մենք նոյն դաշնակցականներն ենք, պրն. Փաշինեան, նոյն մարդիկը, որոնք հայրենիքին ու ժողովուրդին համար վնասակար կամ սխալ ընթացքը կը քննադատէին: Ատոր համար կը քննադատենք «Քորոնա» ժահրէ վարակումի օրական չորս պարագան երկու ամիսէն օրական 800-ի բարձրացուցած սխալները:
Բայց դուք նոյնը չէք, պրն. Փաշինեան:
Դուք, որ անցեալին կը քննադատէիք սխալը, ցոյց տալով անոր պատճառած վնասը, դուք այսօր կը կրկնէք հանրապետականներուն, ձեր տապալած հանրապետական մեծամասնութեան նոյն յանկերգը, թէ երկիրն ու ժողովուրդը փրկելու համար միասնութիւն պէտք է, իսկ միասնութիւն կամ համագործակցութիւն կը նշանակէ չքննադատել:
Բայց, մեզի՛ համար, ինչպէս նախկին վարչախաւի օրօք, նոյնպէս այսօր, երկրին համար վնասակար քաղաքականութիւնը չքննադատել չ՛ըլլար, սրբագրելու կոչ ուղղել չ՛ըլլար:
Մեր հանգուցեալ ընկերը նախկին վարչախաւին բացատրեց, թէ ճիշդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ երկիրը միասնաբար փրկելու համագործակցութիւնը: Անոնք մերժեցին լսել:
Տրուած ըլլալով, որ կը գործէք նոյն ձեւով եւ նոյն տրամաբանութեամբ, հարկ է ձեզի ալ ուղղել նոյն խրատը:



