ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Քորոնա» ժահրի ժամանակաշրջանին հանրութիւնը տեղեկացաւ վարակուած անձին թոքերը փոխարինող գործիքի մը մասին, որ հիւանդին կենսական թթուածինը կը ներարկէ:
Նորոք հանգուցեալ Ներւրիկ Ազատեանը հանդիսացաւ Ժընեւի հայ գաղութին հայեցի դաստիարակութիւն ներարկող գործիքը՝ աւելի քան քառասուն տարիներ:
Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք եւ բարեսէր զուիցերիացիներու շնորհիւ աշխարհասփիւռ որբերէն շուրջ երկու հարիւրը հատատուած են Ժընեւ եւ կորիզը կազմած հայ գաղութին: Տասնիններորդ դարու աւարտին եւ քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ուսանողներ հասած են Զուիցերիա: Անոնցմէ ոմանք 1987-ին կը հիմնեն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ կը հրատարակեն ՀՆՉԱԿ պաշտօնաթերթը: Ժընեւի մէջ 1891-ին կը սկսի լոյս տեսնել ՀՅԴ-ի օրկան «ԴՐՕՇԱԿ»-ը: Պընեէնի մէջ հիմնուած է Հայ դպրոցը, որուն տպարանէն լոյս տեսած է նաեւ մատենաշար մը:
Վերջին յիսնամեակին Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն եւ միջինարեւելեան երկիրներու քաղաքական տագնապներէն ու Թուրքիոյ շրջաններէն պանդխտացած հայեր մէկտեղուած են Ժընեւ եւ այլ քաղաքներ: Հայաստանի անկախութենէն ետք, վերջին երեսնամեակին, պատկառելի թիւ կը կազմեն նաեւ արտագաղթած հայրենակիցներ:
Այս է խճանկարը զուիցերահայ գաղութին, որ այժմ կը նեկայացնէ թեմական կարգավիճակ:
Ժընեւը Եւրոպայի սրտին վրայ խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու, տնտեսական ապահովութեան եւ քաղաքական հանգոյցներ քակելու ոստան մըն է, հոս ապրող հայութեան հովանին Հայ կեդրոնն է, ուր Ս. Յակոբ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կողքին կը գործէ Թօփալեան միօրեայ վարժարանը, Զուիցերահայ միութիւնը՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Թօփալեան հիմնադրամները:
Հայրենամերձ Պարսկաստանի մայրաքաղաք՝ Թեհրանի մէջ, 1950 թուականին ծնած Սեդրակ եւ Օմելիա Շահնազարեաններու դուստը՝ Նեւրիկ Ազատեանը, Քուշէշ Մարիամեան վարժարանը աւարտելէ ետք, յաճախած է Ճանպազեանի պալէի դպրոցը: 1972-ին Գրիգոր (Կոկո) Ազատեանի հետ ընտանիք կազմած ու անդրանիկ զաւակին Կարէնին հետ, 1976 թուականին Զուիցերիա հաստատուած, հետագային բախտաւորուած են Կարինէով:
Երիտասարդ ամոլը, ամուսինը մասնագիտութեամբ հաշուապահ, նաեւ տաղանդաւոր երգիչ, իրենց բնակավայրէն՝ Լոզանէն մէկ ժամ հեռաւորութեամբ Ժընեւի նորակառոյց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, ծորած են իրենց մշակութասէր խառնուածքը՝ 1981-ին հիմը դնելով պարախումբի մը, եօթը տարբեր տարիքներով անդամներով սկսելով. անոնք 1998-ին հաստատուած են Ժընեւ ու մինչեւ 2006 նուիրուած այս գործին, մինչ անդամներուն թիւը հասած է 48-ի, հոն յաճախած են պատանիներ եւ երիտասարդներ, գէթ պարարուեստի միջոցաւ առիթ ունենալով ճանչնալու հայ մշակոյթը, շաբաթական քանի մը ժամեր ապրելով հայախօս միջավայրի մէջ: Պարախումբը, որ «Սանահին» կոչուած է, կը գոյատեւէ ցայսօր:
Ազատեան զոյգը ծառայած է նաեւ եկեղեցւոյ, Նեւրիկը իբրեւ Տիկնանց յանձնախումբի անդամ, Գրիգորն ալ որպէս մեներգող:
1990-ին, երբ հիմնուած էր Թօփալեան միօրեայ վարժարանը, Նեւրիկը եղած է այդ կրթարանին առաջին ուսուցիչը, որ հայեցի դաստիարակութիւն մատուցած է օտար զեփիւռներու ազդեցութեան տակ գտնուող նորահաս սերունդին: Որպէս աւագ դաստիարակ՝ տարեկան երկու առիթներով՝ Ամանորին ու կրթական տարեվերջին կազմակերպած է դպրոցական հանդէսներ։ Այսօր անոր ուսանողներն ու պարախումբի անդամները յուզումով կը յիշեն Մաշտոցի այս մեծ երախտաւորը:
2010-ին Ժընեւի միջազգային գիրքի փառատօնին հիւրը Հայաստանն էր, Թօփալեան հիմնարկը, համագործակցաբար Հայաստանի դեսպանատան, ստանձնեց Հայաստանի տաղաւարի կազմակերպումը, հոս նաեւ Նեւրիկ իր ներդրումը ունեցաւ՝ կազմակերպական աշխատանքներուն օժանդակելով: Հայաստան տաղաւարը տարեկան մնայուն ներկայութիւն դարձաւ, իսկ գիրքերու բաժինի պատրաստութիւնը կը վստահուէր իրեն:
Թեհրանի մէջ ապրած ժամանակաշրջանին Նեւրիկին մայրը՝ Օմելիա Շահնազարեանը, բարձրագոյն կարարուեստի դպրոց եւ արհեստանոց ունէր: Այսպիսով մօրը հետ միասնաբար կը կարեն պարային տարազները:
Այս աշխատանքէն ներշնչուած՝ 1994-ին, կը սկսի հաւաքել նախնական գիտելիքներ եւ վաւերաթուղթեր, ձեւաւորել ու կարել հայկական գաւառներու եւ շրջաններու յատուկ տարազներ, որոնք հետագային պիտի դառնային շքեղ ցուցադրութիւն մը Ժընեւ քաղաքի երիտասարդ օրիորդներու եւ տիկիններու կողմէ։ Հայկական տարազներու այս հաւաքածոն Զուիցերիոյ հայաշատ քաղաքներէն բացի շրջած է տարբեր երկիրներ՝ Իտալիա, Ֆրանսա եւ Քանատա՝ հասնելով մինչեւ ակունք՝ հայրենիք:
Նեւրիկ Ազատեանի հեղինակութեամբ, 2006-ին լոյս տեսած է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ալպոմը (104 մեծադիր էջեր), Զուիցերահայ միութեան կողմէ, անոր հիմնադրութեան վաթսունամեակին առիթով՝ 1946-2006: Հոս Նեւրիկ կը ներկայացնէ քսան տարազներ՝ սկսելով Սրբուհի Սանդուխտէն, ապա հայկական շրջաններ՝ Վաղարշապատ, Թալին, Կարս, Սիս, Վան, Սեբաստիա, Կարին, Ակն, Մարաշ, Թիֆլիս, Ախալցխա, Ստեփանակերտ, Շուշի, Ջուղա, Թաւրիզ, Ագուլիս, Զանգեզուր, Ապարան հասնելով Երեւան: Իր ստեղծագործած տարազներու կողքին կը տեսնենք անոնց սկզբնաղբիւրի պատկերը, ընդարձակ տեղեկութիւններ այդ շրջանին մասին՝ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:
Հայ կեդրոնի ընդարձակումը առիթ եղած է, որ հիմը դրուի գրադարանի մը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Նեւրիկ, տարիներու ընթացքին դասաւորած է այս լոյսի կեդրոնը՝ հայատառ եւ հայկական թեմաներով օտարալեզու գիրքերու ընդհանուր քանակը հասցնելով շուրջ հինգ հազար հատորներու։ Ականատես եղած եմ օտար բանասէրներու, որոնք իրենց այցելութիւններուն առիթով վայելած են Նեւրիկին անվերապահ աջակցութիւնը:
Գրադարանը լոկ գիրքերու հաւաքավայր մը չէ, հոն ցուցադրուած են նաեւ մեր արդի պատմութենէն վաւերաթուղթեր, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանէն անցագիրեր, Զուիզերիոյ մէջ Հայ որբերու մասին տեղեկագիրներ: Վերջին երեսնամեակին հայրենի հիւրեր եւ նախագահներ իրենց այցելութիւններու ընթացքին բարձր գնահատած են եւրոպական ոստանի մը մէջ նման գրադարանի մը գոյութիւնը:
Այդտեղ իմ հերթական հանդիպումներուս բախտաւորութիւնը ունեցած եմ Նեւրիկին հետ ապրելու արեւելքի մեր ակումբներու ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտը՝ հասարակաց մտահոգութիւններով եւ գաղափարական համոզումներով, եւ ըմբոշխնած Պարսկահայերու անաղարտ արեւելահայերէնը:
Իր վարքով Նեւրիկը կոչուած էր գործելու սփիւռքի կազմակերպութիւններէն՝ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի որպէս անդամ, սակայն ան ստեղծած էր այդ պատկանելիութեան մթնոլորտը իր շրջապատին մէջ:
Պայմաններու բերումով իրենց երկիրներէն տեղափոխուած հայորդիներ ապրած են այդ կացութեան դժուարութիւնները: Երախագիտութեամբ կը յիշեմ Ազատեան ամոլին գուրգուրանքը ընտանիքիս հանդէպ, Նեւրիկին ցուցմունքները եւ թելադրութիւնները յաճախ որպէս սպեղանի ամոքեցին մեր պանդխտութեան վէրքերը:
Շուրջ երեք տարիներ առաջ սովորականին նման ուրբաթ յետմիջօրէին ուղղուեցայ Հայ կեդրոն, զարմանալի… գրադարանը փակ էր… Նեւրիկը բացակայ: Անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարը տեւեց երկուքուկէս տարի, յաճախ լաւատեսութեան լուրեր կը հասնէին իր մասին, ընդհանրապէս ապրեցաւ առանձնացած՝ բժշկական խնամքի ենթակայ:
Վերջին տարիներուն ամառնային արձակուրդները Հայաստանի մէջ անցընելը անոր գերագոյն հաճոյքն էր, նպատակ ունէր հանգստեան կոչուիլ եւ վերջնականապէս հաստատուիլ հայրենիք: Անկասկած, Նեւրիկ իր աչքերը փակեց այդ անկատար իղձով:
Ժընեւ