«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթին ծնունդ տուող պայմաններուն, անոր անցած ուղիին, թերթի գործունէութեան բնոյթին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի աշխատանքներուն մէջ անոր դերակատարութեան մասին «Ռազմիկ»-ի խմբագրական կազմը զրուցեց այս բոլորին մօտէն իրազեկ եղող, «Ռազմիկ»-ի ծնունդին մասնակից Տարօն Տէր Խաչատուրեանի հետ: «ՌԱԶՄԻԿ».- ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն տարի մը ետք` 21 յունուար 1974-էն սկսեալ, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը սկսի լոյս տեսնել ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Երիտասարդական էջ»-ը: Ապա` մայիս...















