ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթին ծնունդ տուող պայմաններուն, անոր անցած ուղիին, թերթի գործունէութեան բնոյթին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի աշխատանքներուն մէջ  անոր դերակատարութեան մասին «Ռազմիկ»-ի խմբագրական կազմը զրուցեց այս բոլորին մօտէն իրազեկ եղող, «Ռազմիկ»-ի ծնունդին մասնակից  Տարօն Տէր Խաչատուրեանի հետ: «ՌԱԶՄԻԿ».- ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն տարի մը ետք` 21 յունուար 1974-էն սկսեալ, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը սկսի լոյս տեսնել ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Երիտասարդական էջ»-ը: Ապա` մայիս...

Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Պետութիւն մը ե՞րբ կ՛ոչնչանայ: Պետութիւն մը կ՛ոչնչանայ, երբ ան կը կորսնցնէ իր տարածքը, կը տկարանան իր հաստատութիւնները, կը ձախողի իր դիւանագիտութիւնը, եւ ժողովուրդը կը դադրի իր պետականութեան մասին ռազմավարական կերպով մտածելէ: Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 35-ամեակը միայն անցեալը յիշելու առիթ չէ: Ան նաեւ առիթ է մտածելու պետականութեան, ազգային ռազմավարութեան եւ մեր սերունդին պատասխանատուութեան մասին:...

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

ՄԻՐԷՅ ԺՄՄՕ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 2 սեպտեմբերը միշտ յատուկ նշանակութիւն ունեցած է մեզի համար: 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը` արտայայտելով Արցախի հայութեան կամքը, ազատութեան ձգտումը, դիմադրութիւնը եւ հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը: Սակայն այսօր` 35 տարիներ ետք, 2 սեպտեմբերը կը յառաջացնէ ուրիշ զգացում մը: Կայ հարցում մը, որ դժուար է ուղղել, սակայն պէտք է համարձակինք տալ....

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

Դիւրին է պատմութեան էջերը վերածել սոսկ յիշատակի նշումներու փուլի մը, երբ տարին անգամ մը կը խոնարհինք յուշարձաններու առջեւ ու կը վերադառնանք մեր առօրեայ հանգիստին: Սակայն Լիզպոն հինգը երբեք չէ եղած ու պիտի չըլլայ սովորական յիշատակութիւն: Անիկա պատմական պահու մը սառեցուած դրուագը չէ, այլ անդադար բաբախող զարկերակ մըն է, որ այսօր, աւելի քան երբեք, կը բախի մեր իրականութեան դռներուն: Հինգ երիտասարդներու...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Հայաստանի պատմութեան մէջ կան պահեր, որոնք լոկ քաղաքական իրադարձութիւններ չեն, այլ` ամբողջ ազգին ճակատագիրը կերտող վճռական փուլեր: Բազմաթիւ հայերու ընկալմամբ, Նիկոլ Փաշինեանի երրորդ անգամ վարչապետի պաշտօնին վերահաստատուիլը նման փուլ մը կը ներկայացնէ: Այս ընտրութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ վերջին տարիներու ապազգային քաղաքական ուղեգիծը, այլ նաեւ կը խորացնէ այն մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի անվտանգութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանման: Վերջին տարիներուն...

Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը գտնուի իր անկախութեան շրջանի ամէնէն վճռորոշ փուլերէն մէկուն մէջ: 2020-ի պատերազմը, Արցախի հայաթափումը, տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորումը եւ ներքաղաքական խոր բեւեռացումը ստեղծած են նոր իրականութիւն մը, որուն հետեւանքները երկար տարիներ պիտի շարունակեն ազդել Հայաստանի ապագային վրայ: Այս պայմաններուն մէջ ընտրութիւնները պարզապէս իշխանափոխութեան կամ իշխանութեան վերարտադրութեան միջոց չեն: Անոնք դարձած են...

Հայաստանի Ընտրութիւնները Եւ Աշխարհաքաղաքական Շահերը

Հայաստանի Ընտրութիւնները Եւ Աշխարհաքաղաքական Շահերը

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Հայաստանի ընտրութիւնները մակերեսային դիտարկմամբ կը թուին ըլլալ փոքր իրադարձութիւն մը, սակայն երբ հարցը կ՛ուսումնասիրուի մօտէն, ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը շահագրգռէ շարք մը մեծ պետութիւններ: Ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական կողմերը ոչ միայն կը տարբերին իրենց քաղաքական ներքին վարչական ծրագիրներով, այլ անոնք յառաջ կը տանին մեծ պետութիւններու առաջադրած օրակարգերը: Շատ պարզ...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Ոչ Շատ Մօտիկ Ապագան

ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ 2042 թուականն է, սահմաններն ալ գոյութիւն չունին, անոնք պարզապէս քարտէսին վրայ աշխարհագրական գիծեր են: Երեւանի պատերէն կախուած են պաստառներ. «Բաց ճանապարհ, փայլուն ապագայ, խաղաղութիւն»: Առաջին հինգ տարին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ «ապասահմանայնացման» համաձայնութիւններէն ետք, Հայաստան կ՛ապրի տնտեսական վերելքի ժամանակաշրջան մը: Թրքական ընկերութիւններ կը հաստատուին երկրին չորս կողմը, ազերիական դրամատուներու մասնաճիւղեր կը բացուին Երեւանի մէջ,...

Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 7 յունիս 2026-ին տեղի ունեցան  Հայաստանի իններորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, որոնց մասնակցեցան Հայաստանի քաղաքացիներուն 58,97 առ հարիւրը, ինչ որ նախորդ ընտրութիւններէն 9,57 առ հարիւր` 195 հազար 523 ընտրող աւելի է: Հարկ է նշել, որ այս ընտրութիւնը Արցախի յանձնումէն ետք առաջին ընտրութիւնն էր, սակայն Արցախի հայութիւնը ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք չունէր: Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընթացքին...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Մեր Խօսքը

Կարելի չէ հասկնալ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը` առանց ըմբռնելու անոր շարժիչ ուժը` անկախութեան ձգտումը: Դարեր շարունակ հայրենազրկումի, բռնատիրութեան, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը երբեք չհաշտուեցաւ ստրկութեան գաղափարին հետ: Անկախութիւնը կը հիմնուի նախ եւ առաջ հաւատքի վրայ, հաւատք` սեփական ուժերուն, հայրենիքի վերածնունդին եւ այն սկզբունքին նկատմամբ, որ արդար Դատը ի վերջոյ կը յաղթէ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այս ճշմարտութեան կենդանի վկայութիւնն է,...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Չյանձնուելու Կամքով

ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ Շուշի` հայութեան սիրտն ու անաւարտ պայքարի խորհրդանիշը: Շուշին մշակոյթի, գեղեցկութեան եւ ռազմական յատուկ դիրք ու նշանակութիւն ունեցող քաղաք մըն էր: 9 մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրումը դարձաւ ոչ միայն ռազմական յաղթանակ, այլեւ ունեցաւ հոգեւոր եւ ազգային մեծ նշանակութիւն: Ան նոր յոյս սերմանեց համայն հայութեան մէջ եւ ապացուցեց, որ միասնական ժողովուրդը կրնայ յաղթել ամէնէն դժուար մարտերուն...

Մեր Պայքարին Ուղին

Մեր Պայքարին Ուղին

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ 1918 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր բնաջնջման վտանգին դէմ յանդիման, եւ Արեւելեան Հայաստանի հողերը դարձած էին գոյապայքարի վերջին փուլ, տեղի ունեցաւ հրաշքը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ հայ շինականն ու զինուորը, մտաւորականն ու հոգեւորականը, ձեռք-ձեռքի տուած, կերտեցին մայիսեան յաղթանակները` դարերու ստրկութենէ ետք վերականգնելով Հայաստանի անկախութիւնը: Այդ օրերուն, մահուան ու կեանքի սահմանագիծին վրայ,...

Շուշին` Ազգային Արժանապատուութեան Խորհրդանիշը

Շուշին` Ազգային Արժանապատուութեան Խորհրդանիշը

ՍԷՐՈՒԺ ՊԷՊԷՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Շուշիի ազատագրութիւնը դարձաւ ոչ միայն ռազմական գործողութիւն մը, այլ նաեւ` ազգային արժանապատուութեան եւ գոյատեւման խորհրդանիշ մը: 1992 թուականի մայիսին հայ ազատամարտիկները մեծ քաջութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ազատագրեցին Շուշին` վերջ դնելով քաղաքին նկատմամբ թշնամական վերահսկողութեան: Շուշին ռազմավարական կարեւոր դիրք ունէր, որովհետեւ հոնկէ շարունակաբար կը ռմբակոծուէր Ստեփանակերտը: Ազատագրութիւնը դարձաւ  հայութեան յաղթանակը` նոր յոյս...

Մայիս 28. Անկախութեան Ոգին` Իբրեւ Յաւերժական Ուղեցոյց

Մայիս 28. Անկախութեան Ոգին` Իբրեւ Յաւերժական Ուղեցոյց

ՅԱԿՈԲ ԳԻԶԻՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդին համար պարզապէս օրացուցային տօն մը չէ, այլ` մեր ազգային գոյութեան, արժանապատուութեան եւ քաղաքական վերածնունդի խորհրդանիշը: 1918 թուականի այդ օրը, դարաւոր ընդմիջումէ ետք, հայութիւնը աշխարհին յայտարարեց իր անկախ պետականութեան վերականգնման մասին: Այս մեծագոյն նուաճումը հնարաւոր դարձաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն շնորհիւ, ուր հայ ժողովուրդը` կանգնած լինել-չլինելու սահմանագիծին, ընտրեց պայքարի...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Բաց Նամակը` Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան

1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ, աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր ծրագրուած եւ կազմակերպուած կերպով բնաջնջուեցան` զանգուածային կոտորածներու, բռնի տեղահանութիւններու, սովամահութեան երթերու եւ մշակութային կործանման միջոցներով: Պատահածը պատերազմի ողբերգական հետեւանք մը չէր. այս արարքը իր կազմակերպուած ծրագիրով կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը իր հայրենիքէն վերացնելու համար: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ամէնէն ծանր յանցագործութիւններէն մէկն է: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը...

Ժամանակը Կ՛անցնի, Սակայն Պահանջը Կը Մնայ

Ժամանակը Կ՛անցնի, Սակայն Պահանջը Կը Մնայ

ՍԵԼԻՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Իբրեւ 21-րդ դարու հայ երիտասարդուհի, ապրելով դարաշրջանի մը մէջ, երբ կը տիրապետեն արագընթաց ճարտարարուեստը, ընկերային ցանցերը եւ քաղաքական յարափոփոխ պատկերները, կը գտնուիմ յատուկ կացութեան մը առջեւ: Իմ ինքնութիւնս ձեւաւորուած է ոչ միայն ներկայով, այլ նաեւ` գոյատեւման հզօր պատմութիւններով, որոնք մեզի փոխանցուած են մեր մեծ պապերէն: Այս պատմութիւնները` փոխանցուած շշուկով, գոյութեանս հիմքն են` իբրեւ...

Անմար Կամքը

Անմար Կամքը

ԵՂԻԿ ՈՒՆՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ Ապրիլ 24-ը պարզ թուական մը չէ, այլ մեր հոգիներուն մէջ բացուած անբուժելի վէրք մըն է, որ ամէն գարնան վերստին կ՛արիւնի: Այդ օրը մեր ժողովուրդին արեւը խաւարեցաւ, եւ հայուն ճակատագիրը ներկուեցաւ մահուան ու տառապանքի գոյներով: Երբ կը մտածենք այդ օրերուն մասին, կը լսենք անապատներուն մէջ մարող մայրերուն հառաչանքը, որբ մնացած մանուկներուն պաղատագին լացը եւ մեր...

Անցեալը, Որ Կը Շարունակոի

Անցեալը, Որ Կը Շարունակոի

ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Ամէն տարի ապրիլ 24-ին հայերը աշխարհի չորս կողմերէն կը կանգնին յիշելու համար իրենց բիւրաւոր նահատակները: Ասիկա պարզապէս թուական մը չէ պատմութեան մէջ, այլ` վէրք մը, որ երբեք ամբողջապէս չէ բուժուած: Այս օրը` 1915-ին, սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ խլեց 1,5 միլիոն անմեղ կեանքեր: Ընտանիքներ քանդուեցան, համայնքներ ջնջուեցան, եւ ամբողջ ժողովուրդ մը գրեթէ ոչնչացաւ: Մեզմէ...

Թուրքը Չհասաւ Իր Նպատակին

Թուրքը Չհասաւ Իր Նպատակին

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ Երկար տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, սակայն վրէժի կրակը տակաւին վառ է իւրաքանչիւր հայու մէջ: Թուրքը փորձեց ջնջել հայը աշխարհի քարտէսէն, բայց չհասաւ իր նպատակին, ան փորձեց սպաննել ամբողջ ցեղ մը` մոռնալով, որ հայ ժողովուրդը հունտի նման ծլող ազգ մըն է: Ապրիլ 24-ը բոլորիս համար պահանջատիրական կենդանի թուական մըն է, որ ամէն անգամ մեզի...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

28 փետրուարին Իրանի դէմ սկսած ամերիկեան-իսրայէլեան օդային հարուածներուն պատճառով Միջին Արեւելքը կը թեւակոխէ լուրջ անկայունութեան նոր շրջան մը: Անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցած զարգացումները, պատերազմական լարուածութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի ու Իրանի օգտագործած ռազմարուեստն ու ռազմավարութիւնը կը փաստեն, որ ժամանակակից պատերազմները այլեւս չեն յատկանշուիր միմիայն բանակի մարտունակութեամբ: Այսօր արհեստագիտութիւնը, անօդաչու սարքերը, հետախուզական համակարգերը եւ արհեստական բանականութիւնը դարձած են պատերազմներու բնոյթը փոխող...

Page 1 of 8 1 2 … 8

Արխիւներ