ՀԱՅ ԱՊՕՐԻՆԻ ԳԱՂԹԱԾՆԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԷԿ ԿՈՂՄ ԿԸ ԴՆԵՆ
Նեղ, ոլորապտոյտ աստիճաններ կ՛առաջնորդեն տուներու մաքրութեան գործով զբաղող 60-ամեայ Օֆելիա Յակոբեանին աղքատ կահաւորուած սենեակը, որ կը գտնուի Պոլսոյ Գում Գափու թաղի շէնքի մը երկրորդ յարկին վրայ: Փոքր սենեակը, խուցը, հազիւ 1,5 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, կը պարունակէ կախուած լուացք, սեղան եւ աթոռներ, ինչպէս նաեւ` Յակոբեանի զաւակին եւ թոռնիկին նկարները: «Իմ ապրածս իսկական կեա՞նք է: Ես ստրուկի մը նման կ՛ապրիմ հոս», կը...
