Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՆՁՈՒՐԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԸ ՀԱՄՈԶԷ, ՈՐ ՄԵԾ Է ԹԻՒԸ ՏԵՐՍԻՄԻ ԾՊՏԵԱԼ ՀԱՅԵՐՈՒՆ

August 19, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- 27-31 յուլիս, Արեւմտահայաստանի Տերսիմ նահանգի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած է «Մնձուրի` բնութեան եւ պաշտամունքի» փառատօնը, որուն ծիրին մէջ համերգաշարով Տերսիմի մէջ շրջած է «Մարաթուկ» խումբը, իսկ աւելի քան տասը մտաւորականներ կատարած են բանահաւաքչական-նկարահանման աշխատանքներ: Երէկ` օգոստոս 8-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար Հայկազուն Ալվրցեան յայտնեց, որ փառատօնը արդէն 13-րդ տարին է, որ կը հիւրընկալուի Տերսիմի մէջ: Առաջին երկու փառատօները եղած են ոչ պաշտօնական, վերջին 11-ը` պաշտօնական հրաւէրով:

«Սա մի բացառիկ միջոցառում է, որ մեր մշակոյթը տանում-հասցնում է Արեւմտահայաստանի խորքերը: Սա արտառոց մի փաստ է», ըսաւ ան:

Ալվրցեան հաղորդեց, որ հայութեան մեծ զանգուած մը` ստիպողաբար կրօնափոխ եղած, այստեղ կ՛ապրի քիւրտի եւ ալեւիի պիտակով, սակայն ներքուստ կը պահպանէ հայու իր ինքնութիւնը:

«Այս փառատօնը եւս մի անգամ մեզ համոզեց, որ այնտեղ մեծ քանակով հայեր կան: Նրանցից շատերը մօտեցան մեզ, պատմեցին իրենց պատմութիւնները` զարհուրելի, ողբերգական, յուզիչ պատմութիւններ», նշեց Ալվրցեան:

Ըստ անոր, այս փառատօնը կարեւոր է ոչ միայն իրենց` Արեւմտահայաստանի ծպտեալ հայերուն համար, այլեւ` Հայաստանի հայերուն, «քանի որ մենք էլ պիտի հասկանանք, թէ ի՛նչ ունենք եւ իրենք ի՛նչ ունեն, ի՛նչ պիտի տանք իրենց եւ իրենց պահպանած մշակութային բեկորներից ինչը վերցնենք»:

Փառատօնի օրերուն Հայաստանէն մեկնած արուեստագէտներն ու մտաւորականները գրառած, ձայնագրած ու տեսագրած են ստիպողաբար կրօնափոխ եղած բազմաթիւ հայերու պատմութիւններ:

Լրագրողներուն խնդրանքով Ալվրցեան պատմեց դէպքերէն մէկը. «Մարաթուկ»ը եղած էր գիւղ մը, ուր նաեւ կ՛ապրէին հայեր, եւ համագիւղացիներու խնդրանքով խումբի քանի մը անդամներ այցելած են հիւանդ հայու մը, որ վերջերս կաթուած ստացած է եւ չի կրնար շարժիլ կամ խօսիլ:

«Մեզ ներկայացրին այս մարդու պատմութիւնը` արկածներով լեցուն, մշտապէս գոյութիւնը պահպանելու կռիւների մէջ, մշտապէս ծպտուած էր ապրել», նշեց Ալվրցեան:

Մահամերձ հայու սնարին մօտ «Մարաթուկ»ը երգած էր «Հայր մեր»ը:

«Երգի ընթացքում նրա բիբերն այնքան լայնացան, կարծես ակնակապիճներից դուրս պիտի գային», պատմեց Ալվրցեան` նշելով, որ տեսարանը աննկարագրելի ազդեցութիւն ձգած էր ե՛ւ իրենց, ե՛ւ համագիւղացիներուն վրայ, որոնք կը նայէին յուզմունքով եւ սարսուռով:

Ըստ Ալվրցեանի, Տերսիմի մէջ այս աւանդական դարձած ձեռնարկը կը կոչուի «Մնձուրի` բնութեան եւ  մշակոյթի փառատօն», որովհետեւ Մնձուր գետը, որ հայոց սրբավայրերէն եղած է եւ սկիզբ կ՛առնէ Անահիտ դիցուհիի ակունք-աղբիւրներէն, Թուրքիոյ պետական ռազմավարութեան պատճառով բնապահպանական աղէտ կրնայ դառնալ տարածաշրջանին համար:

Ալվրցեան պատմեց, որ Մնձուր գետը պատնէշած են, ամբարտակներու մէջ ջուր կուտակելով բազմաթիւ ջրաելեկտրակայաններ կառուցելու նպատակով: Սակայն ջուրերու կուտակման պատճառով աղէտալիօրէն փոխուած է այս տարածաշրջանի ամբողջ բնաշխարհը:

Նշենք, որ «Մարաթուկ» խումբի` 27-31 յուլիսին Մնձուրի փառատօնի ընթացքին ելոյթները լայնօրէն լուսաբանուած են թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Նախորդը

«ԱԿՈՒՆՔ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՕՎԱՃԸՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՍԱՐԸԿԻՒԼԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ` ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՕՐՐԱՆ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.