Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԻՐ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ

August 30, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան հաստատեց, որ նոր հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) Էս-300 համակարգ գնած է Ռուսիայէն,  եւ այս մէկը ապացուցելու համար այդ նոր զէնքերը ցուցադրեց Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու օրուան առիթով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զինուորական շքերթի ատեն: Այսպիսով Ազրպէյճան «ակնթարթի մը մէջ կը դառնայ շրջանի առաւել մարտունակ ՍԱՄ հրթիռային համակարգի տէրը», կը գրէ ՀՕՊ-ի մարզի վերլուծաբան Շօն Օ՛Քոննըր, «Իմինթ եւ վերլուծում»ի վերջին թիւին մէջ:

Վաճառքի առաւել մեքենայականութեան, դաւադրական կողմը այն է, որ Ազրպէյճանի թշնամի Հայաստան կը նկատուի ամուր ռազմական դաշնակիցը, գործակիցը Ռուսիոյ, որ ուժեր տեղակայած է Գիւմրիի խոշոր խարիսխին մէջ եւ մեծ զեղչերով զէնք կը մատակարարէ հայկական ուժերուն (եւ եթէ աւելի լայն դիտենք` հայերուն, որոնք կը վերահսկեն Ազրպէյճանէն անջատուած Լեռնային Ղարաբաղ շրջանը):

Այս բոլորը, անկասկած, մաս կը կազմեն այն պատճառներուն, թէ Ռուսիա ինչո՛ւ կը հերքէր վաճառքին մասին լուրերը, որոնք բացայայտուեցան, հաստատուեցան կեդրոնական Պաքուի մէջ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած զինուորական տողանցքին ատեն:

«Այս վաճառքը հանրութենէն թաքցնելու Ռուսիոյ դրդապատճառներէն անկախ, «Ռոսոպորոնէքսբորթ»ի (զինավաճառման Ռուսիոյ պետական մենաշնորհեալ ընկերութիւնը) կողմէ համաձայնագիրի հրապարակային հերքումը, ժխտումը հետաքրքրական երեւոյթ մըն է:

Մէկ կողմէ «Ռոսոպորոնէքսբորթ»ի պնդումները, թէ այսպիսի զէնքեր վաճառելու համաձայնութիւն չկայ, կրնային ամբողջովին ճիշդ ըլլալ, եթէ յիշեալ յայտարարութեան ժամանակ իրապէս ամբողջական, լիարժէք պայմանագիր գոյութիւն չունենար:

Պայմանագիրի վերջնականացումէն ետք հայերու անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը փարատելու նպատակով ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ, եւ այս մօտեցումը տրամաբանական շարունակութիւնն է վաճառքի համաձայնութիւնը հերքած ու թաքցուցած վարքագիծին:

Միւս կողմէ, սակայն, հետեւեալ ձեւով կարելի է ամփոփել պատահածը Ազրպէյճանի «Ֆաւորիթ»ի (Էս-300-ի արդիական տարբերակներէն մին) առնչութեամբ. մամուլը հաղորդեց վաճառք մը, «Ռոսոպորոնէքսբորթ» հերքեց վաճառք մը, ապա «Ռոսոպորոնէքսբորթ» Ազրպէյճանին առաքեց «Ֆաւորիթ»ի բաղադրիչները:

Այս միջադէպը կասկածի տակ կ՛առնէ Ռուսիոյ կողմէ այլ պետութիւններուն սպառազինութիւններու վաճառքի վերաբերեալ հետագայ որեւէ ժխտում` դէտերու մօտ հարցում յառաջացնելով, թէ «իրականութեան մէջ ի՞նչ կը կատարուի»:

Առ այդ կը շարունակուին քննարկումները այն մասին, թէ արդեօք Ռուսիա Հաւաքական Անվտանգութեան կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մեքանիզմներու միջոցով ի նպաստ Հայաստանի պիտի միջամտէ՞, եթէ Ղարաբաղի հարցով պատերազմ ծագի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ:

Եթէ այդպէս է, ուրեմն ռուսական հրթիռները (աւելի կարեւոր` նաեւ օդանաւերը) կը դիմագրաւեն ռուսական ՀՕՊ-ի կողմէ վար առնուելու հեռանկարը:

Բայց Օ՛քոննըր հետաքրքրական մանրամասնութիւն մը կը նշէ. Էս. 300 տիպի ՀՕՊ նոր համակարգերը բաւական լայն հասողութիւն, ծիր կ՛ունենան ծածկելու Լեռնային Ղարաբաղը, բայց ոչ` հիւսիսային Հայաստանի մէջ ռուսական խարիսխը:

Ազրպէյճան այժմ կը գործածէ Էս-200 (ՍԱ-5 Կամմօն)-ի երկու հրթիռային մարտկոց` Պաքուի եւ Մինկէչաուրիի մօտ: Էս-300 Փի. Էմ. Եու-2-ն այդ երկրի համակարգերու տրամաբանական փոխարինողն է, որ կը ծածկէ երկրի տարածութեան մեծամասնութիւնը:

Աւելի՛ն, «Ֆաւորիթ» հրթիռային մարտկոցի հասողութեան մէջ կ՛իյնան Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքը եւ Հայաստանի մեծ մասը, բայց հետաքրքրականօրէն նոյն ատեն յաջող կերպով անոնց անհասանելի կը մնայ Գիւմրիի մօտ ռուսական խարիսխը:

ՃՈՇՈՒԱ ՔԻՒՉԵՐԱ

«Եուրէժիանէթ»

Նախորդը

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ ԿԸ ՑԱՆԿԱԳՐԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐԸ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔՈՒՄ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.