Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

September 9, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 օգոստոսին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ), որ 2002 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ կառավարութիւնը, տօնեց կուսակցութեան հիմնադրութեան տասնամեակը: Այս առիթով հայատառ-թրքատառ «Ակօս» շաբաթաթերթը Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականներէն խնդրեց անոնց կարծիքը` ԱԲԿ-ի եւ անոր գործունէութեան մասին: Ես շատ հետաքրքրական գտայ այս մտաւորականներուն պատասխանները, զորս ամփոփեցի ձեզի համար:

Անշուշտ այս կարճ պատասխանները չեն արտացոլացներ ամբողջ հայ համայնքին ունեցած տարբեր բոլոր գաղափարները: Թէեւ ատոնք կարդալէ ետք, հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններու մտաւորականներէ քաղած իմ տպաւորութիւններս կրնամ ընդհանրացնել:

Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները ԱԲԿ-ի իշխանութեան ժամանակաշրջանը կը դիտեն իբրեւ բարելաւում` ժողովրդավարութեան եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու իրավիճակին: Սակայն անոնք կը կարծեն, որ փոքրամասնութիւններու իրավիճակին մէջ բարելաւումները սահմանափակուին որոշ մարզերու մէջ, եւ չեն արտացոլացներ ճշդուած բարեկարգումները:

Փոքրամասնութիւնները ընդհանրապէս գոհ են Էրկենեքոնի դատավարութիւններէն, մինչ յուսախաբ են Հրանդ Տինքի դատավարութենէն, որ, ըստ իրենց, միայն մակերեսը քերթած է, եւ որ իրական յանցագործները անձեռնմխելի կը մնան:

Ինչպէս աւելի կամ նուազ գիտէք, այս դիտարկումները նաեւ կ՛արտացոլացնեն իմ հասկացողութիւնս` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ:

Արուս Եումուլ

Արուս Եումուլ (Պոլսոյ Պիլկի համալսարանի դասախօս). «Ամէնէն կարեւոր զարգացումը, որ տեղի ունեցաւ ԱԲԿ-ի իշխանութեան ընթացքին, մեղմացումն է կանոնին եւ յառաջացումը` քաղաքական հնարաւորութիւններու: Պատմական լռութիւնները փոխարինուած են բազմաձայն քննարկումներով…: Ասիկա իր կարգին ոչ իսլամներուն համար բերած է հնարաւորութիւնը` աւելի ազատօրէն քննարկելու իրենց պատմութիւնը հասարակական, հանրային մարզին մէջ:

«Սակայն Քրէական օրէնսգիրքին մէջ որոշ յօդուածներ, դրոյթներ դամոկլեան սուրի նման տակաւին իրենց ստուերը կը ձգեն խօսքի ազատութեան վրայ:

«ԱԲԿ-ն նաեւ նախաձեռնեց փոքրամասնութեանց հիմնարկներու հիմնադրամներու հարցերու բարելաւման, հակառակ անոր որ այս խնդիրները ամբողջովին չեն լուծուած: Կուսակցութիւնը նաեւ քայլեր առաւ դէպի վերացումը «անտեսանելի օրէնքներու», որոնք ոչ իսլամներու մուտքը կ՛արգիլեն կառավարական վերին շրջանակներ»:

Թադէոս Պեպեք (ատամնաբուժ). «ԱԲԿ-ն այս երկրին մէջ առաջինը եղաւ` որոշ տրամաբանութիւն մը տարածող: Անոնք կարեւոր քայլեր առին ժողովրդավարութեան մէջ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւնները այդ նպատակով կարեւոր են: Կուսակցութիւնը նաեւ սկսաւ կարեւոր նախաձեռնութիւններու` աշխարհիկ կարգերու, քրտական խնդրին եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար:

«Այս նախաձեռնութիւնները նպաստաւոր եղան ամբողջ հասարակութեան համար, սակայն վերջին ընտրութեան ընթացքին կուսակցութիւնը որդեգրեց ազգայնական ճառն ու տրամաբանութիւնը: Մինչ ԱԲԿ-ն կուսակցութիւն մըն էր, որ ընդդիմացած էր սթաթուսքոյին եւ պաշտպանած` փոփոխութիւնը, սակայն այսօր ան կը վերածուի սթաթուսքօ կուսակցութեան: Եթէ ԱԲԿ շարունակէ այս ուղին, պիտի դադրի ըլլալէ յոյսը անոնց, որոնք Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւն կը ցանկան»:

Սողոմոն Ալճալ (ԱԲԿ-ի նախկին անդամ). Հիմնադրամներու մասին օրէնքը կրնայ վաւերացուած ըլլալ, սակայն ասիկա ուշագրաւ, յիշատակելի բան մը չէ: Կալուածները արդէն մերն էին, եւ անոնք այնպէս մը գործեցին, որ կարծես թէ մեզի նուիրատուութիւններ կը շնորհէին… «Էկեմեն Պաղըշի վերաբերմունքը շատ պատշաճ չէր, երբ ըսաւ. «Թուրքիոյ մէջ հայերը պէտք է հակադարձեն, պատասխանեն», Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սխալ հասկցուած յայտարարութիւններէն ետք: Ընդհանուր առմամբ, սակայն, ԱԲԿ-ն շատ շահաւէտ եղած է դէմ առ դէմ ազատութիւններուն»:

Քայուշ կաւրիլոֆ Չալիքման
Քայուշ կաւրիլոֆ Չալիքման (Հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Շիշլիի շրջանի նախագահ). «Տակաւին մեծ արդիւնքներ չկան: Հիմնադրամներու մասին խօսելով (հիմնադրամներու օրէնքը. բարեսիրական հիմնադրամներ` Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պատկանող), սոսկ զարգացումներ կային: Չեմ հաւատար, թէ այն, ինչ որ ԱԲԿ-ն կ՛ընէ, անկեղծ կամ իրական է»:

 

Արթին Սանտալճի (գործարար). «Եղած են ե՛ւ դրական, ե՛ւ բացասական զարգացումներ, փոփոխութիւններ, սակայն ոչ իսլամները մինչեւ հիմա խաբուած կը զգան, որովհետեւ փոքրամասնութիւն են, նոյնիսկ եթէ մենք այդ փորձառութիւնը ուղղակի չենք ապրիր: Հայաստանի հետ իւրաքանչիւր դիպաշարի, հանգրուանի ընթացքին մենք իբրեւ պատանդներ կը նկատուինք, եւ մտայնութիւն մը կայ, թէ մենք պէտք է կողմ ըլլանք: Ես այդպիսի պարտաւորութիւն չեմ զգար: Ես Էրկենեքոնի դատը շատ կարեւոր կը նկատեմ ժողովրդավարութեան զարգացման մէջ»:

Հայկօ Պաղտատ

Հայկօ Պաղտատ (հրապարակախօս). ԱԲԿ. կուսակցութեան գալով մենք շահեցանք շէնք մը, եւ երեք հողաշերտեր մեզի վերադարձուեցան: Անշարժ գոյքը, որ արդէն մերն էր, գրաւուեցաւ եւ ապա մեզի վերադարձուեցաւ: Բայց փոխարէնը մենք ասոր համար Հրանդ Տինքը կորսնցուցինք: Ես չեմ ըսեր, թէ ԱԲԿ-ն տարաւ զայն, բայց վերջերս անոնք տարին այս հողին վրայ հաստատուելու եւ մնայուն ըլլալու մեր յոյսը: Մեր այս կորուստէն ետք կառավարութիւնը այս յանցագործներուն ազատօրէն թափառելու արտօնութիւն տուաւ: Հրանդ Տինքի թիրախ դարձած ժամանակամիջոցին, Վելի Քիւչիւքը, Սեւկի Էրեներոլը եւ Քեմալ Քերփնչսիզը կային: Կառավարութիւնը այս անձերուն ոչինչ հարցուց Հրանդ Տինքին մասին, եւ ես չեմ գիտեր, որ եթէ նոյնիսկ հարցնէին, արդիւնք մը կը ստացուէ՞ր»:

Ալեքսիս Քալք («Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութիւն). «Թէեւ կրնան որոշ զարգացումներ, փոփոխութիւններ արձանագրուած ըլլան Եւրոպական Միութեան օրէնքներու համաձայնեցուածութեան մէջ, դժբախտաբար ասոնք չարդարացուցին ակնկալութիւնները, յոյսերը եւ շատ հեռու էին միջազգային չափանիշներէն: Հիմնադրամներու, կալուածներու հարցին առնչութեամբ դրական զարգացումներէն շատեր տեղի ունեցան աւելի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանի որոշում-ճնշումներու պատճառով, քան` կառավարութեան ջանքերով: ԱԲԿ-ն, իր իշխանութեան ամբողջ շրջանին չհրաժարեցաւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ իր խտրական ուղիէն: Ատիկա յաջողեցաւ յաւելեալ խնդիրներ կուտակելու մեր արդէն իսկ ունեցածին վրայ: Պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը ամէնէն ցայտուն օրինակն է ասոր»:

ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

«Թուտէյզ Զաման»

Նախորդը

ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ` ԹՈՒՐՔԻԱՅՈՒՄ

Յաջորդը

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.