Արտագաղթի Վտանգաւոր Երեւոյթը
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Այլեւս ոչ մէկ տագնապող հայու համար գաղտնիք է, թէ Հայաստանը արիւնաքամ ընող արտագաղթը ի՛նչ ահաւոր համեմատութիւններ ստացած է ու վաղո՜ւց անցած «ռուբիքոն»-ի վտանգաւոր գիծը` խոր մտահոգութիւն պատճառելով մեզմէ ամենալաւատեսներուն եւս: Մտաւորական շրջանակներու մէջ, երբ փշոտ ու ցաւալի այս հարցը կ՛արծարծուի, ընդհանրապէս իրարու հակոտնեայ տարբեր մօտեցումներու ականատես կ՛ըլլանք` «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի մտածելակերպը ունեցող բոլորովին անտարբերներու ջոկատին եւ լրջօրէն հայրենիքի...
