2020 Թուականի Ողիմպիական Խաղեր. Թուրքիան Աշխատանքի Կոչած Է Արժանթինի Բռնակալ Վերջին Կառավարութեան «Պատկերը Մաքրող» Ընկերութիւնը
Թուրքիոյ Ողիմպիական կոմիտէն, որ իր ամբողջ ուժը կեդրոնացուցած էր երկիրը 2020 թուականի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկիրը հռչակուելու հեռանկարին, աշխատանքի կոչած է այդ նոյն հրապարակագրական ընկերութիւնը, որ 1978-ին Արժանթինի զինուորական բռնակալ կառավարութեան օժանդակած էր անոր «պատկերը մաքրելու» համար: «Պուրսոն-Մարսթելլեր» հանրային յարաբերութեանց միջազգային գործակալութիւնը այդ օրերուն մշակած էր «Արժանթինցիներս ուղիղ եւ մարդկային ենք» տխրահռչակ լոզունգը` առ ի պատասխան «Մարդկային իրաւանց բռնակալութեան դէմ...
