Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէրսիմցի Հայեր Կը Վերադառնան Իրենց Արմատներուն

August 2, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ, Տէրսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տէրսիմի մէջ նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով, քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տէրսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին Տէրսիմի շատ մը գիւղերու մէջ հայ եւ գըզըլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ գըզըլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տէրսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին: Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ, Բիւրակնի (Պինկէօլ), Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տէրսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով` կ՛ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը):

Ցեղասպանութեան տարիներուն տէրսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին Տէրսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են` իւրացնելով տէրսիմցիներուն ապրելակերպը:

1938-ին թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տէրսիմի ցեղախումբերը` Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տէրսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տէրսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն տէրսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր:

Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տէրսիմցիներ եւ հայեր:

Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տէրսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր: Անցնող երկու տարիներուն շատ մը տէրսիմցիներ սկսան վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն: Այսօր Տէրսիմի մէջ կը գործէ նաեւ Տէրսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ակօս»-ի աշխատակից Լուսինէ Քոփարի «Կորած մարգարիտները» խորագրով յօդուածը, որ կը պատմէ իրենց ազգային արմատներուն վերադարձող կրօնափոխ տէրսիմցի հայերու մասին:

Լուսանկարը` Տէրսիմի հայոց եւ Տէրսիմի ալեւի գըզըլպաշ բնակչութեան սրբավայր Հալվորի Սուրբ Կարապետ վանքը, որ կանգուն էր մինչեւ 1936: Վանքը հիմնովին քանդուած է 1936-ին, քեմալական բանակի հրանօթներու ռումբերով:

Կորած Մարգարիտները

«Մարգարիտէ մանեակի մը նման փրթանք մեր դերձանէն ու ցրուեցանք աշխարհի չորս կողմը: Գլորեցանք այնպիսի տեղեր, որոնց անունն իսկ չէինք լսած: Մեզմէ ոմանք կոխկռտուեցան ոտքերու տակ, իսկ ոմանք ալ ինկան անծանօթներու ձեռքը: Առերեսուեցանք մեր անտէրութեան հետ: Մեր` ամէն մէկ մարգարիտի հատիկին հասարակաց գիտակցութիւնը եղաւ այն, որ ցրուեցանք եւ ոչ ոք մէկտեղեց մեզ: Տէրսիմ… Իմ թաքստոցս է ան: Հետզհետէ իմ աշխարհը, ուրկէ երբեք դուրս գալ պիտի չուզեմ»:

Նախորդ շաբաթներուն մեզ այցելութեան եկան Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամներէն` Պիւլենտ Պոզտաղ, Հիւսէյին Գարաթաշ եւ Սերքան Սարիթաշ, որոնց կը պատկանին վերի տողերը: Հաճելի զրոյց մը ունեցանք Տէրսիմի հայոց շուրջ: Յուսալով, որ ընթերցողին համար ալ հաճելի պիտի ըլլայ, այդ զրոյցէն հատուածներ կը փոխանցենք:

***

Նախ Հիւսէյին Գարաթաշ խօսեցաւ Տէրսիմի հայոց մասին.-

Հայեր Միշտ Կային Տէրսիմի Մէջ

Տէրսիմի մշակոյթ որ կ՛ըսուի, առաջին հերթին կը յիշուի գըզըլպաշ, զազա, քրմանճ մշակոյթները: Մինչդեռ ՏԷրսիմի մշակոյթի կազմութեան մէջ հայերը միշտ բաժին ունեցած են: Հայկական մշակոյթը եկուոր գործօն մը չէ այս հողատարածքին վրայ: Սակայն մարդիկ հազիւ սկսան իրենց ինքնութիւնը ճանչնալու: Այս վերաճանաչման գործընթացը Սասուն, Սեբաստիա, Երզնկայէն սկսելով` պիտի տարածուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ: Օրինակի համար, Տիգրանակերտ քաղաքի մշակոյթին մէջ քիւրտերը գոյութիւն չունէին: Անոնք հազիւ ԺԹ. վերջերուն եկան: Նախապէս քաղաքի բնակիչները հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներէ կը բաղկանար:

Մեր կողմերու գըզըլպաշները հայկական գերեզմանատուներու կամ աւերուած  եկեղեցիներու փլատակներուն վրայ մոմ կը վառեն, կ՛աղօթեն: Աղօթատեղիները սրբազան են մեզի համար: Գըզըլպաշներն ալ հայերու նման «այլ» են: Նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին գըզըլպաշները, որպէս կարգավիճակ, հայերէն վար կը դասուէին:

Խոստովանիմ, որ մենք Տէրսիմի մէջ կը դժուարանանք այս երկու խմբակները իրարմէ զանազանելու: Թերեւս ալ բնական է այս երեւոյթը, քանի որ երկուքն ալ այստեղ մարմնաւորուած են:

Տէրսիմ–Վարդօ` Արեւելքի Դիմադրութեան Գիծը

Տէրսիմցիք աւանդապաշտ են, իրենց քով ապաստանողը ուրիշին չեն յանձներ: «Պահ» կոչուած այդ աւանդութեան համաձայն, ենթական իրենց քով ապաստանածը չյանձնելու համար, եթէ պէտք է, ինք կը զոհուի: Ալիս գետի ողողած տարածքը Տէրսիմէն դէպի Վարդօ երկարող գիծ մը կը պարզէ: Այդ գիծը արեւելքի կողն է: Բիւզանդիոնի, սելճուքներու կամ օսմանցիներու ընդդիմացած կող մը, որ բոլոր իշխանութիւնները փորձած են կոտրել: Դիմադրութիւնը աւանդութիւն մըն է այստեղ: Բանաստեղծ Վեճիհի Թիմուրօղլու «Տաղ աքսորեալի» անուն քերթուածին մէջ կը խօսի Ռուբէն Շիշմանեան անուն երզնկացի հայու մը մասին: Ռուբէն 1915-ին իր գլխաւորած ապստամբներու խմբակով Տէրսիմ կ՛ապաստանի: Տէրսիմցիները կը պահեն զիրենք եւ ապա կ՛ուղարկեն Հայաստան:

Դժուար Է Տոհմածառերուն Հետեւիլ

Կայսրութեան շրջանին հայերը կրկնակի հարկատու էին: 1800-ականներու վերջերուն Տէրսիմի կարգ մը հայեր այդ կրկնակի հարկէն ազատուելու համար կրօնափոխ եղան: Սակայն հայ ինքնութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 1938: 38-ի կոտորածներէն ետք երկրի արեւմտեան նահանգներ աքսորուած հայերը իրենց աքսորավայրերուն մէջ բռնութեամբ իսլամացան: Երբ վերացաւ պարտադիր գաղթի օրէնքը, տէրսիմցի հայերուն արգիլուեցաւ իրենց նախկին գիւղերը հաստատուիլ: Ստիպուեցան շրջանի այլ քաղաքները եւ գիւղերը բնակիլ: Այդ իրողութեան մեր օրերուն փոխանցած մեծագոյն դժուարութիւնը կը ներկայանայ Տէրսիմի հայ ընտանիքներու իրենց ընտանեկան տոհմածառը կառուցելուն մէջ:

1920-ական թուականներուն պետութիւնը ոխ կը պահէ տէրսիմցիներուն դէմ` բազմաթիւ հայեր պահելու համար: Ան դեռ մտադիր է Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակելու: Սակայն Տէրսիմի աշիրեթները ընդմիշտ մերժած են իրենց ապաստանածը թշնամիի յանձնելու անպատուութիւնը: Այսօր լոկ այս պատճառով, այդ աշիրէթներու մէջ յաճախ կը շփոթուի թէ ո՛վ պահողներէն է եւ ո՛վ պահուածներէն:

***

Խօսքը կ՛առնէ Պիւլենտ Պոզտաղ ու կը պատմէ Միրաքեան ցեղախումբին մասին.

Միրաքեանները` Ռազմունակ,
Արուեստագէտ Եւ Մտաւորական

Հօրենական կողմէ քրմանճ ցեղախումբ մը եղող արէիլի աշիրէթէն եմ: Մենք գիտենք, թէ հայ ենք եւ նախապէս քրիստոնեայ եղած ենք: Մեր գիւղը 10 բնակարաններէ կը բաղկանայ եւ մօտակայքը եկեղեցի մը կայ: Մենք այդ տեղի բնիկներն ենք:

Մօրենական կողմէ կը պատկանիմ հայոց Միրաքեան աշիրեթին: Տէրսիմի մէջ միշտ ի պատուի են Միրաքեանները: Անոնք ծանօթ են որպէս լաւ մարտիկ, արուեստագէտ եւ մտաւորականներ: Տէրսիմցիները 1915-էն առաջ ալ շփում չէին ունենար երկրի այլ շրջաններուն հետ: Օսմանցին յաճախ կը փորձէր Տէրսիմ արշաւել, բայց ամէն անգամուն կը բախէր Միրաքեաններու դիմադրութեան: Միրաքեան հայերը միշտ զինեալ էին ու կը վայելէին տեղւոյն քրմանճ աշիրեթներուն յարգանքը: 1915-էն ետք Միրաքեանները մեծաւ մասամբ գաղթեցին դէպի Չարսանճաք: Սակայն այս գաղթը խանգարեց անոնց յատկութիւններն ալ: Վերջապէս, Միրաքեանները լեռնցի հայեր էին եւ դաշտի պայմաններուն մէջ դժուարացան իրենց յատկութիւնները պահել: 1916-17-էն ետք Տէրսիմի աշիրեթներուն դէպի Խարբերդ կատարած արշաւանքներուն մէջ ալ կը յիշուին Միրաքեանները: Մինչեւ Ի. դարու սկիզբները այս տարածքէն անցնող եւրոպացի կամ ամերիկացի քարոզիչներ վկայութիւններ կը բերեն Միրաքեաններուն մասին: Նոյնպէս` զօրավար Անդրանիկ ալ դէպի Տէրսիմ կատարած շրջագայութեան տպաւորութիւնները գրելու ժամանակ կ՛անդրադառնայ Միրաքեաններուն, որոնց կեդրոնատեղին Նազիմիյէի մերձակայ Տէրովան (Տէր Յովհան) գիւղն է:  Նազիմիյէ, որ նախապէս կը կոչուէր` Ղըզըլ Քիլիսէ, ունի բազմաթիւ աշիրեթներ: Միրաքեան ընտանիքներէն ոմանք ժամանակի ընթացքին թափանցած են այդ աշիրեթներուն մէջ: Օրինակի համար, «Պետօկիլլեր» կոչեալ աշիրեթը ինքզինք կը ներկայացնէ Միրաքեաններու ցեղէն եկած: Ալան աշիրեթի ընտրանին ալ կը յայտնէ, թէ իրենք հայեր են:

Թէ՛ Գըզըլպաշ, Թէ՛ Քրիստոնեայ

Մենք Չէ Սերգիս կը կոչուինք: Սերգիսի տունը կամ սերգիսենք կը նշանակէ այս խօսքը: Մայրս Չէ Սերգիսի թոռնուհին է: Ծնած է 1929-ին եւ բուն անունը` Պէսէ է: Իսկ հօրը անունը արձանագրուած է` «Մուհթետի Ահմեթ» (կրօնափոխ Ահմեթ): Հաքիսի մէջ եկեղեցի մը եւ քանի մը հատ ալ ընդգետնեայ եկեղեցիներ կան: Մայրս թէ՛ գըզըլպաշի եւ թէ՛ քրիստոնէական սովորութիւնով կ՛աղօթէ: Հաւատացեալ է: Դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներուն զուգադիպող «Կաղան» (կաղանդ) ամսուն շաբաթ մը կամ տասը օր ծոմ կը պահէ:

Կը Շարունակուի Հարուածին Ազդեցութիւնը

1915-ին իմ մեծ պապս եւ ընտանիքի այլ այրերը սպաննելու համար Նազիմիյէ կը տանին: Մեծ հայրս կը գիտակցի պատահելիքներուն եւ իրենց վրայ հսկող երեք զինուորները կ՛առնէ իր թեւերուն մէջ եւ առիթ կու տայ, որ միւսները փախչին: Սակայն այդ խառնաշփոթին մէջ զինուորներէն մին կը յաջողի մեծ հայրս վիրաւորել ու սպաննել: Աւելի ետք, 1938-ին մօրս հօրեղբայրն ալ կը սպաննուի:

20 տարի առաջ, եթէ մօրս «դուն հայ ես» ըսէին, կը սոսկար, իսկ հիմա աւելի հանգիստ կը խօսի իր ինքնութեան մասին: Շատ տառապած են պետութեան ճնշումէն: 1915-էն մինչեւ 1938 բազմաթիւ կորուստներ ունեցած են: Իսկ այս տառապանքը դեռ կը շարունակուի: Մայրս երկար ատենէ ի վեր հիւանդ է: Ալցայմըրէ կը տառապի: Պապերը սպաննուած են, հայրը` թէեւ փրկուած, բայց այդ բրտութիւնը իր վրայ ազդած է: Երբ լսեց, որ Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ ընտրուեցայ, շատ մտահոգուեցաւ ու ըսաւ. «Դարձեալ պիտի կոտորեն»:

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Յունաստանի Տագնապին Խորացումը Եւ Հայ Գաղութի Կորովին Ամրապնդումը

Յաջորդը

«Թաքվիմ» «Ի՞նչ Կ՛ընենք 2015-ը Դիմագրաւելու Համար»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.