Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Պատասխանէ Սուրիոյ Կապակցութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի Նամակին

August 14, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակով մը պատասխանած է Հայ դատի յանձնախումբին ու Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող ամերիկահայ քաղաքացիական, եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց կողմէ Սուրիոյ իրադարձութեանց կապակցութեամբ արտայայտուած մտահոգութեանց` շեշտելով, թէ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ համոզելու համար Սուրիոյ մէջ ճակատող կողմերը, թէ իրենց պարտաւորութիւնն է երաշխաւորել երկրի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման մարմինը (USAID) յոյժ կարեւոր կը նկատեն Հալէպի բնակչութեան համար մարդասիրական եւ բժշկական շարունակական օժանդակութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական օժանդակութեանց տրամադրումը այն պետութեանց, որոնք սուրիացի գաղթականներ կը հիւրընկալեն, եւ որոնց շարքին են Հայաստանն ու Լիբանանը:

«Մարդասիրական կազմակերպութեանց անդամները իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն ապահովելու համար օժանդակութեանց փոխադրութիւնը անոնց, որոնք ամիսներէ ի վեր կը տառապին: Անոնք նաեւ շարունակական բանակցութեանց մէջ են կողմերուն հետ` երաշխաւորելու համար առնուազն ժամանակաւոր զինադադար, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակութիւնները ապահով կերպով տեղ հասցնել», գրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայ դատի յանձնախումբին ուղղուած նամակին մէջ:

Օգոստոս 5 թուակիր նամակին յղումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 185 միլիոն տոլարի յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու հրամանագիր մը ստորագրած է` մէկ միլիառ տոլարի հասցնելով ցարդ սուրիական տագնապին յատկացուած օժանդակութիւններու գումարը:

Յայտնենք, թէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող ամերիկահայ քաղաքացիական, եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց ղեկավարներ յուլիս 17-ին հեռահաղորդակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նախաձեռնած խորհրդակցութեանց, որոնց ընթացքին ամերիկահայ ղեկավարները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էին սուրիահայութեան մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու հրատապ հրամայականին վրայ: Շեշտը դրուած էր յատկապէս հետեւեալ կէտերուն վրայ.

1.- Ապահովել հաւասարակշռեալ եւ կարիքի հիման վրայ հաստատուած օժանդակութեանց բաշխում` Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն, ներառեալ Հալէպի, ուր կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր եւ այլ քրիստոնեաներ:

2.- Կանխարգիլել քաղաքներու շրջափակումները, ինչպէս տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ:

3.- Յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի մէջ գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, օժանդակութիւն տրամադրեն Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն:

4.- Օժանդակութեան ձեռք երկարել Հայց. եկեղեցւոյ եւ Լիբանանի մէջ գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք եւս օժանդակութիւն տրամադրեն Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն:

Ամերիկահայ գաղութը, ինչպէս աշխարհի տարածքին հայկական այլ գաղութներ, սեփական միջոցներով եւ միացեալ ջանքերով իր ներդրումը կը բերէ սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու աշխատանքներուն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ շարունակական կապի մէջ է քոնկրեսականներու հետ, որպէսզի անոնք տեղեակ ըլլան սուրիահայութեան եւ Սուրիոյ այլ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ հարկաւոր օժանդակութիւնները ապահովեն պատերազմական գօտիէն ներս գտնուողներուն եւ գաղթականներուն:

Նախորդը

«Հորիզոն» Շաբաթաթերթի Հարցազրոյցը ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանի Հետ. «ՀՕՄ-ը Կ՛աշխատի Դառն Բաժակը Հեռացնել Հայորդիներէն»

Յաջորդը

Մուշի Մէջ Քանդուած Են 44 Հայկական Տուներ, Իսկ Հայ Մտաւորականները Կը Լռեն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.