Գաղութային

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Լիբանանի Լաւագոյն Արուեստից Վարժարաններէն Մէկը

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան վիճակագրական տուեալներուն հիման վրայ, արուեստիցի TS բաժինին մէջ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը Լիբանանի մէջ կը կրէ 6-րդ դիրքը, իսկ BT բաժինը` 7-րդ դիրքը: Այս արդիւնքները ցուցանիշ են Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին կազմակերպուած, ծրագրուած ու որակաւոր գործունէութեան, եւ նշեալ յաջողութեան գլխաւոր կերտիչները արուեստիցի ուսուցիչներն են, որոնք նուիրումով եւ արդի մանկավարժական բարձրորակ մօտեցումներով կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Յայտնենք, որ ուրբաթ,...

«Ամբողջական Հայաստան» Պուրճ Համուտի Մէջ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Լիբանանի հայութիւնը ցնծութեան օր մը ապրեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակին վրայ` հրաւէրովը ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: 14 հոկտեմբեր 2012, Թարգմանչաց տօնին արձագանգն էր այդ, որ իբրեւ հայակերտումի խորհրդանիշ, իրարու քով համախմբեց հազարաւոր հայորդիներու բազմութիւնը, որ ապրեցաւ իր կորսնցուցած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յիշատակը: «Ամբողջական Հայաստան» փառատօնին կազմակերպիչները ամիսներ շարունակ ջանք չխնայեցին, որպէսզի նոր սերունդի զաւակները գիտնան, չմոռնան եւ...

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն. Հրատարակչական Ջանքի 75-ամեակին Նուիրուած Ճաշկերոյթ

1908-ին Այնթէպ ծնած վեր. Մանասէ Շնորհոքեանը, ականատես ըլլալով հայ ժողովուրդի արհաւիրքին, տարագրութեան եւ թշուառութեան, խոր համոզումով, 1936-ի դեկտեմբերին կը նախաձեռնէր «Պատանեկան Արձագանգ»-ի հրատարակութեան, որպէսզի հոգեւոր լոյս եւ դաստիարակութիւն փոխանցէ հայ պատանիին եւ զայն կապէ հայ գիրին ու մշակոյթին: Անմիջապէս ետք կը հրատարակուէր «Ջանասէր»-ը: Եւ եօթանասունհինգ տարիներէ ի վեր գրեթէ առանց երկար ընդմիջումի, Պէյրութի մէջ կը հրատարակուին երկու թերթերը, որոնց ակունքները...

ՀԵՀՈՄ-ի Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան Կազմակերպած «Այա Նափա 27» Համագումարին

Կազմակերպութեամբ Համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան (WSCF) Միջին Արեւելքի գրասենեակին, 25-31 օգոստոս 2012-ին, Լեռնալիբանանի Պրումմանա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներու տարեկան համագումարը: Համագումարին նիւթն էր «Երիտասարդութիւնն ու ազատութիւնը... Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան միջեւ»: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Լիբանանէն, Հարաւային Սուտանէն եւ Սուրիայէն ժամանած երիտասարդներ, որոնք ընդհանրապէս քննարկեցին վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած քաղաքական...

«Պարտաւոր Ենք Վառ Պահել Դաշնակցական Ոգին Ու Բարոյական Բոլոր Արժէքները». Շեշտեց Զ. Պոյաճեան

Ամանոսի շրջանին մէջ «Սողոմոն Թեհլիրեան» վերանորոգուած ակումբի բացման ժողովրդային հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Զարեհ Պոյաճեանին արտասանած խօսքը. Լիբանանի տարածքին մեր ակումբները կը գործեն աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ, իւրաքանչիւրը` իր շրջանի կենցաղին հետ համընկնող գործելաոճով: Սակայն անոնք ունին միեւնոյն ուղղուածութիւնը եւ միեւնոյն առաքելութիւնը: Առաքելութիւն մը, որ սուղ արժած է Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին համար: Բայց իր արդար վաստակը քաղած...

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Բացառիկ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Զմիւռնիայի Աղէտի 90-ամեակին

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ ժամանակաւոր ցուցադրութեան` նուիրուած Զմիւռնիոյ աղէտի 90-ամեայ տարելիցին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, որ նշեց. «Զմիւռնիայի հրդեհը ազդարարեց նոր պետութեան ծնունդը, որն աշխարհի քարտեսին յայտնուեց երիտթուրքերի ցեղասպան քաղաքականութեան արդիւնքում: Այսպիսով, Զմիւռնիայի աղէտը Հայոց ցեղասպանութեան վերջին դրուագներից մէկը հանդիսացաւ` ազդարարելով նաեւ «Թուրքիան`  թուրքերին» քեմալականների պետականաստեղծ ծրագրի սկիզբը»: Ողջոյնի եւ երախտիքի խօսքով...

Լաչինի Ազատագրման 20-ամեակը Պիտի Նշուի Փաստավաւերագրական Ֆիլմաշարով

Նոյեմբերին պիտի սկսի ցուցադրուելու «Խոնարհ հերոսներ» փաստագրական ֆիլմաշարին 30-րդ ժապաւէնը, որ նուիրուած է Արցախի հերոսամարտին ընթացքին զոհուածներուն: 18 սեպտեմբերին այս մասին յայտարարեց ժապաւէնի բեմադրիչ, բեմագիր Սամուէլ Թադեւոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ ֆիլմաշարը նուիրուած է Լաչինի ազատագրութեան 20-ամեակին: «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարը նուիրուած է արցախեան պատերազմին մասնակցած հերոսներուն. իւրաքանչիւր ֆիլմաշարի մէջ ներկայացուած է հերոս մը», յայտնեց Ս. Թադեւոսեան: Յառաջիկային հանդիսատեսի դատին պիտի...

ՀՕՄ-ի Կազմակերպութեամբ Երեխաներու Նուիրուած Մասնագիտական Խորհրդաժողով` Հայաստանի Մէջ

29 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Երեւանի «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկի ժողովասրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպութեամբ խորհրդաժողով մը` «Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում, սփիւռքի դերը համակարգի ձեւաւորման գործընթացում» թեմայով: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագրի քսանամեակի նշումի ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Խորհրդաժողովին նպատակն էր Հայաստանի մէջ երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգիլման, երեխայի զարգացման վրայ խնամատար հաստատութիւններու ազդեցութեան, Հայաստանի մէջ այլընտրանքային...

Մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Վարժարաններու Անձնակազմերուն. Զմմառու Վանքին Մէջ«Պատկանելիութիւն» Թեմայով Շահեկան Համագումար

Շաբաթ, 29 սեպտեմբեր 2012-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնութիւնները, վարչական պաշտօնէութիւնը եւ բաժանմունքներու պատասխանատուները Զմմառու վանքին մէջ մասնակցեցան «Պատկանելիութիւն» թեմայով համագումարին: Առաւօտեան պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան: Իր պատգամին մէջ վարդապետը մաղթեց, որ 2012-2013 տարեշրջանը կրթական, ազգային եւ հոգեւոր առումով ծառայէ իր առաքելութեան: Պատարագէն ետք համագումարի առաջին զեկուցումը փոխանցեց Անդրանիկ...

«Կանաչապատուած» Բակին Մէջ Ուրախ Եւ Զուարթ Մթնոլորտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մեսրոպեանի Մանկապարտէզին Բացումը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզին վերամուտը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 7:45-ին, մանկապարտէզի վերանորոգուած բակին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ ծնողներու: Տէրունական աղօթքէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Մարիա Պէoճեքեան յոյս յայտնեց, որ նոր տարեշրջանին աշակերտները ուրախ եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ կ՛անցընեն օգտաշատ պահեր: Ապա մանկապարտէզի ուսուցչուհիները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն բեմավարն էր մանկապարտէզի ուսուցչուհի Շողիկ Եփրեմեան:...

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 21-րդ Տարեդարձը

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան տեղական վարչութեան, ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան», սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային յատուկ հանդիսութիւն` նուիրուած անկախ Հայաստանի 21-րդ տարեդարձին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ Արամ Սեփեթճեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը անկախ պետականութեան եւ զայն նկատեց մեր ազգային արժանապատուութիւնը` իբրեւ գրաւական ունենալով...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Վերամուտ

Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012-ին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի շրջափակէն ներս, աշակերտութիւն եւ ծնողներ խուռներամ ժամանած էին` դիմաւորելու նոր տարեշրջանը: Աշակերտներու խանդավառութեան ճիչերուն ու ծափահարութիւններուն զուգընթաց, վարժարանիս առաւօտեան առաջին զանգը հնչեց: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր բարի գալուստի խօսքով բոլորին բարեբեր տարեշրջան մը մաղթեց: Տնօրէնուհին, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն խիզախ կամքն ու   կորովը դրուատելով, անդրադարձաւ Սրբոց...

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ Այցելութիւն` Ազունիէի Ազգ. Բուժարան

«Աշխէն» մասնաճիւղի այցելուները տնօրէնին եւ Սեմ Րագուպեանին հետ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ արձանագրած էր այցելութիւն մը` Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ուզեցինք պահել մեր աւանդութիւնը, նախորդ տարիներուն նման կատարեցինք մեր այցելութիւնը: Վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամներով նախօրօք պատրաստեցին հայկական ճաշ` մածունով քիւֆթէ, որուն պատրաստութիւնը կը պահանջէ ժամանակ եւ բծախնդիր աշխատանք: Այս առիթով ունեցանք բարեկամներ, որոնք դիւրացուցին մեր...

Արարատի Խորհուրդով. (Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Վերամուտը)

Կրթական 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտը սովորականէն տարբեր վերամուտ մը եղաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութեան համար: Տարբերութիւնը քոլեճին 80 նորեկ աշակերտները չէին, ո՛չ ալ քոլեճին բարեկարգուած հանդիսասրահն ու դասարաններն էին, այլ վերամուտի առիթով աշակերտութեան փոխանցուած ազգային իրաւ դաստիարակութեան անմիջական ու տպաւորիչ մէկ օրինակն էր: Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերի առաւօտուն, աշակերտներ քոլեճ ներկայացան բարձր տրամադրութիւններով, կրթական նոր տարեշրջան մը սկսելու մեծ...

Վերամուտը` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանին Մէջ

Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան, Ս. Խանամիրեան ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը վերամուտի առիթով ստացաւ Ս. հաղորդութիւն: Երջանկութեան նշոյլը գծագրուած էր իւրաքանչիւր աշակերտի երեսին: Անոնք ուրախ էին, որ դպրոցը կրկին անգամ իր դռները բացած էր, ուստի անոնք պիտի ըմբոշխնէին դպրոցին կողմէ հրամցուած վայելքները` գիտութիւնը, խաղը եւ երջանիկ ու առողջ միջավայրը: Կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ, որ շարունակութիւնն էր նախորդ օրուան վերամուտի առիթով իրենց...

ՄԱՀԱԵ. Միութեան Լիբանանի Կրթական Խորհուրդ. Գնահատանքի Երեկոյ

ՄԱՀԱԵ. միութեան Լիբանանի Կրթական խորհուրդը, ըստ տարիներու աւանդութեան, ամէն կրթական տարեշրջանի աւարտին կը պատուէ Հայ աւետ.  վարժարաններուն մէջ պըրըվէի եւ պաքալորէայի յաջողած աշակերտները: Այս առիթով, չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի Հերիթաժի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ պատշաճ հանդիսութիւն մը` ներկայութեամբ հոգեւոր հովիւներու, տնօրէններու, կրթական մշակներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, երեկոն սկսաւ...

Հարպոյեան Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Առաջին Զանգը Հնչեց

Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին հնչեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2012-2013 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը, եւ աշակերտութիւնը վերամուտը սկսաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մատուցմամբ, որուն ընթացքին պատարագիչը Վարդան վրդ. Գազանճեան, բարեբեր եւ յաջողութեամբ ծաղկող ճանապարհ մը մաղթեց աշակերտներուն, իսկ ուսուցիչներուն համբերութիւն եւ կորով` իրենց ազգակերտ առաքելութեան մէջ: Պատարագի աւարտին, աշակերտները ունկնդրեցին տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանին...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ներկայութեամբ` Այնճարի Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Վերամուտը

Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին հնչեց 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտի առաջին զանգը: Առաւօտեան աղօթքէն ետք վարժարանին աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմին ու տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիրի շրջափակը` զետեղելու համար ծաղկեպսակ եւ մատուցելու իրենց յարգանքը մեր ժողովուրդի խիզախ նահատակներուն: Քանի մը վայրկեան լռութեամբ աշակերտները ուխտեցին շարունակել իրենց պապենական հերոսներուն բացած ուղին ու անոնց նման ըլլալ միշտ յաղթական ու...

Վերամուտը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերի առաւօտեան,  վերամուտի առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ: Վարժարանի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն` յուսալով, որ վերամուտը կ՛ըլլայ բարի եւ յաջողութեամբ լեցուն: Ապա ան բեմ հրաւիրեց նորեկ աշակերտները, ներառեալ սուրիահայերը եւ անոնց նուիրեց ծաղիկներ: Ան նաեւ կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր` Գեղամ արք. Խաչերեանի վերամուտի առիթով պատրաստած խօսքը: Ապա...

Երգիչներ Կիլպըրթ Սայմընի Եւ Հրաչ Կայծակեանի Մասնակցութեամբ` Մեսրոպեան Վարժարանը Նոր Տարեշրջանը Սկսաւ Իւրայատուկ Հանդիսութեամբ Եւ Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու եւ մեծաթիւ ծնողներու: Դպրոցը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով եւ վերամուտի մթնոլորտը խորհրդանշող մեծ պաստառով: Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի պահպանիչով, որմէ ետք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի բարի...

Page 99 of 114 1 … 98 99 100 … 114

Արխիւներ