Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

September 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերի առաւօտեան,  վերամուտի առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ: Վարժարանի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն` յուսալով, որ վերամուտը կ՛ըլլայ բարի եւ յաջողութեամբ լեցուն: Ապա ան բեմ հրաւիրեց նորեկ աշակերտները, ներառեալ սուրիահայերը եւ անոնց նուիրեց ծաղիկներ: Ան նաեւ կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր` Գեղամ արք. Խաչերեանի վերամուտի առիթով պատրաստած խօսքը:

Ապա տնօրէնը շնորհաւորեց քոլեճի աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները, որոնց անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ անցեալ տարուան պետական քննութիւններուն կարելի եղաւ արձանագրել պատուաբեր արդիւնքներ` (28-29 պրէօվէի ու 23/24 պաքալօրէայի պարագային). ան շեշտեց, որ այս քոլեճի աշակերտ ըլլալը դիւրին չէ, որովհետեւ աշակերտները պէտք է ամէն ջանք թափեն, զիրենք նախորդող շրջանաւարտներուն նման բարձր պահելու իրենց քոլեճի անունը, թէ՛ կրթական ու թէ՛ ազգային կեանքին մէջ: Ան բեմ հրաւիրեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց, քոլեճի շրջանաւարտներ` Տէյվիտ, Քրիսթիան եւ Կի Մանուկեաններուն, որոնց նիւթական ու բարոյական աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ նորոգութիւններ կատարել դասարաններուն մէջ եւ ամբողջացնել ֆութպոլի դաշտի ծրագիրը:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազանը եւս իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն գոհունակութիւն յայտնեց, որ հայկական վարժարանները լեցուած են հայ աշակերտներով: Ան բացատրեց, որ հայկական դպրոցը միայն դպրոց չէ, այլ նաեւ տուն է, որուն մէջ հայկական մեծ ընտանիքի` հայ ժողովուրդի զաւակները կ՛ապրին եւ կը մեծնան:

«Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ երբ կը մեծնաք, պիտի ստանձնէք պատասխանատուութիւններ, որոնց համար պէտք է պատրաստուած ըլլաք, դաստիարակուած ըլլաք իբրեւ հայ»,  շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը ունի իր անունը, պատկանելիութիւնը, պատմութիւնը, պատիւը, մշակոյթը, սովորութիւնները, որոնց պէտք է տէր կանգնինք: «Ներկայիս ասոնց տէրերը մեծերն են, սակայն ապագային դուք տէր պիտի կանգնիք», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը:

Ան յայտնեց, որ դպրոցը ազգային հայկական մեծ ընտանիքի տունն է, որուն զաւակներն են ներկայ սերունդները: «Հայ ժողովուրդը պարտականութիւններ ունի իբրեւ հաւաքականութիւն եւ այսօր այդ պարտականութիւններուն նկատմամբ պատասխանատու է», շեշտեց սրբազանը` միաժամանակ ընդգծելով, որ իբրեւ հաւաքական ժողովուրդի զաւակներ, հայ աշակերտները, ուր որ ալ երթան, հայկական վարժարանին մէջ օտար չեն զգար, որովհետեւ իրենք տանտէր են: Ան օրինակ տուաւ սուրիահայերու պարագան, որոնք այս տարի եկած են մեր վարժարանները, անոնք իրենց դպրոցին մէջն են եւ տանտէր են:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն մաղթեց ուրախ, յաջող, խաղաղ եւ արդիւնաւէտ տարի մը:

Աւարտին աշակերտները «Միասնութեան շուրջպար» բռնելէ ետք խանդավառ մթնոլորտի մէջ բարձրացան իրենց դասարանները:

Նախորդը

Երգիչներ Կիլպըրթ Սայմընի Եւ Հրաչ Կայծակեանի Մասնակցութեամբ` Մեսրոպեան Վարժարանը Նոր Տարեշրջանը Սկսաւ Իւրայատուկ Հանդիսութեամբ Եւ Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ներկայութեամբ` Այնճարի Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Վերամուտը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.