Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կանաչապատուած» Բակին Մէջ Ուրախ Եւ Զուարթ Մթնոլորտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մեսրոպեանի Մանկապարտէզին Բացումը

October 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզին վերամուտը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 7:45-ին, մանկապարտէզի վերանորոգուած բակին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ ծնողներու:

Տէրունական աղօթքէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Մարիա Պէoճեքեան յոյս յայտնեց, որ նոր տարեշրջանին աշակերտները ուրախ եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ կ՛անցընեն օգտաշատ պահեր:

Ապա մանկապարտէզի ուսուցչուհիները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն բեմավարն էր մանկապարտէզի ուսուցչուհի Շողիկ Եփրեմեան: Ուսուցիչները հայկական եւ օտար պարերով ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ հաճելի մթնոլորտ: Մանկապարտէզի աշակերտները մասնակցեցան շուրջպարին, որուն ծնողները միացան ծափահարութիւններով: Այս առիթով աշակերտներուն բաժնուեցան կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով պատրաստուած «Վերամուտ» բառը կրող դրօշակներ:

Աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ վերամուտի հանդիսութեան հոգատարութիւնը, գուրգուրանքն ու ժպիտը աշակերտներուն պիտի ընկերակցի ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ տնօրէնութիւն-ուսուցիչներ-ծնողք գործակցութեամբ կ՛իրականանան մանկապարտէզին ծրագիրները, որովհետեւ` «Մեր աշակերտները արժանի են լաւագոյնին»:

Անդրադառնալով Մեսրոպեան վարժարանի նորութիւններուն, Կ. Գալուստ ըսաւ, որ մանկապարտէզի բակին «կանաչապատում»-ը առաջին քայլն է, եւ յառաջիկային պիտի իրականան բարգաւաճման նպաստող այլ աշխատանքներ, որովհետեւ կրթական կառոյցները մշտապէս զարգացման մարտահրաւէրը ունին: Կրեկուար Գալուստ մաղթեց, որ վերանորոգուած բակին նման, մանկապարտէզը կ՛ունենայ կանաչ տարեշրջան մը, լի նոր յաջողութիւններով եւ իրականացնելով կրթական, ազգային եւ հոգեւոր նպատակները:

Մանկապարտէզի նոր տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք աշակերտները զուարթ մթնոլորտի մէջ սկսան իրենց աշխատանքներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Ֆութպո՞լ, Թէ՞ Պար

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Վարժարաններու Անձնակազմերուն. Զմմառու Վանքին Մէջ«Պատկանելիութիւն» Թեմայով Շահեկան Համագումար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.