Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատի Խորհուրդով. (Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Վերամուտը)

October 2, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրթական 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտը սովորականէն տարբեր վերամուտ մը եղաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութեան համար: Տարբերութիւնը քոլեճին 80 նորեկ աշակերտները չէին, ո՛չ ալ քոլեճին բարեկարգուած հանդիսասրահն ու դասարաններն էին, այլ վերամուտի առիթով աշակերտութեան փոխանցուած ազգային իրաւ դաստիարակութեան անմիջական ու տպաւորիչ մէկ օրինակն էր:

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերի առաւօտուն, աշակերտներ քոլեճ ներկայացան բարձր տրամադրութիւններով, կրթական նոր տարեշրջան մը սկսելու մեծ խանդավառութեամբ: Նորեկ աշակերտներու մեծ թիւը եւ սուրիահայ աշակերտներու ներկայութիւնը յաւելեալ հետաքրքրութիւն մը ստեղծեցին բոլորին մօտ`կրթական նոր տարեշրջանի նորութիւններուն մօտէն ծանօթանալու համար:

Կրթական տարեշրջանը հոգեպէս վերանորոգուած սկսելու համար աշակերտներ, իրենց ուսուցչիներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ հաղորդութիւն ստանալէ ետք վերադարձան քոլեճ: Ապա բոլորը հաւաքուեցան քոլեճին հանդիսասրահը, ուր տնօրէն Վիգէն Աւագեան կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի պատգամը` վերամուտի առիթով: Յաջորդեց քոլեճի անցնող տարուան գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզին ցուցադրութիւնը: Այս առիթով, նորեկ աշակերտներ ծանօթացան Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին, իսկ հին աշակերտներ վերյիշեցին կրթական տարուան մը իրենց բազմերես աշխատանքները:

Ու մինչ վերամուտի հանդիսութիւնը կը շարունակուէր սովորական կերպով, անակնկալ մը եկաւ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւելու: Վերջին պահու կարգադրութեամբ մը բեմ ներկայացաւ քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Պետիկ Գասպարեան` տնօրէնութենէն խնդրելով որ առիթ տրուի իրեն սրտի խօսք փոխանցելու աշակերտութեան, որովհետեւ «կարեւոր ըսելիք մը ունի»: Գասպարեան աշակերտութեան ներկայացաւ իբրեւ քոլեճի 2003 տարուան շրջանաւարտ, յիշեց քոլեճին մէջ ուսումնառութեան յիշատակելի տարիները եւ ըսաւ, որ քոլեճի մէջ ուսանողութեան տարիներուն, հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահերուն Արարատի նկարը միշտ եղած է իր աչքերուն դիմաց: Հմայուած է Արարատի խորհուրդով եւ դաստիարակուած է սրբազան լերան հասնելու համահայկական տեսիլքով:

Շարունակելով իր խօսքը, շրջանաւարտ Գասպարեան յայտնեց, որ վերամուտի առիթով քոլեճ եկած է զինք կրթած ու մեծցուցած հաստատութեան պատասխանատուներուն եւ աշակերտներուն ըսելու, որ իր ստացած դաստիարակութիւնը արդիւնաւորուած է, ինք իր խոստումը կատարած է եւ ամիս մը առաջ նուաճած է Արարատի գագաթը: Գասպարեան նշեց. «Հոն, Արարատի բռնագրաւեալ գագաթէն, սոֆիայակոբեանականի տարիներու երազս իրականացուցի եւ այնպէս մը ազատութիւն գոռացի, որ աշխարհի չորս ծագերու հայերը լսեն, դառնան մէկ բռունցք, միասնական պայքարի մարտիկ եւ օրէ օր քիչ մը աւելի մօտենան նուիրական այդ լեռը ազատ ու անկախ Հայաստանին վերամիացնելու քայլին»:

Այս առիթով, Գասպարեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան` յաւելեալ սիրով փարելու իրենց քոլեճին եւ յաւելեալ աշխատասիրութեամբ սերտելու հայեցի կրթութեան դասանիւթերը, օրին մէկը իրեն նման Արարատի գագաթը հասնելու համար: Իր խօսքին աւարտին, Գասպարեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին յանձնեց յուշանուէր մը, որ կ՛ընդգրկէր ապակեայ տուփի մէջ Արարատի գագաթէն բերուած հայկական հող եւ ջուր: Ան մաղթեց, որ այդ սրբազան հողն ու ջուրը նոր աւիշ տան քոլեճին հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ, վերամուտի հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ տնօրէն Վիգէն Աւագեանի` աշակերտութեան կատարած կրթական, մանկավարժական ու կարգապահական փոխանցումներով, որոնց մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին սուրիահայ աշակերտութեան կրթական աշխատանքները դիւրացնող թելադրանքները:

Նախորդը

Վերամուտը` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.