Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկենդանի Խանդավառութիւն Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճին Մէջ

February 21, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բուն բարեկենդանը հայ ժողովուրդի հնագոյն տօներէն է: Այս տօնը բնորոշուած է իբրեւ հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու խանդավառը:

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ եւս բարեկենդանի տօնախմբութիւնը ունի իր իւրայատուկ տեղը: Առ այդ, ուրբաթ, 15 փետրուար 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, դպրոցին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աւանդական Բարեկենդանի խրախճանքը, որ արդէն աւանդական դարձած է եւ սպասուած բոլորին կողմէ:

Ներկաները ծպտուած էին տարբեր կերպարներով: Այս տարի յատկանշական էր այն երեւոյթը, որ մեծաթեւ աշակերտներ ծպտուած էին խնամուած կերպով պատրաստուած «ձեռային» մտայղացքներով, որոնց յաջողութեան եւ լաւագոյնս ներկայացնելու ճիգ չէին խնայած մեր վարժարանի սիրելի ծնողները:

Պարերու, խաղերու կողքին, տեղի ունեցաւ «լաւագոյն ծպտում», մրցումը, որուն աւարտին ընտրուեցան լաւագոյն ծպտուող աշակերտները, ապա ընտրուեցաւ «լաւագոյններուն լաւագոյնը»:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք բոլոր ներկայ փոքրիկները ստացան նուէրներ, իսկ վարժարանին Տիկնանց յանձնախումբը ներկաները հիւրասիրեց Բարեկենդանի յատուկ կարկանդակներով:

Նկատի ունենալով, Բարեկենդանը ժողովրդական պարերու, թատերախաղերու, աւանդական հարսանիքներու եւ խնճոյքներու տօն էր, այս տարի միջնակարգի տօնախմբութիւնը իւրայատուկ կերպով տեղի ունեցաւ: Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, ուզեցին անցեալը ներկային միախառնելով` երեկոյեան ժամը 7:00-ի Բարեկենդանի խրախճանքի բացումը կատարել աւանդական հարսանիքով, տհոլի եւ զուռնայի ընկերակցութեամբ: Անոր յաջորդեց կերուխումի եւ հարսանեկան կարկանդակի հատումի խնճոյքը: Կը տիրէր տօնական ճոխ մթնոլորտ, ապա տեղի ունեցան խաղեր, ժողովրդային պարեր, «լաւագոյն ծպտում» մրցում:

Տօնական խանդավառ այս մթնոլորտը տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը` անմոռանալի եւ գեղեցիկ յիշատակներ դրոշմելով աշակերտներուն հոգիներուն մէջ:

Նախորդը

Խաղողի Կուտի Եւ Գողտկուրի (Borage) Օգուտները. Խաղողի Կուտը

Յաջորդը

Երրորդ Տարին Ըլլալով Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցումը Կայացաւ Առողջ Մրցակցութեան Եւ Քաջալերական Մթնոլորտի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.