Միջինքի Աւանդական Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2013-ին տեղի ունեցաւ միջինքի աւանդական ձեռնարկը, որուն հասոյթը կը տրամադրուի չքաւոր սաներու: Յայտագրին բացման խօսքը կատարեց Մարալ Հարպոյեան, որ առաջին հերթին գնահատեց տիկնանց միութեան գործունէութիւնն ու ծաւալած աշխատանքը, միութեան հետապնդած նպատակը եւ աւելցուց, որ չկայ աւելի վեհ ու նուիրական կոչում եւ սէր, քան անձի մը պատրաստակամութիւնը իր կեանքը զոհելու կարիքաւորներուն, անկարին,...
