Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախին Ու Վարդանանց Ճակատամարտին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Պաշտօնական Յայտարարութիւն Եւ Նախակրթարանի Վարդանանց Տօնակատարութիւն

February 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակին եւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած նախաձեռնութիւններու պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր` երեքշաբթի, 5 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, ներկայութեամբ վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին:

Հաւաքին վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մանուէլլա Օհաննէսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները իրենց գործունէութեամբ եւ ծառայութիւններով պէտք է հետեւին հերոսներու սրբազան եւ նուիրական ուղիին: Օհաննէսեան աւելցուց, որ Վարդանանց ճակատամարտի եւ արցախեան պայքարի նահատակները անմահ կը մնան, այնքան ատեն որ ժառանգորդները կը մնան անոնց արժանի զաւակները:

Ապա Արցախի քայլերգի ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ ըսաւ, թէ Քրիստոսի եւ հայրենիքի համար կռուեցան մեր քաջերը, որոնց երթը պիտի շարունակէ գալիք սերունդը: Կ. Գալուստ հաստատեց, որ պիտի գայ օրը, երբ Մասիս սարը պիտի վերադառնայ իր իսկական տիրոջ:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ նախակրթարանի աշակերտութեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց 6-րդ դասարանի աշակերտուհի Կալի Խաշոլեան, որ նշեց, թէ 16 դարեր անցած են եւ տակաւին Վարդանանքը կը մնայ ուխտի եւ կամքի վերանորոգման առիթը. ուխտ` քալելու վարդաններու եւ ղեւոնդներու ուղիով, կամք` շարունակելու ազգապահպանման պայքարը:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, որ ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտին հոգեւոր եւ ազգային արժէքն ու կարեւորութիւնը: Հայր Զահթերեան շեշտեց, որ հայ աշակերտները պէտք է հպարտ զգան իրենց պատկանելիութեամբ եւ արժէքներէն երբեք զիջում չկատարեն ո՛չ պարսիկին, ո՛չ թուրքին եւ ո՛չ ալ ազերիին: Մաշտոց վրդ. Զահթերեան ըսաւ, որ արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթանակը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ վարդաններու երթը կանգ չէ առած:

Վարդանանց տօնակատարութեան ընթացքին առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները ասմունքով եւ երգերով ստեղծեցին տօնական խանդավառ եւ ազգային մթնոլորտ: Աշակերտները նաեւ դիտեցին Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տեսերիզ մը:

Աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ աշակերտները պէտք է հաւատարիմ մնան Վարդաններու կտակին եւ հաւատքով վերանորոգեն իրենց ուխտը:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Ի՞նչ Գոյնի Պնակի Մէջ Պիտի Ուտենք Մեր Ճաշը Այսօր

Յաջորդը

Աջակից Դառնանք Սուրիոյ Մեր Ամրոցին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.