Ներողութիւն, Յորդոր, Հարցումներ
Հ. Փ. «Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը: Այդ հարցումով սկիզբ կ՛առնէր Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան հարցերը ներկայացնող ամփոփ եւ ընդհանուր ներկայացումը, որ կրթական տարեշրջանի աւարտին մատուցուեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն, Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ: «Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը: Եւ միշտ ալ պատասխանը յստակօրէն ժխտական էր, ու հաւատացէք, թէ` անկեղծ նաեւ: Ջաւախքի մասին մեր գաղութի անգիտութիւնը...