Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ

December 1, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2011-ի միջօրէին ՀԲԸ Միութեան Դարուհի- Յովակիմեան վարժարանին հիւրերն էին «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապաքեանն ու ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ «Դէպի Հայք» ծրագրի մասնակից Քաթրին Մուղալեանը:

«Դէպի Հայք» միջազգային բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է 2003-ին: Ծրագրին հիմնական խնդիրն ու նպատակն է զարգացնել ու ամրապնդել կապը հայրենիքի  ու սփիւռքի երիտասարդներուն միջեւ` վերջիններուն հնարաւորութիւն տալով մասնակցելու Հայաստանի առօրեայ կեանքին ու կամաւորական աշխատանքի միջոցով շօշափելի ներդրում ունենալու հայրենիքի զարգացման գործին մէջ:

20-32 տարեկան երիտասարդ մասնակիցներուն հայկական ծագում ունենալը ծրագրի կարեւոր նախապայմաններէն է, ինչպէս նաեւ անոնց առնուազն երկամսեայ կեցութիւնը` Հայաստանի մէջ: Իւրաքանչիւր մասնակիցի միայն մէկ անգամ վերապահուած է օգտուիլ հիմնադրամին առաջարկած ճանապարհածախսի փոխհատուցման ծրագրէն: Հայաստան հասնելնէն ետք, իրենց մայրենիին անծանօթ մասնակիցները կրնան հետեւիլ անվճար դասընթացներու, առաւել` կազմակերպուած բազմաթիւ շրջապտոյտներու միջոցով անոնք կրնան ճանչնալ երկիրը, անոր հարստութիւններն ու մշակութային ժառանգութիւնը:

2004-էն մինչեւ այսօր «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը հովանաւորած է 25 երկիրներէ 600 սփիւռքահայ կամաւորներու գործուղումը Հայրենիք: Մեր վարժարանի «Զապէլ Մովսէսեան» սրահին մէջ, Սեւան Գապաքեանը նշեց այս կազմակերպութեան առաքելութեան հետ առնչուած այս եւ այլ  մանրամասնութիւններ, եւ այդ կարճ հանդիպումը վերածուեցաւ խորհրդածումի եւ կարծիքներու փոխանակման պատեհ առիթի:

Իրապէս դրական ու գնահատելի երեւոյթ, որ կը գօտեպնդէ կրթական համակարգի աշխատողները: Սփիւռքահայ երիտասարդին համար բացառիկ առիթ կը ստեղծուի երթալ ու ծանօթանալ իր երկրին` այն երկրին, որուն պարտական է ինք իր պատկանելիութեամբ: Ակամայ հայրենի հողէն դուրս ապրելով` մենք ի վերջոյ մէկ նպատակ կը հետապնդենք` հայու  ոգի ներարկել նոր սերունդին, անոր ազգային ինքնագիտակցութիւնը բարձրացնել եւ մեր սաներուն հայեացքները ուղղել դէպի Հայաստան, որուն ուժը մե՛ր ուժն է, եւ որուն բարելաւման ու բարգաւաճման  համար պատասխանատու ենք անխտիր բոլո՛րս:

Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սեւան Գապաքեանին եւ Քաթրին Մուղալեանին, իրենց ազգանուէր ծառայութեան, նուիրումին եւ մեր կարողութիւններուն ծիրէն ներս մեր հայրենիքին օգտակար հանդիսանալու մեզի ներկայացուած այս առիթին համար: Վարձքերնիդ կատա՛ր, սիրելիներ: Մաղթենք եւ ջանք չխնայենք որ մեր երիտասարդները ճիշդ ընտրութիւն կատարեն ու քալեն Ս. Գապաքեանին եւ Մուղալեանին անցած դժուարին, բայց հոգեպարար այդ ուղիէն:

ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ԶՕՐԱՆՈՑ

Յաջորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԸ ՋԱՏԱԳՈՎ` ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.