Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, աւելի քան 650 հանդիսականներու ներկայութեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական է, պատուական է» ժողովրդային երգերու համերգ` ի նպաստ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ աղքատախնամին, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ «Նարեկացի» երգչախումբին, գեղարուեստական խմբավար` Երուանդ Քէշիշեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Գարոլին Գազեզեանի, մասնակցութեամբ` ժողովրդային գործիքներու:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին Կարօ Աղազարեան եւ Սեւան Պետրոսեան: Անոնք նկատել տուին, որ սոյն համերգը կը նպատակադրէ վերակենդանացնել ժողովրդային հին երգերը` հայ մշակոյթին նկատմամբ աւելի նախանձախնդիր ըլլալու նպատակով:
Այնուհետեւ 27 հոգիէ բաղկացած երգչախումբը մեկնաբանեց հայկական ժողովրդական, աշուղական եւ սիրային երգերու փունջ մը` Կոմիտասէն, Պատալեանէն, Սայաթ Նովայէն, Ա. Պապաճանեանէն, Թ. Ալթունեանէն, Ք. Կարա-Մուրզայէն, Ա. Այվազեանէն, Կ. Զաքարեանէն, Գուսան Հաւասիէն, Է. Թորիկեանէն եւ Է. Յովհաննէսեանէն: Գնահատելի է խմբավար Երուան Քեշիշեանի տարած աշխատանքը, որ կ՛արտացոլար երգչախումբի կատարումներուն ընդմէջէն: Գերազանց էր Ալիս Իբրաճեանի կատարողութեամբ «Թամամ աշխարհ» մեներգը, որ բարձր գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, «խնճոյք»-ի ու «կենաց» երգերը` Յովիկ Թաֆրանեանի կատարողութեամբ, Լուսին Տեմիրճեանի մեկնաբանած մեներգները, ինչպէս նաեւ գնահատելի էին մեկնաբանած զուգերգները, ժողովրդային գործիքներու ներկայացումը, նաեւ մենապարուհի Արուս Կայծակեան, որ յաւելեալ փայլք մը տուաւ համերգին:
Ելոյթի ասւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ակնարկելով «Հայկական է, պատուական է» կարգախօսին` նկատել տուաւ, որ ասիկա ժողովուրդին խօսքն է` մեկնելով իրականութենէ մը, որ մենք կ՛ապրինք այսօր: «Այս կարգախօսը զգացում է, ապրելակերպ է, մտածելակերպ է, առօրեայ կեանք է», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ հայկականը պէտք է մեր տուներուն մէջ մնայուն կերպով գոյութիւն ունենայ եւ մենք հպարտ ըլլանք հայ ըլլալով:
Անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան` սրբազանը շեշտեց, որ հայ եկեղեցին իր գոյութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ ազգային դերակատարութիւն ունենալ: «Հայ եկեղեցին Քրիստոսի հաւատքը հայկականացած կերպով կու տայ եւ կը պահէ», հաստատեց սրբազանը` շեշտելով, որ հայկական նկարագիրի պահպանման մէջ հայ եկեղեցին կը շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը: Սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդին տէր կանգնելու հայ եկեղեցւոյ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը գնահատեց երգչախումբը, եւ բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին ելոյթի յաջողութեան: Ան յայտարարեց, որ սոյն ելոյթի սրահին վարձքը եւ յարակից ծախսերը պիտի ստանձնէ «Եռագոյն ֆոնտ»-ը` առ ի գնահատանք երգչախումբի կատարումներուն:


