Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ

December 6, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 նոյեմբեր 1951-ին կը մահանայ Հայ Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթ: Չորեքշաբթի, 30 նոյեմբեր 2011-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ Լսարանական միութիւնը նշեց մեծ հայուն ու մեծ մանկավարժին մահուան 60 -ամեակը` ներկայութեամբ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց Լսարանական Միութեան նախագահ Սարհատ Գեթսեմանեան, ապա Թ. դասարանէն Գուրգէն Փափազեան ասմունքեց Լեւոն Շանթի «Ես պատրանքը սիրեցի» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Ալիս Գազանճեան, որ աշակերտած է Լեւոն Շանթի, ապա երկար տարիներ մաս կազմած Ճեմարանի անձնակազմին, նախ` իբրեւ ուսուցիչ, հետագային` իբրեւ կրթական պատասխանատու:

Ան աշակերտներուն պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ինք ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախեց Ճեմարան եւ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Լեւոն Շանթի: Ալիս Գազանճեան ըսաւ. «Լեւոն Շանթ մանկավարժութիւն կը դասաւանդէր մեզի: Հոյակապ մանկավարժը, որ չէր հաւատար պատիժի ու նիշի, մեզի սորվեցուց ինչպէ՛ս վարուիլ աշակերտին հետ, ինչպէ՛ս խօսիլ անոր հետ»: Ան շարունակեց պատմել, թէ ինչպէ՛ս 1945-ին` Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Լեւոն Շանթ զինք կանչած էր ու խնդրած, որ թուաբանութիւն դասաւանդէ: Այնուհետեւ Ալիս Գազանճեան իր նախասիրած ճիւղը փոխելով կը մասնագիտանայ մանկավարժութեան ու հոգեբանութեան մէջ, հետեւելով իր պաշտած տիպարին` Լեւոն Շանթին: «Եթէ մեռնիմ ու պատահի որ նորէն ծնիմ, նորէն ուսուցիչ կ՛ըլլամ», ըսաւ ան:

Յուշ մը եւս պատմելով` Ալիս Գազանճեան աւարտեց իր խօսքը: « Հիւանդ էր Լեւոն Շանթ. մահէն առաջ` նոյեմբերի վերջին օրերուն, իրեն այցելութեան գացինք: Իր մասին չխօսեցաւ, հարցուց դպրոցին մասին, հարցուց «թէ քանի՞ հոգիէ բաղկացած են դասարանները եւ զգուշացուց, որ դասարանի մը աշակերտութեան թիւը 24-ը չանցնի…: Այսպէս էր Լեւոն Շանթ, իր զաւկին մահուան յաջորդ օրը դպրոց ժամանած ու սովորականին պէս իր պարտականութիւնը կատարած անձին խօսքը կրկնենք` ՄԱՀԸ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ ԿԵԱՆՔԸ ԻՐ ՃԱՄԲՈՎ ու շարունակենք մեր առաքելութիւնը»:

Լեւոն Շանթի մահուան 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութեամբ:

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԷՃ. ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՎԱՅԵԼԵՑԻՆ «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ» ԵՐԳԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 941 05/12/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.