ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Դաշտագնացութիւնը
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն դէպի Պաթրուն: Աւելի քան 100 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն մեծ խանդավառութեամբ ուղղուեցան դէպի Քաղաքապետարանի դաշտ, ուր իրենց կը սպասէին հանրաշարժները: Դաշտագնացութիւնը սկսաւ սրբավայրերու այցելութեամբ: Խումբը այցելեց Ռաֆաա սրբատեղին, ապա Հարտինի, որմէ ետք` Ս. Նոհրա եկեղեցի: Այնուհետեւ Պաթրունի «Քասր Նայիմ» ճաշարանին մէջ...
