Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի 2011-2012 Տարեշրջանի Բանակում

September 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 26 օգոստոս 2012-ի յետմիջօրէին վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի 2011-2012 տարեշրջանի բանակումը` Ռաս Մեթն գիւղին մէջ:

Բանակումին նպատակն էր վերանորոգել մասնաճիւղային սկաուտական ոգին եւ խրախուսել սկաուտներն ու խմբապետները` միաժամանակ անոնց մէջ ամրապնդելով սկաուտական սկզբունքները եւ աւելի ու աւելի կապելով զանոնք ՀՄԸՄ-ին:

Ինը օրերու վրայ երկարող այս բանակումը եղաւ շատ յատկանշական` բանակումի բնաբանով, որ «Ողիմպիական խաղեր»-ն էր, եւ բանակավայրը վերածուած էր յունական Օլիմփիա քաղաքին` հետեւեալ դասաւորումով. երէց` «Քաղաքի բաղնիքներ», պարմանուհի` «Արձագանգներու սրահը», արի` «Ծանրաբարձրութեան մարզադաշտ», արենուշ` «Քաղաքի շուկաները», գայլիկ` «Փորձերու մարզասրահ» արծուիկ` «Տաճար», մոկլի` «Իրաւարարներու իջեւան»,  նաեւ` իր կազմակերպութեամբ, որ յատուկ սկաուտական էր` հետեւելով տարեշրջանի «Մարմնակրթական» թեմային:

Բանակումը նախորդող շաբաթներուն, մասնաճիւղին Սկաուտ խորհուրդն ու խմբապետական կազմը կատարեցին կազմակերպական անհրաժեշտ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ  սկաուտական խմբաւորումները հերթական հաւաքներով պատրաստեցին բանակումին անհրաժեշտ գոյքերը:

Ուրբաթ, 17 օգոստոսի յետմիջօրէին բանակավայր հասաւ երէցներու «Զարեհեան» փաղանգը եւ անցաւ անհրաժեշտ մատակարարման աշխատանքներուն, փաղանգը իր խմբային աշխատանքներուն կողքին, ստանձնած էր բանակավայրի յարդարումն ու զայն բնակելի տարածքի մը վերածելու առաքելութիւնը` զայն օժտելով լոգարանով եւ այլ անհրաժեշտ բաժանմունքներով:

Շաբաթ, 18 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, պարմանուհիներու «Մեղրի» փաղանգները, արիներու Ա. խումբն ու արենուշներու Բ. խումբը մեկնեցան բանակավայր եւ անմիջապէս պատրաստելու սկսան բանակավայրին մուտքն ու դրօշակի կայմին շինութիւնը:

Աստիճանաւոր գայլիկ-արծուիկները բանակումին միացան երկուշաբթի, 20 օգոստոսի առաւօտեան, եւ տեղի ունեցաւ բանակումին պաշտօնական բացումը:

Յաջորդող 2 օրերը յատկացուած էին բանակավայրերու յարդարման:

Երէցները պատրաստեցին իրենց լոգարանները: Պարմանուհիները շինեցին արձագանգող պատերով բանակավայր մը: Արիները իրենց «լաւագոյն» բանակավայր շինեցին ծանրաբարձութիւն ընող հսկայի ձեռային` մուտք  ու խմբակային բանակավայրեր:

Արենուշները իրենց բանակավայրը  վերածեր էին «քաղաք»-ի շուկային, ուր կարելի էր ապահովել մարզիկներու անհրաժեշտ պէտքերը:

Արծուիկները ունէին իրենց տաճարը, իսկ գայլիկները իրենց մարզիկներու փորձի վայրը` լեցուն պատմութեան մէջ յայտնի մարզիկներու մասին պատի թերթերով:

Չորեքշաբթի, 22 օգոստոսին, բանակավայր ժամանեցին նաեւ փոքր գայլիկներն ու արծուիկները, եւ սկսաւ բոլոր խումբերուն յայտագիրը: Գայլիկներն ու արծուիկները իրենց աշխուժութեամբ կեանք տուին բանակավայրին:

Բանակումին տեղի ունեցան յատկապէս տարբեր տեսակի արշաւներ դէպի մօտակայ գիւղերը, խումբերը կատարեցին նաեւ մարզական չարքաշ խաղեր, զրոյցներ, ձեռայիններ եւ տարբեր տեսակի սկաուտական աշխատանքներ:

Խարուկահանդէսի պատրաստութեան եւ աւանդութիւններու մասին դասախօսեց Գէորգ Գազանճեան` պատկանելիութեան նիւթին շուրջ, Արմէն Արեւեան` Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին, Լութֆիկ Այվազեան` Լիբանանի ապահովական ուժերու մասին, Էլի Մալեան եւ «Հորիզոն» նախազգուշական կեդրոնէն`  Արա Գաւլաքեան:

Չորեքշաբթի երեկոյեան բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը եւ հինգշաբթի` նաեւ մասնաճիւղին վարչութիւնը:

Օգոստոս 23-ը յատկացուած էր խաղերուն: Այդ օրը նաեւ տեղի ունեցան մասնաճիւղային հանգրուանային խաղերը` բանակավայրին մէջ, բոլորին մասնակցութեամբ:

Օգոստոս 25-ին բանակավայր ժամանեցին մասնաճիւղին մոկլիները` 3-6 տարեկան, բանակողներուն թիւը բարձրացնելով 155-ի. աննախընթաց թիւ մը:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ պաշտօնական խարուկահանդէսը: Ժամը 5:00-էն բանակավայր սկսան ժամանել ծնողները եւ հիւրերը: Սկաուտները կը կրէին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի յատուկ թի. շըրթ-ները: Բազմաթիւ ծնողներ, հիւրեր եւ այլ մասնաճիւղերէ սկաուտներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղին վարչութիւնը, Սկաուտական խորհուրդը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ներկայ գտնուեցան փակման արարողութեան եւ մրցանակներու բաշխման: Դրօշակի արարողութեամբ վերջ գտաւ բանակումը, «Յառաջ նահատակ»-ի, որուն մասնակցեցան ներկաները, թնդացուց բանակավայրը:

Խարուկահանդէսը իր յատուկ նախաձեռնութեամբ եւ ոճով, որ կապուած էր բանակումի բնաբանին, տարբեր էր այլ տարիներու խարուկահանդէսներէն` իր մուտքերով, յայտագիրներով, պարերով, բուրգերով, ներկայացումներով եւ տեսերիզներու ու սահիկներու ցուցադրութեամբ, որոնք ներկայացուցին բանակումի 9 օրերու խանդավառութիւնը եւ մթնոլորտը ամբողջութեամբ: Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ աւանդական «Ցտեսութիւն» երգով, մարդկային շղթան կազմուեցաւ եւ ներկաները խոստացան «դարձեալ հանդիպիլ»:

Ուրախ մթնոլորտէն եւ երգ ու պարէն ետք, կիրակի, սկաուտները հաւաքեցին բանակավայրը եւ վերադարձան Պէյրութ:

Այս բանակումը լաւապէս ծառայեց իր նպատակին, ան ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը վերածեց գործի, սկաուտներուն միջեւ կապերը սերտացուց, զանոնք վարժեցուց չարքաշ կեանք ապրելու` բնութեան գիրկը:

ՍԿԱՈՒՏ       

Նախորդը

Կրթական Նիւթեր. Ամերիկացիք Ի՞նչ Բան Կը Շարունակեն Անտեսել Ֆինլանտայի Դպրոցներուն Յաջողութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումին Առիթով. Յաղթանակի Երկու Կանչ (Տպաւորութիւններ)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.