Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. Վրդ. Մուրատեանի Անդրանիկ Պաշտօնական Այցելութիւնը Հայաստան

August 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, ընկերակցութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, 18-24 օգոստոս իր պաշտօնական անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Հայաստան: Մեծաւոր հայրը այցելեց մասնաւորաբար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, Մատենադարան, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր եւ մշակութային կառոյցները:

Ընդունելութիւն Զուարթնոց օդակայանին մէջ, եւ հանդիպում
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ  

Ռաֆայէլ արք. Մինասեան` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդը,  անձամբ ընդունեց Լիբանանէն ժամանած հիւրերը, շաբաթ, 18 օգոստոս 2012-ին` առաւօտեան ժամը 4:30-ին, Զուարթնոց օդակայանին մէջ:

Նոյն օրը` առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ռաֆայէլ արք. Մինասեան եւ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, ընկերակցութեամբ  Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին խօսելով Լիբանան կատարած իր այցելութիւններուն մասին նախարարը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Զմմառու վանքին` ըսելով. «Ինծի համար Զմմառը դարձաւ այն վայրը, ուր իմ սրտիս մէկ կտորը թողեցի ու եկայ, որովհետեւ վանքը հայկականութեամբ է լեցուած: Անոնք, որոնք Զմմառու մասին քիչ գիտեն, հայկականութեան մասին քիչ գիտեն: Առաջին հերթին պէտք է մտածել Զմմառը հանրահռչակել»: Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան յատուկ գրութեամբ մը հրաւիրեց նախարարը` հոկտեմբեր 20-ին ներկայ գտնուելու Զմմառու վանքին մէջ Հայ Մշակոյթի կեդրոնի եւ Մատենադարանի վերաբացման հանդէսին, ինչպէս նաեւ Հայկական ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսին` հովանաւորելու այս ձեռնարկները: Հ.  Յակոբեան մեծ ուրախութեամբ ընդունեց հովանաւորել այս ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ համաձայնեցաւ ապագային ծրագիրներ մշակել, որպէսզի Զմմառու միաբանութեան ներկայութիւնը աւելի շօշափելի դառնայ Հայաստանի մէջ: Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Ձայնաւոր սուրբ պատարագ Քանաքեռի մէջ

Կիրակի, 19 օգոստոս 2012-ին` առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան ձայնաւոր Ս. պատարագ մատոյց Քանաքեռի մէջ, առընթերակայութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածամօր դերին` իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ռաֆայէլ եպս. Մինասեանին հետ հիւրերը ուղղուեցան դէպի Գիւմրի, այցելելու համար Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ Տիրամայր Հայաստանի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տունը:

Հանդիպում` Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հետ,
եւ այցելութիւն` Թիֆլիս

Երեքշաբթի, 21 օգոստոս 2012-ին` կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր վեհարանին մէջ ընդունեց Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը, Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանը, եւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը: Այս այցելութեան նպատակն էր նախ շնորհաւորել վեհափառ հայրապետը իր ծննդեան 61-րդ տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալ իրարու` ի սպաս հայ եկեղեցւոյ միութեան: Հանդիպումին աւարտին գերապայծառ Մուրատեան բաց հրաւէրով մը փափաք յայտնեց վեհափառին, որ Զմմառու վանք այցելէ եւ անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր արծաթեայ պատկերը ու վանքի 250-ամեակին նուիրուած ոսկեայ մետալը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արծաթեայ պատկերը նուիրեց գերապայծառին:

Միեւնոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընթրիքով մը պատուեց Հայաստանի առաջնորդն ու Լիբանանէն ժամանած հիւրերը:

Չորեքշաբթի 22 եւ հինգշաբթի, 23 օգոստոսին, պատուիրակութիւնը այցելեց Թիֆլիս (Վրաստան), ուր առաջին հերթին ծանօթացաւ ժողովրդապետութեան, տեղւոյն ժողովրդապետին`  Միքայէլ վրդ. Խաչքարեանին, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին աւելի մօտէն ծանօթանալու քաղաքին:

Նշենք, որ Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան իր այս ճամբորդութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, Խոր Վիրապ, Հաղբատի ու Սանահինի վանքեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցի եւ Սեւանայ լիճ:

ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Նախկին Դպրեվանեցիներու Դպրեվանք Այցելութիւնը

Յաջորդը

Ըստ Հայ Դատի Հարցախոյզին` Ջախջախիչ Մեծամասնութիւն Մը Կ՛ընդդիմանայ Հայ-Թրքական Արձանագրութեանց

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.