Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ականներու Մասնակցութիւն` ՀՕՄ-ի Կազմակերպած Նաւապտոյտին Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Մեծ Յաջողութեամբ Տեղի Ունեցաւ ՀՕՄ-ի Երրորդ Նաւապտոյտը

September 18, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութեան միջազգային երրորդ նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ յունիս  30-էն յուլիս 14-ի միջեւ, մասնակցութեամբ աւելի քան  210  ՀՕՄ-ականներու եւ հայ թէ օտար համակիրներու:

ՀՕՄ-ի այս երրորդ  նաւապտոյտը ներառեց եւրոպական զանազան ոստաններ: Անոր մասնակիցները հաւաքուեցան  Մեծն  Բրիտանիա, ուր  ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը կազմակերպած էր թէ՛ գեղատեսիլ  վայրերու շրջագայութիւններ, թէ՛ յատուկ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին նաւապտոյտի  մասնակիցներն ու լոնտոնահայութիւնը հանդիպեցան իրարու:

Նախատեսուած ծրագրին համաձայն, նաւապտոյտը ճամբայ ելաւ Մեծն Բրիտանիոյ  Սաութհեմփթընի նաւահանգիստէն, անցաւ` Ֆրանսայի Փրովանսի շրջանէն, ապա Իտալիոյ  Ֆլորանս քաղաքէն, մայրաքաղաք Հռոմէն,  Քորսիքա կղզիի  Աժաքսիոյ քաղաքէն, ապա  Սպանիոյ Սեւիլիա քաղաքէն: Նաւապտոյտը իր գագաթնակէտին հասաւ Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, ուր նախապէս   կատարուած կարգադրութեան համաձայն,  հանրաշարժներ նաւապտոյտի մասնակիցները նախ տարին շրջագայութեան մը դէպի Լիզպոնի պատմական ու տեսարժան  վայրեր, ապա ուղղուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան թանգարանը: Այնտեղ մասնակից ները ընդունուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական ծրագիրներու  փոխ-տնօրէնին կողմէ: Տեղի ունեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործին մասին կարճ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւն, ապա մասնակիցները  շրջագայեցան թանգարանին մէջ, ընկերակցութեամբ անոր տնօրէնին, որ ո՛չ միայն սպառիչ պատասխաններ տուաւ  հարցումներուն, այլ բարձր գնահատեց հայկական խումբով «Կիւլպէնկեան» թանգարան այցելելու  ՀՕՄ-ի նախաձեռնութիւնը:

Լիզպոնէն ետք Սպանիոյ Վիկօ քաղաք տրուած  այցելութենէ մը ետք, զբօսանաւը վերադարձաւ  Մեծն Բրիտանիոյ Սաութհեմփթընի նաւահանգիստ, ուրկէ նաւապտոյտին մասնակիցները վերադարձան իրենց երկիրները, իրենց հետ տանելով ուրախ օրերու անմոռանալի յիշատակներ:

Նաւապտոյտի ընթացքին կազմակերպուեցան չորս հայկական երեկոներ ու խնճոյքներ, զորս խանդավառեց  Արթուր Աբգարեան` ընկերակցութեամբ  իր նուագախումբին: ՀՕՄ-ի  օրուան նշումի կողքին, ցուցադրուեցաւ  Պարետ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան  որբերը» ժապաւէնը:

Նաւապտոյտին մասին գնահատանքի խօսքերն ու ելեկտրոնային նամակները կը շարունակեն հասնիլ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական  վարչութեան:  «Հրաշալի ժամանակ անցուցինք  նաւապտոյտի ընթացքին եւ վստահաբար պիտի մասնակցինք յաջորդին»,- կ՛ըսէ մասնակիցներէն  մէկը: «Յատուկ շնորհակալութիւն` «Կիւլպէնկեան» թանգարանի այցելութիւնը կազմակերպելու համար, որ նաւապտոյտը հասցուց իր գագաթնակէտին»,  կը գրէ երկրորդ մը: «Ամէն ինչ սքանչելի կազմակերպուած էր, այս իմ առաջին մասնակցութիւնս էր ՀՕՄ-ի նաւապտոյտին, բայց հաստա՛տ վերջինը պիտի չըլլայ», կը գրէ երրորդ մը: «Յաջորդ  նաւապտոյտը ե՞րբ է.  անմիջապէս որ որոշէք, կը խնդրեմ` տեղեակ պահէք մեզ», կը գրէ ուրիշ մը:

«Շնորհակալ ենք նաւապտոյտի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք իրենց հաճելիին միացուցին օգտակարը` ՀՕՄ-ի այս նախաձեռնութեան մասնակցելով եւ իմանալով,  որ անոր հասոյթը պիտի յատկացուի միութեան բարեսիրական ծրագիրներու: Մեր գաղութներուն ապրած այսօրուան տագնապալի իրականութեան մէջ ՀՕՄ-ը կարիք ունի ամէն մէկ լումային կարենալ ծառայելու համար աշխարհի տարբեր  անկիւններու կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն», յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ ՀՕՄ-ի նաւապտոյտի պատասխանատու Շաքէ  Պասմաճեանը:

Յառաջիկայ ամիսներուն  ՀՕՄ-ը պիտի յայտարարէ իր կազմակերպելիք յաջորդ նաւապտոյտին մանրամասնութիւնները:

 

Նախորդը

2012-2013 Տարեշրջանը Սկսաւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցիչներու Եւ Անձնակազմի Ընդհանուր Ժողովով

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-ամեակ. Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանի Հայկական Ժայռապատկերներու Նուիրուած Գեղանկարչական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.