Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Մարոքի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ փոխադարձ դեսպանատուներու բացում կատարելու շուրջ:
Համաձայնութիւնը գոյացած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Նիւ Եորքի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ հանդիպումի ընթացքին:


