Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, որ այլեւս գործընկեր չի նկատեր Թուրքիան: Այս մասին ան խօսած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպումին ժամանակ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Ասատ յիշեցուցած է, որ Սուրիա պատրաստ եղած է քննարկելու պատերազմի դադրեցման ուղղուած բոլոր առաջարկները, հակառակ անոր որ նախապէս իմացած է, թէ անոնց մեծ մասը առաջադրուած է ոչ լաւ մտադրութիւններով:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին խօսելով ան նշած է, որ վերջինիս վարչակարգին կողմէ ահաբեկիչներու աջակցութեան բացայայտումէն ետք Էրտողան քաղաքական մուրացկանի դեր կը խաղայ:
«Ահա թէ ինչու Սուրիա անոր չի վստահիր եւ թրքական կողմը ո՛չ գործընկեր, ո՛չ ալ երաշխաւոր կը նկատէ», ըսած է Ասատ:
Սուրիոյ նախագահին համաձայն, միայն խօսքերով սուրիական տագնապի լուծման աջակցող երկիրներուն հետ ոչ մէկ համագործակցութիւն պիտի ըլլայ, ո՛չ անվտանգութեան, ո՛չ դեսպանատուներ բանալու հարցին մէջ, մինչեւ որ անոնք կտրեն ահաբեկչութեան հետ իրենց կապերը:
«Մենք մեր թշնամիներուն եւ հակառակորդներուն չենք արտօներ քաղաքականութեան ճամբով հասնելու հոն, ուր չեն յաջողած հասնիլ ահաբեկչութեան ճամբով», աւելցուցած է Ասատ:
«Սուրիոյ բարեկամներուն օժանդակութիւնը նպաստեց սուրիական պետութեան գոյատեւումին, իսկ պատմութիւնը տակաւին շատ պիտի գրէ Իրանի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մասին», յայտարարած է Ասատ:
«Սուրիոյ տիրողը Միջին Արեւելքի եւ որոշումներուն վրայ հսկայ ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Մենք այս պատերազմին գինը սուղ վճարեցինք, սակայն արեւմտեան ծրագիրը ձախողութեան մատնեցինք եւ պիտի շարունակենք հարուածել ահաբեկչութիւնը», ըսած է Սուրիոյ նախագահը: