Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Կէսօրին Ռուս-Թրքական Վեհաժողով` Քրեմլինի Մէջ. Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Թուրքիան Կը Մեղադրէ Իտլիպի Մէջ Միջազգային Օրէնքի Խախտման Մէջ

Մարտ 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ այսօր կէսօրին Քրեմլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուս-թրքական վեհաժողովը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երկու նիստերէ` սեղմ եւ ընդլայնուած:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողքին վեհաժողովին պիտի մասնակցին երկու երկիրներուն արտաքին ու պաշտպանութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ սուրիական թղթածրարին պատասխանատուները:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշենքով յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հարցով Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու այս 1,5 տարուան ընթացքին արդիւնքը այն է, որ սերտաճած են ահաբեկիչներն ու թրքական հսկողութեան կէտերը:

Ըստ անոր, Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ սուրիական բանակի պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք «Հայըաթ Թահրիր Շամ» (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») ահաբեկչական խմբաւորումը Հալէպէն ետ մղուած է անվտանգ հեռաւորութեան վրայ:

Ռուս զօրավարը յիշեցուց, որ 2018 թուականին ՄԱԿ-ն ու արեւմտեան շարք մը պետութիւններ ողջունած էին Սոչիի համաձայնագիրը, որուն հիմամբ Թուրքիոյ պարտականութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումները արտաքին սահմաններէն կտրելն էր` զանոնք սեղմելով 15-20 քիլոմեթր խորութեամբ, իսկ այնտեղ պէտք էր տեղակայուէր հրետանի:

«Ատոր փոխարէն անցած 18 ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի կողմէ ահաբեկչական յայտարարած «Հայըաթ Թահրիր Շամ», «Թուրքեստանի իսլամական կուսակցութիւն» եւ «Հորաս Տին» խմբաւորումները սեղմուեցան դէպի թրքական սահման», կը նշէ Քոնաշենքով:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիան Իտլիպի մէջ խախտած է միջազգային օրէնքը եւ այնտեղ մեծ թիւով զօրք տեղափոխած է, իսկ Արեւմուտքի մէջ ատիկա չեն նկատեր:

Ռուս զօրավարը նշեց, որ Դամասկոս Թուրքիոյ կողմէ կ՛ենթարկուի մեղադրանքներու տարափի, որոնք են` «զինուորական յանցագործութիւններ», «մարդասիրական աղէտ» եւ «գաղթականներու քանի մը միլիոնի հասնող հոսք»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ահաբեկիչները Սարաքեպի մէջ քիմիական զէնքով յարձակումի կը պատրաստուէին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հելսինքիի մէջ իր ֆին պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Եւրոպայի մէջ գաղթականներու տագնապի լուծման սիրոյն պիտի չդադրի Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելէ:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումին, ըսաւ. «Մեր նպատակը խաղաղ եւ քաղաքական լուծում գտնելն է»:

«Գարնան վահան» գործողութեան ծիրին մէջ մեր ազդուութիւնը կ՛ընթանայ ըստ որդեգրուած ծրագիրին, եւ մեր զինուորները քաջաբար կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն խնդրած է Իտլիպի մէջ գործողութեան համար Թուրքիոյ զինամթերք մատակարարել:

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Իտլիպի շրջանին մէջ Թուրքիոյ զինամթերք մատակարարել եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել:

Թրքական «Հապերսուլ» կայքը հաղորդեց, որ Իտլիպի մէջ թրքական բանակին կրած զգալի կորուստներուն պատճառով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 6,5 ժամ տեւողութեամբ փակ նիստ տեղի ունեցած է:

Նիստի ընթացքին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պատասխանած են երեսփոխաններու հարցումներուն: Փակ նիստին խորհրդարանական հինգ խմբակցութիւններու իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ 30 վայրկեան խօսքի ժամանակ ունեցած է: Նիստին հետեւած են Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ նկատուող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի:

Նիստին արձանագրութիւնները, իբրեւ պետական գաղտնիք, առնուազն 10 տարի հրապարակման ենթակայ պիտի չըլլան:

Նախորդը

«Իտլիպը Ահաբեկիչներէն Ազատագրելէ Ետք Սուրիոյ Արեւելքը Պիտի Ազատագրենք» Կ՛ըսէ Ասատ

Յաջորդը

Պայտըն «Հոյակապ Երեքշաբթի»-ի Ընթացքին Կարեւոր Յաղթանակներու Շարք Մը Կ՛արձանագրէ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?