Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրիա Սահմանապահ Ոստիկանութիւն Պիտի Ուղարկէ Յունաստան. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պատրաստ Է Յունաստանի Եւ Պուլկարիոյ Օգնելու` Պաշտպանելու Իրենց Սահմանները»

March 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսան պատրաստ է Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ աջակցելու` Եւրոպական Միութեան սահմանները գաղթականներէն պաշտպանելու համար:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիա Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի մէջ կացութեան սրումէն ետք յայտարարած էր, որ այլեւս անկարող է զսպել գաղթականներուն հոսքը եւ բացած էր Եւրոպական Միութեան հետ իր սահմանները:

Մաքրոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Լիակատար աջակցութիւն յայտնելով Յունաստանին եւ Պուլկարիոյ` Ֆրանսան պատրաստ է եւրոպական երկիրներուն գործնական օգնութիւն ցուցաբերելու սահմանները պաշտպանելու համար գործադրուող ջանքերուն: Մենք պէտք է միասնաբար գործենք, որպէսզի խուսափինք մարդասիրական եւ գաղթականական ճգնաժամէն»:

Յունաստան երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Պիտի պաշտպանենք մեր սահմանները եւ ապօրինի գաղթականները պիտի վերադարձնենք Թուրքիա»:

Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Քարլ Նեհամեր յայտարարեց, որ աւստրիական իշխանութիւնները կը պատրաստուին սահմանապահ ոստիկանութիւն ուղարկել Յունաստան` կասեցնելու համար գաղթականներուն հոսքը:

«Մենք պէտք է նպատակասլաց ջանքեր գործադրենք արտաքին սահմանին վրայ մարդիկը կանգնեցնելու համար», ըսած է Նեհամեր:

Անոր համաձայն, Յունաստանի անվտանգութեան ծառայութեան համար կը պահանջուի «որեւէ օգնութիւն` քատրային, նիւթական եւ ֆինանսական»:

Նեհամր նշեց, որ Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը այս պահուն կը պատրաստուի Յունաստան ուղարկել սահմանապահ ոստիկանութիւն: Ան աւելցուցած է, որ Աւստրիոյ սահմանին վրայ նոյնպէս կը պատրաստուին քայլեր, որոնց առնչութեամբ ան հանդիպում պիտի ունենայ հունգարացի իր պաշտօնակիցին հետ:

Կիրակի օր Յունաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն ետք կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փեթսաս յայտարարած էր, որ գաղթականներուն կապուած կացութիւնը «երկրին ազգային անվտանգութեան լուրջ, բացառիկ եւ անհամաչափ սպառնալիք կը ներկայացնէ»:

Նախքան այդ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ սահմանի բացումէն ետք զայն կտրած է աւելի քան 100.000 գաղթական:

 

Նախորդը

Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Ըստ Նախնական Արդիւնքներու` Նեթանիահու Յաղթական

Յաջորդը

Սուրիոյ Բանակը Սարաղեպը Վերստին Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.