Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ուիթքոֆ. «Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Վերջ Տալու Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու համար Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ: Նշենք, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալը նպատակ մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 14 ամիս առաջ իր պաշտօնի ստանձնման պահուն խոստացած էր իրագործել: Ուիթքոֆ յայտարարեց, որ Ֆլորիտայի մէջ երկու օր տեւած բանակցութիւնները կեդրոնացած են «բացերու յաւելեալ կրճատման...

Մաքրոն Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ  Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղէ

Մաքրոն Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղէ

Իրաքի Հըզպալլայի փաղանգները յայտարարեցին, որ հինգ օրով կ՛առկախեն Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ իրենց յարձակումները, սակայն պայմաններով: Իրաքի Հըզպալլայի փաղանգները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ իրենց պայմաններն են, որ Իսրայէլ դադրեցնէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բնակչութեան տեղահանումն ու ռմբակոծումը եւ յանձնառու դառնայ Պաղտատի եւ այլ նահանգներու մէջ բնակուած շրջանները չհրթիռակոծելու: Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու...

Ռիատի Մէջ Քառակողմ Հանդիպում

Ռիատի Մէջ Քառակողմ Հանդիպում

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանը Ռիատի մէջ  արաբական եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով խորհրդակցական ժողովի ծիրին մէջ համակարգումի ժողով մը գումարեց Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ քառակողմ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է «շրջանին մէջ իրանեան մագլցումը եւ շրջանին...

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Ահաբեկչութեան  Թիւ Մէկ Հովանաւոր Իրանը Բեմէն Հեռացնելու»

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Ահաբեկչութեան Թիւ Մէկ Հովանաւոր Իրանը Բեմէն Հեռացնելու»

Ամերիկեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ Հորմուզի ռազմավարական նեղուցին մօտ իրանեան հականաւային հրթիռներու դիրքերը հարուածած է` օգտագործելով պատնէշները խոցող ռումբեր, որոնք ամերիկեան զինանոցին մէջ հզօրագոյններէն են: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշեց, որ Հորմուզի նեղուցին մօտ իրանեան ծովեզերքին վրայ իրանեան հրթիռներու դիրքերուն դէմ 5000 թոն կշռող ռումբեր օգտագործած է: «Այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իրանեան «Քրուզ» հրթիռները նեղուցին մէջ միջազգային նաւարկումին վտանգ...

Զելենսքի. «Միջին Արեւելքի Պատերազմը  Կրնայ Ուքրանիան Ձգել Առանց Հակաօդային  Պաշտպանութեան Հրթիռներու  Հայթայթման Աղբիւրներու»

Զելենսքի. «Միջին Արեւելքի Պատերազմը Կրնայ Ուքրանիան Ձգել Առանց Հակաօդային Պաշտպանութեան Հրթիռներու Հայթայթման Աղբիւրներու»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նախազգուշացուցած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը կրնայ Ուքրանիան ձգել առանց հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու հայթայթման աղբիւրներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: «Մենք կրնանք յայտնուիլ կացութեան մը մէջ, երբ դժուարութիւններ պիտի ունենանք մեր երկինքը պաշտպանելու համար հրթիռներ եւ զէնքեր ձեռք բերելու հարցին մէջ: Անոնք ամերիկացիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն կրնան անհրաժեշտ ըլլալ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար, օրինակ` «Փաթրիոթ»...

Պայրամովի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին  Արաղչի. «Որեւէ Երկիր Պէտք Չէ Արտօնէ,  Որ Իր Տարածքն Ու Ենթակառոյցները  Օգտագործուին Դրացիներուն Դէմ»

Պայրամովի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Արաղչի. «Որեւէ Երկիր Պէտք Չէ Արտօնէ, Որ Իր Տարածքն Ու Ենթակառոյցները Օգտագործուին Դրացիներուն Դէմ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Թեհրան իրաւունք ունի յարձակելու որեւէ երկրի վրայ, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին տարածք տրամադրած է Իրանի վրայ յարձակումի համար: «Միջազգային օրէնքին համաձայն, որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի իր տարածքն ու կառոյցները այլ պետութիւններու տրամադրելու` յարձակողական գործողութիւններու համար»,...

Թրամփ. «Քուպան Կ՛ուզէ Միացեալ  Նահանգներու Հետ Գործարք Կնքել»

Թրամփ. «Քուպան Կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Գործարք Կնքել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Քուպան յոյս ունի «գործարք» մը կնքել, որ կրնայ տեղի ունենալ «բաւական արագ»: «Քուպան նոյնպէս կ՛ուզէ գործարք կնքել, եւ ես կը կարծեմ, որ մենք շատ շուտով կա՛մ գործարք պիտի կնքենք, կա՛մ պիտի ընենք այն, ինչ  որ պէտք է ընենք», լրագրողներուն ըսաւ Թրամփ: «Այսպիսով, մենք կը խօսինք Քուպայի հետ, սակայն մենք Քուպայէն առաջ Իրանի...

Թրամփ. «Պատերազմը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Թրամփ. «Պատերազմը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէի արտաքին քաղաքականութեան նիստի ընթացքին մերժեց Ամերիկայի հետ լարուածութեան մեղմացման կամ խաղաղութեան առաջարկները»: «Ան արտաքին քաղաքականութեան նիստի ընթացքին ըսաւ, որ ժամանակը խաղաղութեան համար յարմար չէ, եւ պէտք է Ամերիկան ու Իսրայէլը պարտութեան մատնել, անոնք պէտք է մեզի փոխհատուցում վճարեն», նշեց պաշտօնատարը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց Հորմուզի...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիան Կը Դատապարտէ Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Ցամաքային Զինուորական Գործողութիւնը

Թուրքիան խստօրէն դատապարտած է Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ցամաքային զինուորական գործողութիւնը` զգուշացնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ կրնայ «յաւելեալ մարդասիրական աղէտ մը» տեղի ունենալ: «Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւնը, որ աւելի կը խորացնէ տարածաշրջանի անկայունութիւնը», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Անգարան կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան կողմէ իրականացուող «ցեղասպանական եւ հաւաքական պատիժի քաղաքականութիւնը»,...

Սիարթօ. «Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է  15 Ապրիլին Հրապարակել Ռուսական  Քարիւղէն Հրաժարելու Ծրագիրը»

Սիարթօ. «Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է 15 Ապրիլին Հրապարակել Ռուսական Քարիւղէն Հրաժարելու Ծրագիրը»

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները պատրաստած են ռուսական քարիւղի ամբողջական արգելքի մասին որոշումը, որ կ՛ուզեն հրապարակել 15 ապրիլին` Հունգարիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք օր ետք: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ: Հունգարական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի գլխաւորած կառավարութիւնը յոյս ունի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրել եւ շարունակել պայքարը Պրիւքսելի այս...

Եւրոպական Միութեան Նախարարական  Հանդիպումները Յառաջիկայ Ամիսներուն  Տեղի Պիտի Ունենան Կիպրոսի Մէջ

Եւրոպական Միութեան Նախարարական Հանդիպումները Յառաջիկայ Ամիսներուն Տեղի Պիտի Ունենան Կիպրոսի Մէջ

Հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի պատճառով յառաջացած անորոշութեան, Եւրոպական Միութեան նախարարական հանդիպումները յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի մէջ: Կիպրոս, որ ներկայիս ստանձնած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, այս ամսուան համար նախատեսուած ոչ պաշտօնական հանդիպումներ տեղափոխած էր առցանց ձեւաչափի, որոշ հանդիպումներ ալ յետաձգած էր` մարտի սկիզբին կղզիի մէջ գտնուող բրիտանական ռազմակայաններուն վրայ կատարուած յարձակման պատճառով: «Ամէն ինչ լիովին վերադարձած է...

Փեսքով. «Թրամփի Զելենսքիին Գործարքի Դիմելու  Կոչերը Կը Հաստատեն, Որ Ինքնին Ուքրանական  Կողմն Է Հակամարտութեան Լուծման  Հոլովոյթի Հիմնական Արգելքը»

Փեսքով. «Թրամփի Զելենսքիին Գործարքի Դիմելու Կոչերը Կը Հաստատեն, Որ Ինքնին Ուքրանական Կողմն Է Հակամարտութեան Լուծման Հոլովոյթի Հիմնական Արգելքը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Վոլոտիմիր Զելենսքիին ուղղած կոչերը` դիմելու գործարքի, կը հաստատեն, որ ինքնին ուքրանական կողմն է հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթի հիմնական արգելքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Լրագրողները Փեսքովին հարցուցած են, թէ արդեօք Քրեմլինի մէջ տեսա՞ծ են «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթի հրապարակումները, թէ Ուքրանիոյ հարցով խաղաղ հոլովոյթը սառեցուած է, որովհետեւ Թրամփ...

Փահլեւի Ներկայացուցած Է  «Անցումային Իրան»-ի  Հինգ Տնտեսական Նպատակները

Փահլեւի Ներկայացուցած Է «Անցումային Իրան»-ի Հինգ Տնտեսական Նպատակները

Իրանի վերջին շահի որդի Ռեզա Փախլեւին ներկայացուցած է «անցումային Իրան»-ի հինգ տնտեսական նպատակները: Փահլեւի տեսաուղերձի մէջ յայտարարած է, որ անցումային իշխանութիւնները պիտի ազատագրեն Իրանի տնտեսութիւնը զինուորական եւ կիսազինուորական խմբաւորումներու, ինչպէս նաեւ տնտեսական յանցագործներու վերահսկողութենէն: «Բռնագրաւուած կամ գողցուած ազգային հարստութիւնը պիտի վերադարձուի եւ պիտի փոխանցուի Իրանի քաղաքացիներուն: Պետական ներուժը կը նախատեսուի վերաուղղել օտարերկրեայ զինեալ խմբաւորումներու ֆինանսաւորումէն դէպի երկրի ենթակառոյցներու, մասնաւորապէս` ջրամատակարարման,...

Թրամփ. «Իրանի Պատերազմին  Վերջ Տալու Չեմ Պատրաստուիր»

Թրամփ. «Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Չեմ Պատրաստուիր»

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ երկուշաբթի գիշեր թիրախային հարուած հասցնելով` ոչնչացուցած է Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ գտնուող այն օդանաւը, որ կ՛օգտագործուէր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին կողմէ: «Օդանաւը կ՛օգտագործուէր իրանեան ահաբեկչական վարչակազմի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ իրանցի զինուորականներու կողմէ` զինուորական գնումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ ներքին ու միջազգային թռիչքներու միջոցով դիմադրութեան դաշնակից երկիրներու հետ համակարգումը ապահովելու նպատակով», գրուած...

Փարիզի Մէջ Ընթացք Առաւ Եզիտիներու  Ցեղասպանութեան Առնչուած  Առաջին Դատավարութիւնը

Փարիզի Մէջ Ընթացք Առաւ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Առնչուած Առաջին Դատավարութիւնը

Երէկ Փարիզի մէջ ընթացք առաւ ի բացակայութեան դատավարութիւնը Սուրիոյ մէջ եզիտիներու դէմ ցեղասպանութեան մասնակցութեամբ կասկածուող անձի մը, որ ֆրանսացի ժիհատական Սապրի Սայէտն է, որ կը կարծուի սպաննուած ըլլալ: Ֆրանսայի մայրաքաղաքի քրէական դատարանը հինգ օր տեւողութեամբ պիտի դատէ 1984-ին Ֆրանսայի հարաւային Թուլուզ քաղաքին մէջ ծնած Սայէտը` ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար եւ 2014-էն 2016-ի միջեւ գործուած այդ ոճիրներու մեղսակցութեան համար: Եզիտի...

Քաց. «Հակամարտութիւնը  Մուտք Կը Գործէ Վճռական Փուլ»

Քաց. «Հակամարտութիւնը Մուտք Կը Գործէ Վճռական Փուլ»

Մինչ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը մուտք գործեց իր երրորդ շաբաթը, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ վկայակոչելով յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող վառելանիւթի մատակարարման հինգ օդանաւեր Սէուտական Արաբիոյ օդուժի «Ամիր Սուլթան» ռազմակայանին մէջ հարուածի թիրախ դառնալով վնասուած են: Օդանաւերը վնասուած են, երբ վերջին օրերուն սէուտական ռազմակայանը Իրանի կողմէ հրթիռակոծուած է: Նշեալ օդանաւերը վնասուած են, սակայն ամբողջովին չեն ջախջախուած,...

Ֆիտան. «Նեթանիահուի Կառավարութեան` Լիբանանի Մէջ  Հըզպալլայի Դէմ Պայքարի Պատրուակով Կատարած  Ցեղային Մաքրագործման Փորձով Մտահոգ Ենք»

Ֆիտան. «Նեթանիահուի Կառավարութեան` Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Դէմ Պայքարի Պատրուակով Կատարած Ցեղային Մաքրագործման Փորձով Մտահոգ Ենք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Պատերազմը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ դադրի, եւ անհրաժեշտ է, որ կողմերը բանակցութեան սեղան վերադառնան»: «Հիմա պայմանները այնքան ալ նպաստաւոր չեն դիւանագիտութեան համար: Իրանցիները իրենք զիրենք դաւաճանուած կը զգան», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ երկիրը, բայց եւ այնպէս, դրական տրամադրուած է «ոչ պաշտօնական ուղիներով» որեւէ խելամիտ դիւանագիտութեան համար: «Մտահոգ ենք, որ այս զարգացումները...

Քրեմլին Ֆրանսացի Պատուիրակի Մը  Մոսկուա Այցելութիւնը Կը Բացայայտէ

Քրեմլին Ֆրանսացի Պատուիրակի Մը Մոսկուա Այցելութիւնը Կը Բացայայտէ

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ մը այցելած է Ռուսիա` «Ուքրանիոյ շուրջ երկխօսութեան» ծիրին մէջ: Փեսքով այս մասին յայտնեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին: «Ան իրեն հետ որեւէ դրական ցուցանիշ չբերաւ», նշեց ան: Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտնեց. «Եւրոպացիները չեն ուզեր խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցիլ: Երբ ֆրանսացի պատուիրակը հասաւ, իրեն հետ որեւէ դրական ցուցանիշ չբերաւ, այդ պատճառով ալ ինք եւս որեւէ...

Մերց Եւ Եւրոպացի Ղեկավարները Կը Պահանջեն  Արգիլել Ռուսիոյ Զինուորական Յատուկ  Գործողութեան Մասնակիցներու  Եւրոպական Միութիւն Մուտքը

Մերց Եւ Եւրոպացի Ղեկավարները Կը Պահանջեն Արգիլել Ռուսիոյ Զինուորական Յատուկ Գործողութեան Մասնակիցներու Եւրոպական Միութիւն Մուտքը

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիք Մերց եւ Եւրոպական Միութեան եօթը այլ երկիրներու ղեկավարներ պահանջած են ուսումնասիրել Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութեան մասնակիցներու` Եւրոպական Միութիւն մուտքի արգելքի կարելիութիւնը: «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոսթային ուղղուած նամակին մէջ անոնք պնդած են, թէ Ռուսիոյ յատուկ զինուորական գործողութեան մասնակիցներուն Շենկենեան գօտի հաւանական մուտքը ներքին անվտանգութեան...

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանը  Ուժեղ Կերպով Պիտի Հարուածենք»

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանը Ուժեղ Կերպով Պիտի Հարուածենք»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ ամերիկեան ծովուժի «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրը հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի ենթարկուելէ ետք մեծ վնասներ կրած է եւ «այժմ դէպի Ամերիկա կը հեռանայ»: Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան քարիւղի մատակարարման օդանաւ մը Իրաքի արեւմուտքին մէջ հարուածուած է օդային պաշտպանութեան համակարգերով, այդ պատճառով ալ ջախջախուած է, եւ անոր բոլոր անդամները սպաննուած են:...

Page 31 of 881 1 … 30 31 32 … 881

Արխիւներ