Միջազգային

Քնեսեթը Որդեգրեց Ահաբեկչութեան Մէջ  Մեղադրուող Պաղեստինցիները Մահապատիժի  Ենթարկելու Օրինագիծ

Քնեսեթը Որդեգրեց Ահաբեկչութեան Մէջ Մեղադրուող Պաղեստինցիները Մահապատիժի Ենթարկելու Օրինագիծ

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, որդեգրած է հակասական եւ միակողմանի օրինագիծ մը, որ զինուորական դատարաններուն կը հրահանգէ մահապատիժ սահմանել այն պաղեստինցիներուն նկատմամբ, որոնք դատապարտուած են «ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով» իսրայէլացիներու սպանութեան համար, սակայն նոյն պատժաչափը չի սահմաներ պաղեստինցիներու սպանութեան համար դատապարտուած հրեայ իսրայէլացիներու դէմ: Այս մասին կը գրէ «Ժազիրա»-ն: Օրէնքը, որ ուժի մէջ կը մտնէ 30 օրուան ընթացքին, երկուշաբթի օր հաստատուած է 120...

Միացեալ Նահանգներ Պատերազմի  Աւարտի՞ն Կը Մօտենան

Միացեալ Նահանգներ Պատերազմի Աւարտի՞ն Կը Մօտենան

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին) ժողովուրդին պիտի յղէ ուղերձ մը` ներկայացնելու համար «Իրանի վերաբերեալ կարեւոր թարմացում մը»: Թրամփ այդ ուղերձէն ժամեր առաջ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «շատ շուտով», «երկու կամ երեք շաբաթէն» պիտի հեռանան Իրանէն, անկախ...

Թրամփ. «Լրջօրէն Կը Մտածեմ ՕԹԱՆ-էն  Հեռանալու Մասին

Թրամփ. «Լրջօրէն Կը Մտածեմ ՕԹԱՆ-էն Հեռանալու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած է, թէ լրջօրէն կը մտածէ Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-էն հեռացնելու մասին` նշելով. «Միշտ ալ գիտէի, թէ ՕԹԱՆ-ը թուղթէ վագր է»: «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան համաձայնութենէն հեռանալու հարցը վերատեսութեան փուլէն անդին անցաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ երկար ատենէ ի վեր կասկածներ ունեցած է ՕԹԱՆ-ի հաւաստիութեան վերաբերեալ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատերազմէն ետք...

Թրամփ. «Իրանի Վրայ Յաղթանակ  Յայտարարելու Համար Շատ Բան Չմնաց»

Թրամփ. «Իրանի Վրայ Յաղթանակ Յայտարարելու Համար Շատ Բան Չմնաց»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին պատճառով օդանաւերու վառելանիւթ ստանալ չկարողացող Բրիտանիոյ պէս պետութիւնները պէտք է զայն մեզմէ գնեն»` աւելցնելով. «Այն պետութիւնները, որոնք չեն կրնար վառելանիւթ ստանալ, պէտք է քաջութիւն ունենան, Հորմուզի նեղուց երթան եւ զայն գրաւեն»: «Իրան մեծապէս քանդուեցաւ, եւ դժուար բաժինը աւարտեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վառելանիւթի պակասէ տառապող պետութիւննե՛ր, գացէ՛ք եւ ձեր քարիւղը անձամբ առէք»: «Միացեալ...

Թրամփ. «Այս Շաբաթ Իրանի Հետ Գործարք  Կնքելու Կարելիութիւն Կայ»

Թրամփ. «Այս Շաբաթ Իրանի Հետ Գործարք Կնքելու Կարելիութիւն Կայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի օր յայտարարեց, թէ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմը փոփոխութիւն յառաջացուց իրանեան վարչակարգին մէջ` նոյն ատեն պնդելով, որ իրանցիներուն հետ «համաձայնութիւն մը» պիտի կնքէ: Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ անոնց հետ համաձայնութիւն պիտի կնքենք, ատկէ վստահ եմ: Սակայն վարչակարգին մէջ փոփոխութիւն մը տեսանք»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս շաբաթ Իրանի հետ համաձայնութիւն մը կը...

Երուսաղէմի Մէջ Սուրբ Լոյսի Իջման Արարողութիւնը Պիտի Կատարուի  Առանց Ուխտաւորներու

Երուսաղէմի Մէջ Սուրբ Լոյսի Իջման Արարողութիւնը Պիտի Կատարուի Առանց Ուխտաւորներու

Զատկուան եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնները, ներառեալ` Սուրբ Լոյսի իջման արարողութիւնը Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ Աւագ Շաբաթ օրը` ապրիլ 11-ին, ապահովական նկատառումներէ մեկնելով պիտի կատարուին սահմանափակ ձեւաչափով: Երուսաղէմի Հին քաղաքի սրբավայրերը փակ պիտի մնան ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար: Այս մասին կը նշէ «Ռիա Նովոստի»-ն: Այս առիթով հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Երուսաղէմի շրջանի ոստիկանութիւնը 30 մարտի առաւօտեան հանդիպում ունեցած...

«Քուպան Ձախողած Պետութիւն Է,  Եւ Պիտի Ըլլայ Յաջորդը»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Քուպան Ձախողած Պետութիւն Է, Եւ Պիտի Ըլլայ Յաջորդը» Կ՛ըսէ Թրամփ

«Քուպան ձախողած պետութիւն է, եւ պիտի ըլլայ յաջորդը», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը: «Քուպան պիտի ըլլայ յաջորդը: Անիկա ձախողած պետութիւն է, եւ անոնք պիտի ըլլան յաջորդը: Երկիրը կարճ ժամանակ ետք պիտի փլուզուի: Եւ մենք պիտի ըլլանք անոնց կողքին` օգնելու համար: Մենք պիտի ըլլանք կողքին` օգնելու մեր մեծ թիւով քուպայական ծագումով ամերիկացիները, զորս Քուպայէն վտարած են: «Բազմաթիւ պարագաներու անոնց...

«Էֆ.Էս.Պի.»-ն Բրիտանացի Դիւանագէտ  Ռենսպըրկի Մօտ Հետախուզական  Գործունէութեան Փաստեր Յայտնաբերած Է

«Էֆ.Էս.Պի.»-ն Բրիտանացի Դիւանագէտ Ռենսպըրկի Մօտ Հետախուզական Գործունէութեան Փաստեր Յայտնաբերած Է

Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային գրասենեակի` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի աշխատակիցները Բրիտանիոյ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Եանսէ վան Ռենսպըրկի մօտ հետախուզական գործունէութեան փաստեր յայտնաբերած են. ան զրկուած է հաւատարմագրումէն, անոր հրահանգուած է երկու շաբթուան ընթացքին լքել Ռուսիան: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են «Էֆ.Էս.Պի.»-էն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Ռուսիան անմիջապէս պիտի պատասխանէ, եթէ Բրիտանիան Մոսկուայի բրիտանական դեսպանատան աշխատակիցը հաւատարմագրումէն զրկուելէն ետք մագլցումի...

«Ուքրանիոյ Վերաբերեալ  Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան»  Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Նախագահը

«Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան» Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Նախագահը

Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթոփ մտավախութիւն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու` Ուքրանիոյ վերաբերեալ վարած բանակցութիւնները հասած են անել կացութեան: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ-ն: «Ատոր պատճառը կրնայ ըլլալ Իրանի մէջ պատերազմը, որ մեծապէս ուշադրութիւն կը շեղէ Ուքրանիոյ պատերազմէն, սակայն նաեւ հաւանական է, որ բանակցութիւնները հասած են անելի, եւ այլեւս որեւէ յառաջընթաց չ՛արձանագրուիր», ըսաւ ան: «Կը կարծեմ, թէ ամերիկացի բանագնացները իրենց առաւելագոյն ջանքը թափեցին,...

Չինաստանի Նախագահը Թայուանի  Ընդդիմութեան  Ղեկավարը Հրաւիրեց Չինաստան

Չինաստանի Նախագահը Թայուանի Ընդդիմութեան Ղեկավարը Հրաւիրեց Չինաստան

Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ Թայուանի ընդդիմադիր Քումինթանկ կուսակցութեան ղեկավարը հրաւիրեց ապրիլին Չինաստան այցելելու: Այս մասին հաղորդեցին չինական պետական լրատուամիջոցներն ու թայուանական կուսակցութիւնը: Քումինթանկ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, հաստատեց չինական «Շինխուա» լրատու գործակալութեան հաղորդած լուրը, նաեւ հաղորդած, թէ` Քումինթանկի ղեկավար Չանք Լի Ուոն «ուրախութեամբ ընդունած է» հրաւէրը պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով Չինաստան այցելելու «նեղուցի երկու ափերուն միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ զարգացումը ամրապնդելու համար»:

Քալիպաֆ. «Թշնամին Հրապարակաւ Բանակցութեան  Պատգամներ Կը Յղէ, Եւ Գաղտնաբար  Ցամաքային Յարձակում Կը Ծրագրէ»

Քալիպաֆ. «Թշնամին Հրապարակաւ Բանակցութեան Պատգամներ Կը Յղէ, Եւ Գաղտնաբար Ցամաքային Յարձակում Կը Ծրագրէ»

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր օգնականներուն ըսած է, թէ կ՛ուզէ անվերջ պատերազմէ խուսափիլ եւ բանակցուած ելք մը գտնել: Պաշտօնատարը նշած է, որ Թրամփ իր օգնականները յորդորած է ապահովելու, որ թշնամական արարքներու տեւողութիւնը 4-էն 6 շաբթուան միջեւ ըլլայ: Թրամփ սպառնացած է զինուորական աւելի մեծ մագլցումի դիմել, եթէ Իրանի հետ բանակցութիւնները...

Նեպիլ Ֆահմի Միաձայնութեամբ Առաջադրուեցաւ  Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին

Նեպիլ Ֆահմի Միաձայնութեամբ Առաջադրուեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի նախարարներու մակարդակով խորհուրդի ժողովի ընթացքին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախկին նախարար Նեպիլ Ֆահմին միաձայնութեամբ առաջադրեցին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին: Գործող ընդհանուր քարտուղար եգիպտացի Ահմետ Ապուլ Ղէյթի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի յունիս 2026-ին, իսկ Ֆահմի, յառաջիկայ Արաբական վեհաժողովին կողմէ իր թեկնածութեան վերջնական վաւերացումէն ետք, իր պաշտօնը կը ստանձնէ յուլիս 2026-ին: Ան Եգիպտոսի արտաքին գործոց...

Զելենսքի. «Ուաշինկթըն Ապահովական  Երաշխիքները Ուքրանիոյ Տոնպասը  Ռուսիոյ Զիջելուն Կը Կապէ»

Զելենսքի. «Ուաշինկթըն Ապահովական Երաշխիքները Ուքրանիոյ Տոնպասը Ռուսիոյ Զիջելուն Կը Կապէ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան համաձայնութեան համար իրենց կողմէ ապահովական երաշխիքներու տրամադրումը պայմանաւորեցին Քիեւի Տոնպասի շրջանը ամբողջութեամբ Ռուսիոյ զինջելով: Զելենսքի նշեց, որ Միացեալ Նահանգները ներկայիս կեդրոնացած են Իրանի հետ իրենց հակամարտութեան վրայ, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնէ` փորձելով արագացնել չորս տարի առաջ սկսած պատերազմի...

Մինչ Թրամփ Համաձայնութեան Գոյացման  Պայմանաժամը 10 Օրով Կ՛երկարաձգէ.  Նեթանիահու. «Փոփոխութիւնը Որոշ  Համեմատութեամբ Դէպի Աւելի Լաւ Պիտի Ըլլայ,  Սակայն Ոչ Զգետնիչ Հարուածի Ճամբով»

Մինչ Թրամփ Համաձայնութեան Գոյացման Պայմանաժամը 10 Օրով Կ՛երկարաձգէ. Նեթանիահու. «Փոփոխութիւնը Որոշ Համեմատութեամբ Դէպի Աւելի Լաւ Պիտի Ըլլայ, Սակայն Ոչ Զգետնիչ Հարուածի Ճամբով»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի ուշ գիշերին յայտարարեց, որ յաւելեալ 10 օրով` մինչեւ 6 ապրիլ պիտի  յետաձգէ իրանեան ուժանիւթի կայաններուն եւ ենթակառոյցներուն դէմ հարուածները, ըստ անոր` խնդրանքովը իրանեան կողմին, որուն հետ «բանակցութիւնները շատ լաւ կ՛ընթանան»: Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին համաձայն. «Թրամփ համաձայնութիւն գոյացնելու պայմանաժամը երկարաձգեց, երբ մտավախութիւնները յանգեցուցին բաժնետոմսերու կտրուկ անկման «Ուոլ Սթրիթ»-ի մէջ, որ հակամարտութենէն ի վեր իր...

Իսլամապատ. «Փաքիստանի Ճամբով  Միացեալ Նահանգներ-Իրան Անուղղակի  Բանակցութիւններ»

Իսլամապատ. «Փաքիստանի Ճամբով Միացեալ Նահանգներ-Իրան Անուղղակի Բանակցութիւններ»

Շրջանային աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իրան պատերազմի աւարտը կապեց Հըզպալլայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցման: Աղբիւրները նշած են, որ Իրան միջնորդներուն յայտնած է, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը ներառել Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ զինադադարի որեւէ համաձայնութեան մէջ: Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրանի գործակատարներու աշխատանքին վերջ տալն ու Հըզպալլան զինաթափելը Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան երաշխաւորման...

Սահեր Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Օրինակով  Բոլոր Երկիրներէն Վտարելու Իրանի Դեսպանները

Սահեր Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Օրինակով Բոլոր Երկիրներէն Վտարելու Իրանի Դեսպանները

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր բոլոր պետութիւններուն կոչ ուղղեց` Իրանի դեսպանները վտարելու: Ան այս կոչը ուղղեց` Իսրայէլի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն զեկուցման նիստի մը ընթացքին: Սահեր յայտարարեց. «Քիչ առաջ Իսրայէլի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն զեկուցման նիստի ընթացքին անոնց պետութիւններուն կոչ ուղղեցի` Իրանի դեսպանները իրենց հողերէն վտարելու, ինչպէս Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ պիտի կատարէ»: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ...

Ուրալօղլու. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը,  Պատրաստ Պիտի Ըլլայ 4-5 Տարիներու Ընթացքին»

Ուրալօղլու. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը, Պատրաստ Պիտի Ըլլայ 4-5 Տարիներու Ընթացքին»

«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պատրաստ պիտի ըլլայ 4-էն 5 տարիներու ընթացքին», յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Անոր համաձայն, «այդ միջանցքը ուղղակի կապ պիտի հանդիսանայ թրքական աշխարհի (պետութիւններուն) միջեւ»: Թուրք նախարարը ըսած է, որ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող հատուածին մէջ աշխատանքները գրեթէ աւարտած են: «Մեր տարածքին մէջ գտնուող 224 քիլոմեթրնոց ճամբու հատուածին մէջ աշխատանքները արդէն իսկ...

Փաքիստան Պատրաստ Է Իրան- Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները  Հիւրընկալելու

Փաքիստան Պատրաստ Է Իրան- Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները Հիւրընկալելու

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ նշեց. «Փաքիստան կ՛ողջունէ եւ լիարժէք կերպով կ՛աջակցի ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տալու նպատակով շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս խաղաղութեան ու անվտանգութեան ծառայող երկխօսութիւն կատարելու համար թափուող ջանքերուն»: «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հաւանութեան պարագային Փաքիստան ամբողջովին պատրաստ է եւ պատիւը կ՛ունենայ հիւրընկալելու նպատակաուղղուած եւ վերջնական բանակցութիւններ ընթացող հակամարտութեան համապարփակ լուծումի հասնելու համար»: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը...

Իրան ՄԱԿ-Ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Հրատապ Նիստ Կը Պահանջէ

Իրան ՄԱԿ-Ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Հրատապ Նիստ Կը Պահանջէ

Իրան կը խնդրէ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի հրատապ նիստ կայացնել դպրոցի վրայ օդային յարձակման նիւթով: «Գործող դպրոցի վրայ յարձակումը լրջագոյն յանցանք է երեխաներու, կրթութեան եւ ամբողջ համայնքի ապագայի հանդէպ», ըսած է ՄԱԿ-ի ժընեւեան կառոյցին մէջ Իրանի դեսպան Ալի Պահրէյնի` խորհուրդի նախագահին ուղղուած 23 մարտի նամակին մէջ:

Թրամփ Կը Խօսի Իրանի Հետ «Լաւ»  Եւ «Չափազանց Արդիւնաւէտ»  Բանակցութիւններու Մասին

Թրամփ Կը Խօսի Իրանի Հետ «Լաւ» Եւ «Չափազանց Արդիւնաւէտ» Բանակցութիւններու Մասին

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց. «Նախագահ Թրամփին պատերազմի սկիզբին ներկայացուցած նպատակները չքացան եւ վերածուեցան «քարիւղի ազատագրում»-ի»: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Իրանեան վարչակարգի ներսէն փուլ գալու վերաբերեալ Մոսատի խոստումները առանց իրագործելու պատերազմի սկիզբէն երեք շաբաթ անցնելէն ետք Նեթանիահուի գրասենեակին մէջ յուսախաբութիւն կը տիրէ»: Օրաթերթը նաեւ կը գրէ. «Նեթանիահու յաջողեցաւ Թրամփը համոզել, թէ Իրանի մէջ «ժողովրդային յեղափոխութիւն»-ը իրատեսական նպատակ մըն...

Page 30 of 881 1 … 29 30 31 … 881

Արխիւներ